ԱՇԽԱՐՀԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՆ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն վերջ ստեղծուած պղտորութիւնը շաբաթավերջին զգալիօրէն յաղթահարուեցաւ։ Քուէհամարը յառաջանալով այնպիսի պատկեր մը պարզեց, որ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին ծերակուտական ու փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն ընտրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ։ Ան կը հանդիսանայ երկրի 46-րդ ղեկավարը։ Իր կողմնակիցները երկրի զանազան քաղաքներուն մէջ կազմակերպեցին մեծ տօնակատարութիւններ։ Ճօ Պայտընն ալ ելոյթ մը ունենալով յայտարարեց, որ պիտի ձգտի բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ։
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ արդէն սկսած են շնորհաւորել Ճօ Պայտընի նախագահ ընտրուիլը։
Յամենայնդէպս, ԱՄՆ-ի գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ այս անգամ եւս թեկնածու էր, տակաւին կը յամառի չընդունիլ ընտրութեան արդիւնքը։ Ան կը պատրաստուի դիմել երկրի դատական իշխանութիւններուն եւ քուէներու վերահաշուարկ պահանջել։ Ըստ իրեն, սա գողցուած ընտրութիւն մըն է։ Մեծ մետիաները արդէն աճապարած են հրապարակելու քուէարկութեան արդիւնքը։ Թրամփ դիտել տուաւ, որ ընտրութեան լուսաբանման հարցին մէջ կողմնակալ գտնուած են ամերիկեան լրատուամիջոցները, որոնք ձախակողմեան հարուստ վերնախաւի ազդեցութեան տակ կը գտնուին։ Թրամփի կողակիցը՝ Մելանիա Թրամփն ալ կոչ ուղղեց ձայներու ազնիւ հաշուարկը ապահովելու համար եւ յայտնեց, որ ամերիկացիները արժանի են արդար ընտրութիւններու։ CNN-ի հաղորդումներով, Տանըլտ Թրամփի փեսան, որ իր գլխաւոր խորհրդականներէն մին է, ներկայիս կը ջանայ զինքը համոզել, որպէսզի յօժարի ընտրութեան արդիւնքին։
Վերջին հաշուով ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ այս ընտրութիւնները կը բնորոշուին աննախընթաց հանգամանքներով։ Նախկին նախագահներէն Ճորճ Պուշ կրտսերն ալ՝ ըլլալով հանդերձ հանրապետական մը, ընտրութեան արդիւնքը վիճելի չէ նկատած, թէեւ նշած է, որ Թրամփին վերապահուած կը մնայ վերահաշուարկի պահանջման իրաւունքը։ Այս բոլորէն վերջ, ներկայ համայնապատկերին վրայ դժուար թէ անսպասելիօրէն մեծ, էական փոփոխութիւն մը ըլլայ։ Հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է Ճօ Պայտընի պաշտօնավարութիւնը։
ԱՄՆ-ի ներքին քաղաքական հաւասարա-կըշռութիւններուն տեսակէտէ բարդ քառամեայ շրջան մը պիտի սկսի՝ Ճօ Պայտընի պաշտօնավարութեան զուգահեռ։ Ան եղած է պատմութեան ընթացքին ամենաշատ թիւով, ամենաբարձր համեմատութեամբ քուէ ստացած նախագահը։ Բայց եւ այնպէս, Թրամփն ալ անանտեսելի քանակութեամբ քուէ ստանալ յաջողած է։ Ճօ Պայտըն թէեւ յաջողած է նախագահ ընտրուիլ, սակայն ԱՄՆ-ի օրէնսդիր մարմնէն ներս ստեղծուած հաւասարակշռութիւնները այնքան ալ նախընտրելի չեն իրեն տեսակէտէ։ Արդարեւ, Հանրապետական կուսակցութիւնը Ծերակոյտէն ներս ապահոված է մեծամասնութիւն։ Ուստի, Սպիտակ տան եւ Քոնկրէսի յարաբերութիւնները յառաջիկայ շրջանին կրնան զուգորդուիլ բարդութիւններով, ինչ որ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի տեսակէտէ ներքին քաղաքական ճակատի վրայ կ՚ենթադրէ մարտահրաւէրներ։