ԱԱԾ-Ի ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆ

Լեռնային Ղարաբաղի թէժ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) համար նշանակուեցաւ նոր տնօրէն մը։ Այսպէս, նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով այդ պաշտօնին կոչուեցաւ Արմէն Աբազեան։

Պատերազմի սկիզբէն վերջ, Հայաստանի ԱԱԾ-ի տնօրէնը առնուած էր պաշտօնէն ու պաշտօնակատար մը անցած էր աշխատանքի։ Ներկայիս այդ պաշտօնակատարն ալ՝ Միքայէլ Համբարձումեան փոխանցած է իր հերթը։ Անոր պաշտօնէ ազատուելէն վերջ Հայաստանի ԱԱԾ-ի գլուխը անցած է Արմէն Աբազեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2020