ԱՐԻՒՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Փրոֆ. Ռ. Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնը, որ կը գործէ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեամբ։ Բացման արարողութեան պատուոյ հիւրերն էին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։ Երկրի բժշկական հաստատութիւններու ղեկավարներ, ոլորտի մասնագէտներ ներկայ եղան հաւաքոյթին, որու մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի ղեկավարները եւ այլ հիւրեր։
Հայաստանի մէջ արեան հիւանդութիւններու ախտորոշման ու բուժման ուղղեալ միակ մասնագիտացեալ յառաջատար բժշկական հաստատութիւնն է այս մէկը։ Որակեալ առողջապահական ծառայութիւններու մատուցման նպատակով ստեղծուած են պայմաններ։ Կեդրոնի ընթացիկ գործունէութեան եւ հետագայ ծրագրերուն շուրջ հաստատութեան պատասխանատուները մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին բացման արարողութեան մասնակիցներուն։
Ըստ այդ բացատրութիւններուն, արդիականացեալ Արիւնաբանական կեդրոնի կառուցուածքին մէջ ստեղծուած են տարածքաշրջանային նշանակութեամբ ոսկրածուծի փոխ պատրաստման բաժանմունք եւ ցօղունային բջիջներու տարրալուծարան։ Հաշուի առնելով կեդրոնի բացառիկ նշանակութիւնը յատկապէս երախաներու մօտ արեան քաղցկեղի բուժման ուղղութեամբ՝ ծրագիրը իրականացուած է «Նուիրէ կեանք» բարեգործական հիմնադրամի յանձնառութեամբ։ Հարկ է նշել, որ այդ հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ նախագահն է Ռիթա Սարգսեան։ Ներկայիս հիմնանորոգութենէ անցած է կեդրոնի եօթյարկանի մասնաշէնքը, որու առընթեր կառուցուած է նաեւ եռայարկ նոր մասնաշէնք մը։ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը այս ամբողջ աշխատանքը իրականացուցած է՝ երկրի կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան գանձատրումով։
Այս բժշկական կեդրոնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ մատուցել ժամանակակից, որակեալ եւ մասնագիտական ծառայութիւններ։ Հաստատութիւնը օժտուած է անհրաժեշտ ժամանակակից սարքաւորումներով, որոնց զգալի մասը բացառիկ են իրենց նշանակութեամբ ու միակը կը հանդիսանան երկրէն ներս։ Այնտեղ հաստատուած ինքնագործ համակարգերուն շնորհիւ զգալիօրէն պիտի ընդլայնուի կեդրոնին կողմէ մատուցուած ծառայութիւններուն շրջանակը։ Մրցունակ սակագնային քաղաքականութեան պայմաններուն ներքեւ այս կեդրոնի բարձրակարգ ծառայութիւններէն պիտի կարենան օգտուիլ այն հիւանդները, որոնք Հայաստան պիտի մեկնին արտասահմանէն։