ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ ԸՐԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին զուգադիպած խօսակցութեան ընթացքին նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։ Զրուցակիցները անդրադարձան 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութիւնով կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքին։ Այս ամբողջին մէջ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց Ատրպէյճանի կողմէ պատանդ առնուած հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ հրադադարի պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Միրզոյեան խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շարունակական սադրանքները, որոնցմէ վերջինի հետեւանքով երէկ Շուշիի մերձակայքին մէկ հոգի զոհուեցաւ, երեք հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Նախարարը շեշտեց, որ Պաքուի ղեկավարութեան կողմէ հնչած հայատեաց հռետորաբանութիւնն ու հրադադարի դրութեան շարունակական խախտումները լուրջ սպառնալիք են տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան դէմ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման առընթեր, քննարկուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի զանազան հարցեր։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարկ է նշել, որ հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուեցան յայտարարութիւններ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ այս երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւնները այս փուլին հերթական անգամ արտայայտեցին իրենց դիրքորոշումը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԿՈՉԸ

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայս կոչ ուղղեց՝ վերադարձնել 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով բոլոր գերեվարուածները։

«Այս շաբաթ ԱՄՆ-ի եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին է Հարաւային Կովկասէ ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 44-օրեայ խտացեալ կռիւներուն վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան առաջին տարին։ Մեր խոր վշտակցութիւնը կը յայտնենք նախորդ տարուայ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով բոլոր զոհուածներուն ու վիրաւորեալներու ընտանիքներուն։ Կոչ կ՚ուղղենք վերադարձնել մնացեալ բոլոր ռազմագերիները, յստակեցնել անհետ կորսուած բոլոր անձերու պարագան, ապահովել տեղահանեալներու կամաւոր վերադարձը իրենց տուները, հակամարտութեան հետեւանքով տուժած տարածքներու համապարփակ մարդասիրական ականազերծումը իրականացնել եւ ապահովել միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու հասանելիութիւնը անոնց, որոնք այդ բանի կարիքն ունին։ Մենք նաեւ կոչ կ՚ուղղենք հետաքննութիւն իրականացնել մարդու իրաւանց ու մարդասիրական իրաւունքի ենթադրեալ խախտումներուն առընչութեամբ», ըսաւ ան։

Պետական քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ ԱՄՆ կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգ, կայուն, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագային համար։ Յիշեցուած է, որ պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոն ներկայիս տարածաշրջանի մէջ կը գտնուի՝ քննարկելու համար Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ երկկողմանի հարցերը եւ ուսումնասիրելու համար տարածաշրջանային համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ «Կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ շարունակելու աշխուժացնել իրենց ներգրաւուածութիւնը նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շրջանակներէն ներս, համապարփակ լուծումներ գտնելու համար բոլոր կարեւոր խնդիրներուն, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած են կամ կը բխին այդ մէկէն», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄՆԵՐԸ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ վերջին օրերուն հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, շեշտուած է, որ Ռուսաստան չի յաւակնիր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ շփման առումով մենաշնորհի, թէեւ այդ երկու երկիրներուն ու ժողովուրդներուն հետ կապուած է երկար ու սերտ բարեկամութեամբ, լայնածաւալ գործընկերութեամբ։ Ռուսական կողմը հանդէս կու գայ միջազգային հանրութեան առկայ ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման ի նպաստ՝ համարժէք հաշուի առնելով տարածաշրջանային փոփոխուած իրողութիւնները։ Մոսկուա նպատակ չունի Երեւանի եւ Պաքուի հետ շփման բացառիկ իրաւունք ձեռք բերելու։

Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան, հրադադարէն տարի մը անց կարելի է հանգիստ հերքել ընկերային ցանցերու եւ համացանցային աղբիւրներու պնդումները, ըստ որոնց Ռուսաստանի խաղաղապահ ջանքերը ուղղուած էին Լեռնային Ղարաբաղը անջատելու, Ատրպէյճանին յանձնելու, Հայաստանը գաղութի վերածելու։ «Նման յայտարարութիւնները կը կրեն ամբոխավարական բնոյթ, կը կատարեն ակնյայտ պատուէր եւ իրականութեան հետ կապ չունին», շեշտուած է Մոսկուայի կողմէ։

