Երկրագունդի Բնակչութեան 92 Առ Հարիւրը Ապականած Օդ Կը Շնչէ
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հրապարակած է արդիւնքները այն ուսումնասիրութեան, որուն համաձայն, մոլորակի տասը բնակիչներէն ինն կ՚ապրի խիստ ապականած օդով շրջաններու մէջ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը նախազգուշացնէ այդ մարզին մէջ տիրող «արտակարգ դրութենէն», կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը:
«Օդի ապականութիւնը կը շարունակուի սպառնալի չափերով՝ ազդելով տնտեսութեան վիճակին եւ մարդկային կեանքի որակին վրայ: Ատիկա արտակարգ դրութիւն մըն է առողջապահութեան համար», ըսուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զեկուցումին մէջ:
Կազմակերպութիւնը կազմած է աշխարհի յատուկ ներգործօն քարտէսը, որ հիմնուած է օդի մաքրութեան չափման տուեալներու վրայ: Օդին մէջ վնասակար մասնիկներու քանակը ո՛չ միայն Չինաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ, այլեւ Եւրոպայի շատ մը երկիրներու, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի եւրոպական մասին մէջ չի համապատասխաներ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր կանոններուն:
Մայիսին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը եկած է այն անմխիթարական եզրակացութեան, որ քաղաքներու օդի որակը կը վատանայ, ինչ որ կը մեծցնէ հիւանդութիւններու տարածման վտանգը:
Կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, երկրագունդի քաղաքացիներուն աւելի քան 80 առ հարիւրը կ՚ապրի այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր օդի ապականութեան արտօնուած նկատուող առաւելագոյն մակարդակը կը պակսի։