ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ

Ատրպէյճանի մէջ երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ղարաբաղի յաղթանակի առաջին տարեդարձը։ Համատարած տօնախմբութեան մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ամէն ինչ։ Թուրքիան ալ անմասն չմնաց խանդավառութենէն։ Երէկ, յաղթանակի տարեդարձին առթիւ, հեռուստակայանները սփռեցին Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան՝ «Սոքար»ի հովանաւորութեամբ այս առթիւ պատրաստուած գովազդային տեսահոլովակը։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ Շուշիի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հուլուսի Աքար այս առթիւ յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է մէկ կողմ դնէ թշնամութիւնը ու նայի դէպի ապագայ։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ կրկնուեցաւ, որ Պաքու պատրաստ է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Միւս կողմէ, Ազգային մեծ ժողովէն ներս արդէն շրջանառութեան մէջ դրուած է՝ վաւերացումը այն հրամանագրին, որով կը նախատեսուի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի մշտադիտարկման համար ստեղծուած Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ կեդրոնի անձնակազմի պաշտօնավարութեան ժամկէտի երկարաձգումը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021