ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԸ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Աննա Յակոբեան Արմէն Սարգսեանին ներկայացուց՝ իր ղեկավարած «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործունէութիւնն ու ծրագրերը։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ «Երեւան, իմ սէր» եւ «Իմ քայլը» հիմնադրամներու համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողակցին՝ Նունէ Սարգսեանի եւ Աննա Յակոբեանի մասնակցութիւնը ընկերային, կրթական, մշակութային եւ բարեգործական զանազան ծրագրերու, ինչպէս նաեւ համատեղ նախագծերու իրականացումը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9, 2018