«ԵՐԵՒԱՆ ՃԱԶ ՖԵՍՏ-2018»

Հայաստանի մշակութային կեանքի կարեւոր մասը դարձած «Երեւան ճազ ֆեստ»ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, շեփորահար Արթուրօ Սանտովալի եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի համատեղ համերգով:

Տասն «Կրեմմի»ի արժանացած աշխարհահռչակ Արթուրօ Սանտովալի եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի համերգի ծրագրին մէջ հնչեցին  ստեղծագործութիւններ, որոնք  Սանտովալ կը կատարէ անուանի նուագախումբերու հետ: Շեփորէն բացի, ան նաեւ դաշնամուր նուագեց: Սանտովալին անակնկալ մատուցեց  ճազի աշխարհէն, յօրինող, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Լեւոն Մալխասեան, որ բեմ բարձրացաւ եւ անոր հետ միասին նուագեց:

«Ձեր երկրի մասին շատ բան չեմ գիտեր, բայց ուրախ եմ այստեղ գտնուելու համար: Վաղուց կ՚ուզէի գալ Հայաստան: Ան փոքր երկիր է, բայց մարդիկ այստեղ մեծ սիրտ ունին», նշեց Արթուրօ Սանտովալ:

Նուագախումբի հիմնադրման 80-ամեակի կապակցութեամբ՝ այս տարի փառատօնը նուիրուած է նուագախումբի հիմնադիր, խմբավար Արտեմի Այվազեանին: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «Երեւան ճազ ֆեստ»ը տեղի կ՚ունենայ նոյեմբերի 7-20 թուականներու միջեւ:

Այս տարի փառատօնը ընդլայնած է իր աշխարհագրութիւնը՝ համերգներ կազմակերպելով նաեւ Շուշիի ու Կիւմրիի մէջ: Նոյեմբերի 11-ին, Շուշիի մէջ կը կայանայ Սերկէյ Մանուկեանի եւ Արցախի պետական ճազ նուագախումբի համատեղ համերգը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Տիգրան Լալայեան): Նոյեմբերի 13-ին Սերկէյ Մանուկեանի, Ռաֆայէլ Պետրոսեան քառեակի ու Կարէն Գրիգորեան քառեակի մասնակցութեամբ համերգ մը տեղի կ՚ունենայ Կիւմրիի «Վարդան Աճեմեան» թատրոնին մէջ: Նոյեմբերի 19-ին «Դուին» հիւրանոցի նորաբաց սրահին մէջ հանրայայտ Չայնա Մոսեսի եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի մասնակցութեամբ համերգային ծրագիր կը կազմակերպուի:

Փառատօնի ծիրին մէջ մեծ եւ հաճելի անակնկալ կը սպասէ Հայաստանի Պետական ճազ նուագախումբին ու բոլոր երաժշտասէրներուն: Նոյեմբերի 20-ին փառատօնի փակման կալա-համերգին «Արամ Խաչատուրան» համերգասրահին մէջ համատեղ համերգով հանդէս կու գան Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբը եւ «Օլէկ Լունտսթրեմ» ճազ նուագախումբը՝ Պորիս Ֆրումկինի ղեկավարութեամբ:

«Երեւան ճազ ֆեստ»ը կը կազմակերպեն Ճազի հայկական ընկերակցութիւնը եւ «Մեցցօ Փրոտաքշըն»ը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Նոյեմբերին պիտի կայանայ  նաեւ Թաթիանա Դանէլեանցի հեղինակած «Վեց երաժիշտներ քաղաքի ֆոնի վրայ» ժապաւէնին շնորհանդէսը (Հայաստան-Ռուսաստան): Ժապաւէնը նուիրուած է Երեւանին եւ հռչակաւոր երաժիշտներուն՝ ճազային երաժիշտ, դաշնակահար Լեւոն Մալխասեանին, տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանին, երաժիշտներ Արթօ Թունչպոյաճեանին, Ֆորշին, Միքայէլ Ոսկանեանին եւ ուրիշներու: Երաժիշտները պիտի խօսին ու պիտի երգեն իրենց սիրած քաղաքին մասին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9, 2018