ԵՐԵՒԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԴԱՇԻՆՔԻ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԸ. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը՝ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ։ Երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժին՝ «Հայաստան» դաշինքին կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքին զուգահեռ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ արտաքին վտանգները չէզոքացնելու, Արցախի հայաթափումը բացառելու, ներքին համերաշխութիւն հաստատելու, հայութիւնը համախմբելու նպատակով կը սկզբնաւորււի համազգային դիմադրութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։ Յայտարարութիւնը զգուշացում կը բովանդակէր «Հայաստանի թրքացման» դէմ։ «Հայաստանը պիտի ըլլայ ինքնիշխան պետութիւն, հայ մարդը պիտի ապրի արդար, ուժեղ երկրի մէջ։ Հայ մարդը աշխարհի վրայ պիտի քալէ գլուխը բարձր», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր շեշտուած է, որ պարտութեան խորհրդանշան դարձած վարչախումբը պիտի հեռացուի, Սիւնիքը պիտի չզիջուի եւ Արցախը պիտի չհայաթափուի։ Ընդդիմութիւնը անփոփոխ նպատակ համարած է՝ վերականգնել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու հայ մարդու արժանապատուութիւնը, հեռացնել պարտութեան խորհրդանշան դարձած ուժերը։

Հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, երկրի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան։ Խօսք ուղղելով ցուցարարներուն՝ ան յայտնեց, որ սահմանազատումը կը նշանակէ ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, յստակեցնել Լեռնային Ղարաբաղի կղզիացեալ վիճակը Ատրպէյճանէ ներս, ինչ որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման վերջը պիտի ըլլայ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021