ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԵՏ ՄՂՈՒԵՑԱՆ

Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ երկրի տնտեսական կեանքի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս առթիւ նախարարը յայտնեց, որ տարադրամի բնագաւառէն ներս Թուրքիոյ դէմ ձեռնարկուած յարձակումները արդէն ետ մղուած են։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պերաթ Ալպայրաք նշեց, որ տարադրամի ոլորտէն ներս մեծ գործողութեան մը ձեռնարկուած էր Թուրքիոյ դէմ եւ այդ գործողութիւնը երկու ամսուան ընթացքին յաղթահարուած է։ Նախարարի կանխատեսումներով, տարեվերջին երկրի ելմտական հաւասարակշռութիւնները կրնան մեծ անակնկալներու յղի դառնալ։ Միեւնոյն ժամանակ, Պերաթ Ալպայրաք մատնանշեց, որ նախագահական կառավարման նորահաստատ դրութիւնը հնարաւորութիւն ընձեռած է արագ, ամուր եւ աշխոյժ ձեւով որոշումներ կայացնելու եւ այդ շնորհիւ հնարաւոր եղած է նաեւ ետ մղել տարադրամի բնագաւառէ ներս յառաջացած ապատեղեկատուական բնոյթով յարձակումները։

Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ շատ կարեւոր քայլեր առնել։ Կառուցուածքային բարեփոխումներ պիտի կատարուին բոլոր բնագաւառներէ ներս եւ կառավարութիւնը մի առ մի աշխատանք կը տանի այն բոլոր վարկածներու պարագային, որոնք իւրաքանչիւր բնագաւառին հետ առընչութիւն կ՚ունենան։

Բաց աստի, Պերաթ Ալպայրաք մատնանշեց, որ միջազգային ներդրողներու Թուրքիոյ նկատմամբ վստահութիւնը զգալիօրէն բարձրացած է։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9, 2018