ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին հեր­թա­կան նիս­տը։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ քննար­կուե­ցան բազ­մա­կող­մա­նի խնդիր­ներ։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան սու­րիա­հա­յոց մաս­նա­գի­տա­կան վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ աշ­խա­տան­քի տե­ղա­ւոր­ման, ա­ջակ­ցու­թեան ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րուն շուրջ խնդիր­ներ։

Սու­րիա­հա­յե­րու մաս­նա­գի­տա­կան վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ աշ­խա­տան­քի տե­ղա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կա­տուու­թիւն ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի Աշ­խա­տան­քի եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թեան ա­ռըն­թեր Զբա­ղուա­ծու­թեան պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան պետ Ար­տակ Ման­կա­սա­րեան։ Այս վերջ­նոյն մա­տու­ցած տուեալ­նե­րով, 2013-2015 թուա­կան­նե­րուն ի­րենց շրջա­նա­յին կեդ­րոն­նե­րուն ջան­քե­րով հա­րիւ­րա­ւոր սու­րիա­հա­յեր տե­ղա­ւո­րուե­ցան աշ­խա­տան­քի։ Այդ բո­լո­րի ար­դիւն­քին մեծ­ցած է զբա­ղուա­ծու­թեան կեդ­րոն­նե­րէն ներս հա­շուա­ռուած եւ զբա­ղուա­ծու­թեան կար­գա­ւոր­ման պե­տա­կան ծրագ­րե­րուն մէջ ընդգր­կուած սու­րիա­հա­յոց թի­ւը։

«Ա­ռա­քե­լու­թիւն Հա­յաս­տան» հա­սա­րա­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր նա­խա­գահ Հռիփ­սի­մէ Կի­րա­կո­սեանն ալ զե­կու­ցում մը ներ­կա­յա­ցուց սու­րիա­հա­յոց ա­ջակ­ցու­թեան ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րուն շուրջ։ Ան ընդգ­ծեց, թէ ի­րենց կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ըստ էու­թեան կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ բնա­կա­րա­նա­յին վար­ձե­րու մաս­նա­կի փոխ­հա­տու­ցում, դրա­մա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն, ըն­կե­րա­յին տու­նե­րու տրա­մադր­ման ծրագ­րեր, ո­րոնց­մէ օգ­տուած են ու տա­կա­ւին կ՚օգ­տուին տաս­նեակ սու­րիա­հա­յեր։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց պե­տու­թեան, նաեւ մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծին կող­մէ սու­րիա­հա­յոց ի նպաստ բազ­մա­կող­մա­նի օգ­նու­թիւ­նը։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ բնա­կա­րա­նի, բնա­կա­րա­նի վար­ձի եւ աշ­խա­տանք գտնե­լու խնդիր­նե­րուն վրայ։ Նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, թէ ե­թէ սու­րիա­հա­յե­րը ու­նե­նան նուա­զա­գոյն պայ­ման­նե­րը՝ բնա­կա­րան եւ աշ­խա­տանք, ա­պա Հա­յաս­տա­նէն չեն հե­ռա­նար։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այժ­մէն զգու­շա­ցուց նաեւ, որ պէտք է մտա­ծել նաեւ սու­րիա­հայ մա­նուկ­նե­րուն հա­մար ու­րախ Ա­մա­նոր մը կազ­մա­կեր­պե­լու հար­ցը։ Ար­դա­րեւ, ո­րե­ւէ մա­նուկ պէտք չէ մնայ ան­տե­սուած։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը նաեւ բարձր գնա­հա­տեց Սու­րիոյ մէջ պա­տե­րազ­մա­կան առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ գոր­ծող հայ­կա­կան տասն­հինգ դպրոց­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան շեշ­տեց, որ սու­րիա­հա­յե­րը օգ­նու­թեան կա­րիք ու­նին, ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի, այն­պէս ալ Սու­րիոյ մէջ։

