ԴԱՐԵՐՈՒ ԽՈՐՔԷՆ ԿԱՊԵՐ

Ի­տա­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Փաո­լօ Ճեն­թի­լիո­նի ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս ձեռ­նար­կած տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով ի­տա­լա­ցի նա­խա­րա­րը այ­ցե­լեց նաեւ Ե­րե­ւան։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Հարկ է նշել, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին Ի­տա­լիա պի­տի ստանձ­նէ Եւ­րո­միու­թեան շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ Իսկ 2018 թուա­կա­նին Ի­տա­լիա պի­տի ըլ­լայ շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կի­րը ԵԱՀԿ-ի, ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կ՚ըն­թա­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ճեն­թի­լիո­նին ըն­դու­նե­լու ժա­մա­նակ գո­հու­նա­կու­թեամբ մատ­նան­շեց, որ հայ-ի­տա­լա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կու գան դա­րե­րու խոր­քէն եւ ա­նոնք լի են բա­րե­կա­մու­թեան բազ­մա­թիւ դրսե­ւո­րում­նե­րով։ Այս հի­ման վրայ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն յե­տոյ ան­ցած քսա­ն­­հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ձե­ւա­ւո­րուած միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցած են վե­րըն­թաց զար­գա­ցում։ Սարգ­սեան յոյս յայտ­նեց, որ Ճեն­թի­լիո­նիի այ­ցը նոր խթան մը պի­տի հա­ղոր­դէ Հա­յաս­տան-Ի­տա­լիա քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան ու պի­տի նպաս­տէ զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել խո­րաց­ման։ Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ երկ­կող­մա­նի տնտե­սա­կան կա­պե­րու խթան­ման շուրջ հար­ցե­րու։ Սարգ­սեան եւ Ճեն­թի­լիո­նի կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուրջ, նե­րա­ռեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի եւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին ալ քննար­կուե­ցան նմա­նաբ­նոյթ հար­ցեր։ Նալ­պան­տեան-Ճեն­թի­լիո­նի զրոյ­ցէն վերջ ստո­րագ­րուե­ցաւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ու վե­րա­կանգն­ման տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կեդ­րոն մը հիմ­նե­լու վե­րա­բե­րեալ։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը հան­դէս ե­կան նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սով մը։ Ի­տա­լա­ցի նա­խա­րա­րը այս առ­թիւ յայտ­նեց, որ իր եր­կի­րը դրա­կան դիր­քո­րո­շում ու­նի Եւ­րո­միու­թիւն-Հա­յաս­տան մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու դրու­թեան ա­զա­տա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով՝ Ճեն­թի­լիո­նի յայտ­նեց, որ Ի­տա­լիա կը պնդէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով կար­գա­ւոր­ման վրայ։ «Մենք չենք փա­փա­քիր, որ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­նան տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ», ը­սաւ Ճեն­թի­լիո­նի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016