Ի շարունակութիւն դիտել տրուած է, որ Մոսկուայի կողմէ նախաձեռնուած եռակողմանի բոլոր փաստաթուղթերն ու դրութիւնները չեն պարտադրուած, հիմնուած են շահերու ստուգուած հաւասարակշռութիւններուն վրայ, ինչ որ կը նախատեսէ չափազանց յարգալիր վերաբերմունք Պաքուի եւ Երեւանի ինքնիշխանութեան եւ շահերուն նկատմամբ։ «Մենք չենք կարողացած համաձայնութեան գալ մեր շարք մը նախաձեռնութիւններուն շուրջ, ինչ որ բնականոն է։ Բայց արդէն իսկ հաստատուած համաձայնութիւնը, ինչպէս կ՚ըսուի, ձեռք բերուած է տառապանքով եւ արդիւնաւէտօրէն կ՚իրականացուի գործնականօրէն», նշուած է ռուսական դիւանագիտական գերատեսչութեան կողմէ։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի որոշման հարցին յատուկ անդրադարձ կատարուած է Ռուսաստանի կողմէ։ Այսպէս, Մոսկուա պատրաստ է աջակցելու սահմանի յստակեցման ուղղեալ բանակցութիւններու մեկնարկին՝ ապագայ սահմանազատման համար։ Հրադադարի յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է կարեւոր դրութիւն մը՝ տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման շուրջ։ «Մենք կը կարծենք, թէ խնդրի երկարաժամկէտ լուծումը Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացի սկսիլն է՝ անոր յաջորդելիք սահմանագծումով։ Ռուսաստան պատրաստ է անհրաժեշտ խորհրդատուական օգնութիւնը ցուցաբերելու, կողմերու խնդրանքով տրամադրելու անհրաժեշտ քարտէսագրման նիւթերը, բաժնելու սահմանազատման իր հարուստ փորձառութիւնը այլ երկիրներու հետ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Այս փուլին Մոսկուա յիշեցուցած է նաեւ, որ ռուս սահմանապահները տեղակայուած են սահմանի ամենախնդրայարոյց հատուածներուն մէջ՝ կանխելու համար բախումնային իրավիճակները եւ կարգաւորելու համար դէպքերը։ Շուրջօրեայ դրութեամբ կազմակերպուած է Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համապատասխան պետական մարմինները կապող անձերու աշխատանքը՝ անհրաժեշտ տեղեկատուութեան փոխանակման ուղղութեամբ։ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս ընդհանուր իրավիճակի կարգաւորման ուղղեալ աշխատանքի առանցքային տարրերէն մին նկատուած է եռակողմանի աշխատանքային խումբը, որ ստեղծուած է փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ, Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ։

Հրադադարի առաջին տարելիցին Մոսկուա ընդգը-ծած է նաեւ, որ վճռական է շարունակելու եռանդուն աշխատանքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն գծով։ «Վստահ ենք, որ ընդհանուր ճանաչումով այս ձեւաչափի ներուժը հեռու է սպառած ըլլալէ. բան մը, որու վկայութիւնն է 2020 թուականի նոյեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու առաջին հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ, սեպտեմբերի 23-ին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին։ Հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուէին մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական հրատապ հարցեր։ Համանախագահները կը ծրագրեն՝ այցելել տարածաշրջան եւ «3+2» ձեւաչափով շարունակել շփումները», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ռուսական կողմի յայտարարութեան եզրափակիչ բաժնին մէջ յիշեցուած է, որ փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբը ցայսօր ութ հանդիպում իրականացուցած է։ Այսպէս, ներկայացուած է զեկոյց մը, ուր նկարագրուած են երկաթուղային եւ ցամաքուղային յստակ երթուղիներ՝ վերականգնելու համար Հայաստան-Ատրպէյճան կապը, դէպի հարեւան երկիրներ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ելքով հանդերձ, ինչ որ պիտի բարձրացնէ տարածաշրջանի տարանցիկ գրաւչութիւնը եւ պիտի ներգրաւէ յաւելեալ ներդրումներ։ Նոյն ամբողջին մէջ դասուած է Ռուսաստանի եւ Հայաստանի համար «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային զարկերակի իրագործման յաւելեալ հեռանկարներու ի յայտ գալը։

Մասնաւոր անդրադարձ կատարուած է «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցին։ «Այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կ՚ուռճացուի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ եւ եռակողմանի աշխատանքային խումբի բոլոր մասնակիցները համաձայնած են, որ բոլոր ապաշրջափակուած եւ նորաստեղծ փոխադրութեան ուղիները պիտի գործեն՝ տուեալ պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ, ո՛ր երկրի տարածքով որ ալ անցնին անոնք», ընդգծուած է Մոսկուայի կողմէ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021