ԱՆԳԼԻԱ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ
Միջազգային իրադարձութիւններու լոյսին տակ Ռուսաստանի եւ արեւմտեան երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան խորացման միտումը կը շարունակուի։ Լոնտոնի ղեկավարութիւնը սկսած է բարձր մակարդակի սպառնալիք դասել Մոսկուան։ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի կողմէ յառաջիկայ 23 Նոյեմբերին պիտի հրապարակուի երկրի ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւնը, որուն շրջագծով Ռուսաստան բարձր մակարդակով սպառնալիք կը համարուի՝ Սուրիոյ եւ Ուքրայնոյ ներքին պատերազմներուն բերումով։
«Թայմզ» անգլիական թերթի հաղորդումներով, Անգլիա հինգ տարին անգամ մը կը կատարէ ռիսքի վերլուծումներ եւ 2010 թուականի վերլուծման արդիւնքներուն մէջ Ռուսաստան տեղ չունէր։ Այժմ, կը պանդուի, որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին բարձրացած է Ռուսաստանի յարձակողականութիւնը։
Հարկ է նշել, որ միջոցէ մը ի վեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական կամ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ յաճախ կը բարձրաձայնեն, թէ սպառնալիք կը համարեն Ռուսաստանը։