Միւս կող­մէ, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­յաս­տան աշ­խար­հի վրայ չոր­րորդ եր­կիրն է՝ փախս­տա­կան ըն­դու­նե­լու տուեալ­նե­րուն ա­ռու­մով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս, 2016 թուա­կա­նի պե­տա­կան պիւտ­ճէի նա­խագ­ծի քննար­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան խօ­սե­ցաւ սու­րիա­հա­յոց զա­նա­զան հար­ցե­րուն շուրջ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­նոնց ըն­կե­րա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րը, կրթու­թիւ­նը, ա­ռող­ջա­պա­հու­թիւնն ու գոր­ծա­րար ծրագ­րե­րը կը խթա­նուին անվ­ճար։ «Մենք շատ աշ­խոյժ կ՚աշ­խա­տինք մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն հետ, ա­նոնց հետ ի­րա­կա­նա­ցուող ծրագ­րե­րը կ՚ուղ­ղենք յատ­կա­պէս սու­րիա­հա­յոց բնա­կա­րան­նե­րու վարձ­քին, ո­րով­հե­տեւ ե­կո­ղը պէտք է ա­ռա­ջին հեր­թին բնա­կա­րան մը ու­նե­նայ, իսկ յե­տոյ գտնէ աշ­խա­տանք։ Մենք այս եր­կու հար­ցին նկատ­մամբ շատ մեծ ու­շադ­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րենք։ Այս ա­ռու­մով մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ա­ռա­ջար­կուող ծրագ­րե­րը մենք կ՚ուղ­ղենք մարդ­կանց բնա­կա­րա­նա­յին վարձ­քի խնդիր­նե­րու լուծ­ման։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս 700 սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք ա­մէն ա­միս 200 տո­լա­րի հա­մար­ժէք գու­մար կը ստա­նայ բնա­կա­րա­նի վարձ­քի խնդիր­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եւ ու­րա­խու­թեամբ յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ փո­խուած է գոր­ծա­տու­նե­րու վե­րա­բեր­մուն­քը սու­րիա­հա­յոց նկատ­մամբ։ Ա­նոնք այժմ մեծ սի­րով աշ­խա­տան­քի կ՚ըն­դու­նին սու­րիա­հա­յե­րը, ո­րոնք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ շատ աշ­խա­տա­սէր են, ու­նին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան մեծ զգա­ցում։ Ըստ Յա­կո­բեա­նի, ա­նոնք աշ­խա­տան­քա­յին նոր մշա­կոյթ մը բե­րած են Հա­յաս­տան եւ եր­կի­րը տա­կա­ւին ա­նոնց­մէ սոր­վե­լիք բա­ներ ու­նի։

«Սու­րիոյ մէջ հա­կա­մար­տու­թեան սրման հե­տե­ւան­քով սու­րիա­հա­յե­րը հաս­տա­տուած են Գեր­մա­նիա, Շուէտ ու Գա­նա­տա։ Լի­բա­նա­նի մէջ մօ­տա­ւո­րա­պէս 12 հա­զար սու­րիա­հայ հաս­տա­տուած է, 5-6 հա­զար սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք ալ կ՚ապ­րի Յոր­դա­նա­նի մէջ։ Քա­նի մը ըն­տա­նիք­ներ այս պա­հուն Թուր­քիոյ մէջ են։ Աշ­խար­հի վրայ փախս­տա­կան ըն­դու­նե­լու թի­ւով մենք չոր­րորդն ենք ու բա­ւա­կան ա­ռաջ ենք բո­լոր հա­մե­մա­տա­կան­նե­րով», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ պե­տու­թեան կող­մէ 1.5 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ վարկ տրա­մադ­րուած է սու­րիա­հա­յոց հա­մար՝ հինգ տա­րուան ժամ­կէ­տով ու 4 տո­կո­սով, որ­պէս­զի ա­նոնք Հա­յաս­տա­նի մէջ դառ­նան ձեռ­նե­րէց։ Նա­խա­րա­րին խօս­քե­րով՝ այս բո­լո­րը ա­նոնց հա­մար շատ լաւ պայ­ման­ներ են, եւ սու­րիա­հա­յե­րը այդ վար­կե­րուն մի­ջո­ցաւ յա­ջո­ղած են ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նել ի­րենց ծրագ­րե­րը։ Որ­պէս վառ օ­րի­նակ՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մատ­նան­շեց սպա­սարկ­ման ո­լոր­տէն ներս սու­րիա­հա­յոց մեծ աշ­խու­ժու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2015