ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ։

Նկարագրելէ վերջ պատերազմի ընթացքին ու պատերազմէն վերջ մարդասիրական կամ միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումները Ատրպէյճանի կողմէ, Երեւանի յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ հրադադարը կը նախատեսէր ստորագրման իսկ պահուն կողմերու զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ կանգ առնելու յանձնառութիւնը։ Հակառակ այս բանին, հրադադարէն ընդամէնը ամիս մը անց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ներխուժեցին Արցախի Հադրութի շրջանի Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերը, գերեվարելով ու սպաննելով հայ զինուորներ։ Աւելին, փաստաթուղթի մէջ նշուած շրջաններէն հայկական զօրքերու դուրսբերումէն յետոյ Ատրպէյճան պատասխանած է այդ նոյն տարածքներէն իր զինեալ ուժերու Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցումով ու շարունակուող ապօրինի տեղակայումով։

Հայկական կողմը կը շեշտէ, որ Պաքու տակաւին չէ իրականացուցած հրադադարի համաձայնութեան այն կէտը, որ կը նախատեսէ պատանդ առնուած հայ ռազմագերիներու եւ այլոց վերադարձուիլը։ Պարբերական բնոյթ կը կրեն նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները, որոնցմով կը թիրախաւորուին ո՛չ միայն Հայաստանի զինեալ ուժերու եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի դիրքերը, այլեւ՝ խաղաղ բնակավայրերն ու քաղաքացիական անձերը, պատճառ դառնալով թէ՛ մարդկային եւ թէ նիւթական կորուստներու։

Շեշտուած է նաեւ, որ միտումնաւոր կը խեղաթիւրուին եւ կամայականօրէն կը մեկնաբանուին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած յայտարարութիւններու՝ տարածաշրջանէ ներս ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ դրութիւնները։ Ատրպէյճան շրջանառութեան մէջ կը դնէ, այսպէս կոչուած, միջանցքի գաղափարը եւ կը սպառնայ ուժ կիրառելով։ Սա կը հակասէ յիշեալ յայտարարութիւններու ոգիին ու տարրին ու միտուած է տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ ջանքերու խաթարման։ Պաքուի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ ակնյայտօրէն յառաջ կը տարուի հայատեաց քաղաքականութիւն, կը խոչընդոտէ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու Արցախ մուտքը։ Այս բոլորը կը վկայեն, թէ անհնար է Արցախի հայութեան՝ հայրենի հողին վրայ անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի երաշխաւորումը՝ Ատրպէյճանի իրաւասութեան եւ վերահսկողութեան ներքեւ։

Երեւան կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ու անոր ժողովուրդին դէմ ուժի կիրառման հետեւանքով ձեւաւորուած իրողութիւնները չեն կրնար հիմք հանդիսանալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման համար։ Հրադադարի յայտարարութեան խախտում կը համարուին Պաքուի այն պնդումները, ըստ որոնց պատերազմէն վերջ այլեւս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն գոյութիւն չունի, նոյնպէս Լեռնային Ղարաբաղ։ Սա խախտում է, որովհետեւ եռակողմանի հրադադարի յայտարարութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուած է՝ որպէս տարածքային միաւոր։

«Հակամարտութեան համապարփակ ու տեւական լուծումը հնարաւոր է միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ, ինչ որ կ՚ենթադրէ Արցախի կարգավիճակի յստակեցումը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Երեւան կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը գործնական ջանքեր գործադրելու տարածաշրջանէ ներս իրավիճակի լիցքաթափման, թշնամանքի մթնոլորտի քայլ առ քայլ յաղթահարման, տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղ զարգացման դարաշրջանի բացման ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, այս գործընթացի արդիւնաւէտութեան համար անհրաժեշտ նկատուած է Պաքուի շինիչ դիրքորոշումը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021