ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒՄ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով։ Այս այցելութեան ընդառաջ Լեռնային Ղաղաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին առընչութեամբ իրադարձութիւնները խտացած են զգալիօրէն։ Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումներէն սկսեալ մինչեւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ այս հիմնահարցին շուրջ Ատրպէյճանի տեսակէտէ նպաստաւոր բանաձեւին ընդունուիլը՝ կ՚ապրուին անանտեսելի նորութիւններ։ ԵԽԽՎ-ի յիշեալ բանաձեւին մասին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք արտայայտած է վերապահութիւն, իսկ Պաքու անարդիւնաւէտութեամբ ամբաստանած՝ Մինսքեան խմբակը։ Այս մթնոլորտին մէջ հայկական կողմն ալ միջազգային բոլոր հարթակները օգտագործելով ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան հաւանական հետեւանքներուն վրայ։ Այս շրջագծով Եդուարդ Նալպանտեան վերջին օրերուն ազդու ելոյթով մը հանդէս եկաւ Փարիզի մէջ, ուր մասնակցեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 38-րդ ընդհանուր համաժողովին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փարիզի ելոյթին ընթացքին Նալպանտեան ըսաւ հետեւեալը.
«Հայաստան շարունակաբար այս բարձր մարմնի ուշադրութիւնը հրաւիրած է հարեւան Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութեան ողբալի իրավիճակին վրայ։ Միայն Նախիջեւանի շրջանին հազարաւոր միջնադարեան խաչքարեր, հարիւրաւոր հայկական եկեղեցիներ, վանքեր եւ այլ սրբավայրեր ամբողջութեամբ ոչնչացուած են Ատրպէյճանի կողմէ, ինչ որ նպատակ կը հետապնդէ վերացնել հետքերը այն ժողովուրդին, որ դարեր շարունակ բնակած է այս շրջանին մէջ եւ որ այդ շրջանը կոչած է «Նախիջեւան», ինչ որ հայերէն տառացիօրէն կը նշանակէ «Առաջին իջեւան»՝ նկատի ունենալով աստուածաշնչեան Նոյի իջեւանած առաջին վայրը։ Վերջերս Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յանձնաժողովը 2015 թուականին համար իր հրապարակած զեկոյցին մէջ, խօսելով Նախիջեւանի մէջ վանտալիզմի ենթարկուած հայկական գերեզմանատան մասին կ՚արձանագրէ, որ Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան հետ կապուած իրավիճակը կը շարունակէ վատթարանալ՝ օրինակ բերելով Պաքուի մէջ կանգուն մնացած միակ հայկական եկեղեցին, որ այս պահուն կ՚օգտագործուի որպէս նախագահի աշխատակազմի արխիւ եւ բռնագրաւուած Լուտերական եկեղեցին, որ վերածուած է համերգասրահի։ Եթէ մենք՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւնները, քայլերու չձեռնարկենք այսօր, վաղը ինչպիսի՞ ապագայ մը կը սպասէ այս եւ բազմաթիւ այլ վտանգուած յուշարձաններուն։
«Որպէս վերոնշեալի վառ հակապատկեր՝ հարեւան Իրան լուրջ քայլերու կը ձեռնարկէ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Իրանի մէջ գտնուող հայկական վանական համալիրները, որոնցմէ ամենահինը կը թուագրուի 7-րդ դարով, Իրանի կառավարութեան կողմէ ներառնուած են Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։ Իր հերթին, Հայաստան վերանորոգած է 18-րդ դարու իրանական Կապոյտ մզկիթը Երեւանի մէջ եւ կը մտադրուի զայն ներառնել Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
«Հայաստան կը ջանայ իր ներդրումը ունենալ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ուղղեալ ջանքերուն մէջ, ներառեալ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համապատասխան մարմիններուն մօտ շինիչ ներգրաւուածութեան միջոցաւ։ 2013 թուականին Հայաստան դարձաւ Զինեալ ընդհարումներու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերով կոմիտէի անդամ։ Տարի մը անց մենք ընտրուեցանք այդ կոմիտէի պիւրոյի փոխ-նախագահ։ Այս տարի Հայաստան դարձաւ Մշակութային արժէքներու ապօրինի ներմուծման, արտահանման եւ անոնց դէմ սեփականութեան իրաւունքի փոխանցումը արգիլելու եւ կանխելու միջոցներու մասին պայմանագրի իրականացման յանձնաժողովի անդամ»։
Եդուարդ Նալպանտեան Փարիզի մէջ խօսեցաւ նաեւ կրթութեան ոլորտէն ներս ԻՒԷՍՔՕ-ի բացառիկ դերակատարութեան շուրջ։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի կազմակերպութիւնը կրթական իր ծրագրերու շրջանակներէն ներս ձեւաւորէ վերահսկողութեան դրութիւն, որով քննութեան կ՚առնուին ու կը գնահատուին անդամ պետութիւններու դասագիրքերը՝ յատկապէս պատմութեան եւ ընկերային գիտութիւններու բնագաւառէն ներս՝ յատուկ շեշտադրում կատարելով խտրականութեան եւ այլատեացութեան բացառման վրայ։ «Ատրպէյճան կը փորձէ աղճատել բազմադարեան հայկական ժառանգութիւնը, մշակոյթը եւ պատմութիւնը։ Այս երկրին մէջ սեփական պատմութեան վերաշարադրումը կը շարունակուի այլոց մշակութային ժառանգութեան բռնի իւրացմամբ կամ ոչնչացմամբ եւ նոյնիսկ աւելին՝ հարեւան ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան բռնազաւթմամբ։ Պետութիւն, որ տակաւին մէկ դար ալ չկայ, որ յայտնուած է աշխարհի քաղաքական քարտէսին վրայ, ոտձնգութիւններ կը կատարէ մշակոյթին դէմ երկրի մը եւ ժողովուրդի մը, որու քանի հազարմեակներու պատմութիւնը արձանագրուած է վաղնջական ժամանակներէ», յայտարարեց Նալպանտեան։