ՄԻՆՉԵՒ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ

Աստանայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը։ Կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրներու ղեկավարները այս գագաթաժողովին մասնակցեցան՝ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ընկերակցութեամբ։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւս այս առթիւ փութացած էր Աստանա։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Աստանայի մէջ կազմակերպուած ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին մասնակցեցաւ իր կողքին ունենալով Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով իր աւագ խորհրդական Արսէն Գասպարեանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Աստանայի գագաթաժողովին զուգահեռ՝ ՀԱՊԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը Ղազախիստանէն անցաւ Խրղըզիստանին։ Պետութիւններու ղեկավարները ընդունեցին շարք մը որոշումներ, որոնք նպատակամղուած են ՀԱՊԿ-ի ճգնաժամային արձագանգման հնարաւորութիւններու կատարելագործման, ապօրինի գաղթի հակազդելու, համակարգուած տեղեկատուական քաղաքականութեան զարգացման, հաւաքական ուժերու կազմակերպման ու կազմի ճշգրտման, ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին համար թեկնածութեան հաստատման։

Ինչպէս ծանօթ է, ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ կազմակերպութեան նոր ընդհանուր քարտուղարի անունը յստակեցնելու հարցը։ Այդ պաշտօնը մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը վարէր Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Եուրի Խաչատուրով, որ սակայն ներքին քաղաքական գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններու բերումով ետ կանչուեցաւ։ Իր պաշտօնի վերջ գտնելուն զուգահեռ՝ օրակարգի վրայ է Եուրի Խաչատուրովին յաջորդ մը նշանակելու խնդիրը։ Աստանայի գագաթաժողովի ընթացքին ղեկավարները երէկ նախ ունեցան նեղ շրջանակով զրոյց մը եւ աւելի վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Նեղ շրջանակով զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ նոր ընդհանուր քարտուղարի անունը ճշդելու խնդիրը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը պայմանաւորուեցան այս հարցի շուրջ քննարկումները շարունակել յառաջիկայ դեկտամբերի 6-ին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած հանդիպման ընթացքին։ Միեւնոյն ժամանակ, աշխատանքներ պիտի տարուին ընդհանուր քարտուղարի լիազօրութիւններու վաղաժամկէտ դադրեցման հետ կապուած հարցերը կարգաւորող համապատասխան չափանիշներու մշակման ուղղութեամբ։

Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով եւս երէկ յայտարարեց, որ նոր ընդհանուր քարտուղարի անունը պիտի ճշդուի յառաջիկայ ամիս Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։ Իր կարգին, հիւրընկալ երկրի ղեկավարը՝ Նուրսուլթան Նազարպայեւ Աստանայի գագաթաժողովի աւարտին սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ այս խնդրին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարը պիտի դառնայ Սպիտակ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը։ Նազարպայեւ եւս մատնանշեց, որ այս հարցը պիտի վճռուի դեկտեմբերի 6-ին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք գագաթաժողովին ժամանակ։ Նուրսուլթան Նազարպայեւ յիշեցուց, որ ըստ ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան Հայաստանին կը յաջորդէ Սպիտակ Ռուսիան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9, 2018