ՔԱԹԱՐԻ ԷՄԻՐԸ ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօր Թուրքիա կ՚այցելէ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ Թհան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Քաթարի էմիրը եւ հանրապետութեան նախագահը կը քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը։ Բաց աստի, անոնք կ՚անդրադառնան տարածքաշրջանի իրադրութեան եւ այդ ամբողջին մէջ ի յայտ եկած հարցերուն։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին երբ տարադրամի փոխարժէքը անակնկալ վերիվայրումներ կ՚արձանագրէր Թուրքիոյ մէջ, Քաթար մեծ քանակութեամբ վարկ մը տրամադրած էր՝ որպէսզի երկիրը կարողանայ յաղթահարել այդ տագնապը։ Մօտաւոր անցեալին Թուրքիա նաեւ Քաթարէն նուէր ստացած էր մեծ օդանաւ մը՝ պետական աւագանիին սպասարկելու նպատակով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9, 2018