ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ

Թուրքիոյ պետական արխիւներէն ներս ի պահ դրուած օսմաներէն բոլոր փաստաթուղթերը յառաջիկայ շրջանին պիտի փոխանցուին Պետական արխիւներու նախագահութեան։ Այս ամբողջին մէջ բացառութիւն պիտի կազմեն Ազգային մեծ ժողովի եւ ՄԻԹ-ի փաստաթուղթերը։ Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր գործող Պետական արխիւները պիտի ապահովեն, որ օսմաներէն փաստաթուղթերը համախմբուին նոյն երդիքին տակ։ Այս գործին համար սահմանուած է երկու ամսուան ժամկէտ մը՝ պաշտօնաթերթին մէջ 18 հոկտեմբերին հրապարակուած Պետական արխիւներու ծառայութեան վերաբերեալ կանոնադրութեան հիման վրայ։

Թուրքիոյ մէջ նախագահական կառավարման համակարգի հաստատման զուգահեռ՝ 2011 թուականին հրապարակուած էր թիւ 11 նախագահական որոշմնագիրը, որ կը վերաբերէր Պետական արխիւներու նախագահութեան։ Աւելի առաջ վարչապետարանի առընթեր կը գործէր Պետական արխիւներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, որ նոր համակարգի հաստատուելէն վերջ անկախ հաստատութեան մը վերածուեցաւ՝ յիշեալ հրամանագրի տրամադրութիւններու հիման վրայ։ Այս ծիրէն ներս գործունէութեան թափ տուած է այս կառոյցը, որ հանրային բոլոր հաստատութիւնները արխիւներու ղեկավարման շուրջ իրազեկելու առաջադրութեամբ պատրաստած է յիշեալ կանոնադրութիւնը։ Ուստի, յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին պատկան բոլոր հաստատութիւնները իրենց մօտ ի պահ դրուած օսմաներէն արխիւային փաստաթուղթերը պիտի փոխանցեն Պետական արխիւներու նախագահութեան։ Այսպէսով օսմաներէն բոլոր արխիւային նիւթերու դասաւորման ու հետազօտման ծառայութիւնը յառաջ պիտի տարուի յիշեալ նախագահութեան կողմէ։

Պետական արխիւներու նախագահ Փրոֆ. Ուղուր Իւնալ այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «Անատոլու» գործակալութեան։ Ան ընդգծեց, որ Թուրքիա անվիճելի կէտի մը հասած է աշխարհի վրայ արխիւային գործունէութեան տեսակէտէ։ Արխիւները թէ՛ Օսմանեան շրջանէն մնացած հրաշալի գանձ մը կը համարուին եւ թէ Հանրապետական շրջանի վերաբերեալ՝ այժմ մեծ մասը ելեկտրոնիկ միջավայրի մէջ արտադրուած փաստաթուղթեր ալ կը պարփակեն, իբր այդ հիմնական աղբիւրներ կը նը-կատուին։ «Մեր արխիւները արդի իրադարձութիւններու անաչառ ընկալման եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Թուրքիոյ հեռանկարներու յստակեցման տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն», ըսաւ Իւնալ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան տակաւին որպէս վարչապետ պաշտօնավարած շրջանին հնարաւորութիւն ընձեռած էր, որպէսզի արխիւային փաստաթուղթերը դասաւորուին, թուայնացուին ու վերանորոգուին։ Աւելի առաջ արխիւային փաստաթուղթերը ցրուած վիճակի մէջ կը գտնուէին զանազան վայրերէ ներս։ Աշխատանքները ապահովեցին, որպէսզի Օսմանեան արխիւները համալիրի մը երդիքին տակ համախմբուին։ Իւնալ ընդգծեց, որ արխիւային բնագաւառի մէջ Թուրքիոյ արձանագրած վերելքին համար ամենամեծ աջակցութիւնը ցուցաբերուած է նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Նախագահական կառավարման համակարգի անցնումէն անմիջապէս վերջ որոշմնագրով մը Պետական արխիւները կցուած են Հանրապետութեան նախագահութեան։ Այսպէսով Պետական արխիւները ցրուած վիճակէ փրկելու համար ապահովուած է անոնց մէկ կառոյցի կողմէ կառավարումը։

Նոր հրապարակուած կանոնադրութիւնով նախատեսուած աշխատանքները կեանքի կոչելու նպատակով Պետական արխիւները արդէն աւարտած են նախապատրաստական անհրաժեշտ բոլոր աշխատանքները։ Կարեւոր քայլեր առնուած են՝ օսմաներէն փաստաթուղթերու Պետական արխիւներուն փոխանցման ուղղութեամբ։ Ցայսօր օրէնսդրական անբաւարարութեան հետեւանքով զանազան հաստատութիւններ Պետական արխիւներուն չէին կրցած փոխանցել այն օսմաներէն փաստաթուղթերը, որոնք ի պահ դրուած էին իրենց մօտ։ Նոր կանոնադրութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն վրայ այդպիսի հաստատութիւններու հետ անհրաժեշտ նամակագրութիւնները յառաջ կը տարուին թափով։ Ուղուր Իւնալ յայտնեց, որ Պետական արխիւներուն յանձնուելիք այդ օսմաներէն փաստաթուղթերը փութով պիտի թուայնացուին եւ ելեկտրոնիկ միջավայրի մէջ պիտի տրամադրուին ուսումնասիրութիւններու համար։

Պետական արխիւներու ընդգրկած հաւաքածոները այնպիսի խորք մը ունին, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ անգամ մըն ալ հազիւ թէ կարելի ըլլայ գոյանալը։ Հետեւաբար, տեղացի կամ օտար պրպտողներու մեծ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան արխիւները։ Այդ պահանջներու ճիշդ համակարգումով մը կառավարուիլն ալ կը ներկայացնէ կարեւորութիւն։

Ըստ Ուղուր Իւնալի, այդ արխիւային փաս-տաթուղթերու մէկ երդիքի տակ հաւաքուելուն շնորհիւ, գիտնականներն ու հետաքրքիրները պիտի փրկուին զանազան վայրերու կամ չափանիշներու միջավայրին մէջ պրպտումներ ընելու ստիպողութենէն։ «Մեր պատմութեան առաջին ձեռքի աղբիւրներու հարստութիւնը ա՛լ աւելի պիտի բարձրացնէ տեղացի կամ օտար բոլոր պրպտողներուն հետաքրքրութիւնը», ըսաւ Իւնալ եւ աւելցուց, որ շնորհիւ նախագահ Էրտողանի կողմէ ապահովուած հնարաւորութիւններուն՝ Պետական արխիւները պիտի ընթանան աշխարհի մէջ յառաջատար, ուղեցոյց հաստատութիւն մը դառնալու վճռական ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2019