ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ

Լոն­տո­նի մէջ վեր­ջին ե­րեք օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ «WTM 2016» զբօ­սաշր­ջու­թեան մեծ ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տան՝ երկ­րի ճա­նա­չե­լիու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու նպա­տա­կով։ Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ զբօ­սաշր­ջա­կան ե­րեք ըն­կե­րու­թիւն­ներ Լոն­տո­նի մէջ հան­դէս ե­կան միաս­նա­կան տա­ղա­ւա­րի մը մէջ, ուր ծա­նօ­թա­ցու­ցին ի­րենց կող­մէ մա­տու­ցուած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։ WTM-ը աշ­խար­հի վրայ իր մե­ծու­թեամբ երկ­րորդ ցու­ցա­հան­դէսն է։ Հա­յաս­տա­նի տա­ղա­ւա­րի այ­ցե­լու­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան՝ է­քո­թու­րիզ­մի եւ ար­կա­ծա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։ Մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան քրիս­տո­նէա­կան սրբա­վայ­րե­րը, ո­րոնք ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար անգ­նա­հա­տե­լի ուղ­ղու­թեան մը կը վե­րա­ծեն Հա­յաս­տա­նը։ Հայ­կա­կան զբօ­սաշրջա­յին ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Լոն­տո­նի մէջ հան­դի­պե­ցան ի­րենց գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ եւ նոր կա­պեր հաս­տա­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ աշ­խա­տանք­ներ տա­րին։

«Մի­ջազ­գա­յին զբօ­սաշր­ջա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ մենք կ՚ա­պա­հո­վենք Հա­յաս­տա­նի եւ հայ­կա­կան զբօ­սաշր­ջա­յին ար­դիւն­քի ներ­կա­յա­ցումն ու մեր երկ­րի ճա­նա­չե­լիու­թեան բարձ­րա­ցու­մը հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կա­յի մէջ։ Լոն­տո­նեան ցու­ցա­հան­դէ­սը, յատ­կա­պէս, թոյլ կու տայ ոչ միայն եւ­րո­պա­ցի, այ­լեւ աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան 180 եր­կիր­նե­րու զբօ­սաշր­ջա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րուն եւ այ­ցե­լու­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել դէ­պի Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ գրա­ւիչ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը», նշեց Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Կա­րէն Մկրտի­չեան։

Այս տա­րի 37-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Լոն­տո­նի այս ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Ա­ւե­լի քան 5 հա­զար ըն­կե­րու­թիւն­ներ եւ այլ 50 հա­զար մաս­նա­կից­ներ ներ­կայ էին շուրջ 180 եր­կիր­նե­րէ։

Հարկ է նշել, որ շուրջ ա­միս մը ա­ռաջ Հա­յաս­տան մաս­նակ­ցած էր նաեւ Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «IFTM Top Resa-2016» տա­րե­կան մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին։ Ար­դիւն­քին Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մը հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած էր 2017 թուա­կա­նի Յու­նի­սին երկ­րէն ներս հիւ­րըն­կա­լե­լու հա­մար 160 զբօ­սաշր­ջա­կան գոր­ծա­կալ­ներ։ Այս վեր­ջին­նե­րը Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լեն ի­րենք իսկ հո­գա­լով ի­րենց ծախ­սե­րը՝ ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար զբօ­սաշր­ջա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ Հա­յաս­տանն ալ ընդգր­կե­լու հա­մար ի­րենց տե­ղե­կա­տուա­կան նիւ­թե­րուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016