ՇՈՒՇԻԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ. ԿԵՆԱՑ ՄԱՀՈՒ ԿՌԻՒՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՎՃՌՈՒԻ ԱՐՑԱԽԻ ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը ընթացքի մէջ է շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր։ Այս ժամանակաշրջանին, հասկնալիօրէն, հակամարտ կողմերէն հանրութեան մատուցուած տուեալներու մէջ միշտ եղան հակասութիւններ կամ հակադիր, իրերամերժ հանգամանքներ։ Բայց եւ այնպէս, բոլորը համադրելով, վերջին հաշուով, կարելի էր տարրական պատկերացում մը կազմել, թէ ինչ տեղի կ՚ունենայ դաշտի վրայ։ Այս պարագան էապէս փոփոխութեան ենթարկուեցաւ վերջին քանի մը օրերուն, երբ լայնածաւալ կռիւները կեդրոնացան Շուշիի վրայ։ Երեք-չորս օրէ ի վեր ռազմական գործողութիւններու առանցքը կը կազմէ Շուշին, ուր կ՚ընթանան յամառ մարտեր։ Շաբաթավերջին, Շուշիի վերաբերեալ լուրերու պարագային հակասութիւնները արդէն հասան գագաթնակէտին։ Կենաց մահու կռիւներու ճակատագիրը ներկայիս կը վճռուի Արցախի բերդաքաղաքին մէջ։

Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի բանակը արդէն գրաւած է Շուշին։ Այդ լուրերը կ՚ուղղորդուին տօնակատարութիւններու վերաբերեալ տեսանիւթերով։ Այս պատերազմի ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ Ատրպէյճանի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած են այդպիսի հաղորդումներ զանազան շրջաններու կապակցութեամբ, սակայն աւելի վերջ կա՛մ մնացած են վիճելի եւ կամ չեն ունեցած տրամաբանական շարունակութիւն մը։ Շուշիի պարագան աւելի տարբեր է այդ բոլորին բաղդատմամբ։ Հայկական աղբիւրները չեն հաստատեր, որ քաղաքը անցած է Ատրպէյճանի զօրքերու հակակշռին ներքեւ։ Պաքուի կողմէ կատարուած հաղորդումները հերքելու զուգահեռ՝ հայկական աղբիւրները կ՚ընդգծեն, որ այդ ապատեղեկատուութիւնները շրջանառութեան մէջ կը գտնուին յատուկ քարոզչական նպատակներով։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երկրի Հանրային հեռուստատեսութենէն հանդէս եկաւ ուղիղ եթերով, որու ընթացքին ըսաւ. «Այս պահուն չկայ կողմ մը, որ լիարժէք վերահսկողութիւն ունի Շուշի քաղաքի եւ շրջակայ տարածքներու պարագային։ Կը կարծեմ, վաղը կ՚աւարտի ճակատամարտը»։

Ի շարունակութիւն շաբաթավերջի հրապարակումներուն՝ հայկական աղբիւրները երէկ մանաւանդ օրուայ աւարտին հաղորդեցին, որ Շուշիի մէջ տեղի կ՚ունենայ մեծ դիմադրութիւն, բերդաքաղաքը հայկական զօրքերու կողմէ կը պաշտպանուի բուռն պայքարով։

Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ երէկ գիշեր ալ Շուշիի համար մարտերը շարունակուած են։ Երէկ գիշեր Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ հրթիռակոծուած է, թիրախաւորուած են բնակելի թաղամասեր։ Միւս շրջաններու պարագային կացութիւնը եղած է յարաբերաբար աւելի նուազ լարուած։ Հայկական աղբիւրները երէկ Բերձորի, Մարտունիի եւ Մատաղիսի ուղղութիւններուն վերաբերեալ եւս հաղորդումներ կատարեցին ու տեղեկացուցին, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը որոշ չափով բարելաւած է իր դիրքերը։

Յամենայնդէպս, ներկայ պայմաններով ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը մնայ Շուշիի վրայ։ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան վերջին տուեալները հաղորդելու ժամանակ ռազմաճակատի ընդհանուր իրադրութիւնը դրական որակած էր հայկական կողմին համար։ Այս առաւօտ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ գիշերը Շուշի-Քարին Տակ հատուածին խտացեալ մարտեր տեղի ունեցած են։ Ատրպէյճանի բանակէն ներթափանցման խումբեր յայտնաբերուած են հայկական զօրքերուն կողմէ։ Հայկական ստորաբաժանումներու միջամտութիւնով Ատրպէյճանի զօրքերը նահանջած են։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը հաղորդած է, որ սկսած է առաւել նպաստաւոր բնագծեր զբաղեցնել եւ գործնական-մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի իր վերահսկողութեան ներքեւ։ Այս օրուայ սկիզբին Շուշիի մերձակայքին մարտերը կը շարունակուէին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը նախաձեռնութեան հնարաւորութենէ կը զրկէր Ատրպէյճանի զօրքերը։

Հուսկ, երբ որ յստականայ Շուշիի պարագան, ապա ինքնաբերաբար բեկումնային պահ մը սահմանուած պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ լայնածաւալ պատերազմի ընթացքին տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2020