ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՆՈՅՆ ՓԱԿ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՊՈՒՏԱՓԵՇՏԻ ՄԷՋ
Պուտափեշտի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 5-րդ գագաթաժողովի արձագանգները կը շարունակուին։ Այս մեծ ժամադրութիւնը, միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս ամենաբարձր մակարդակի վրայ հաղորդակցութեան թարմացման։ Արդարեւ, Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ վերջին շրջաններուն յաճախակի դարձած են ուղիղ շփումները։ Պուտափեշտի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ունեցան հանդիպում մը։ Սա թէեւ ոտքի վրայ տեսակցութիւն մըն էր, սակայն, բաւարար եղաւ վերջին շրջանի շփումներու շարունակականութեան հանգամանքը ընդգծելու տեսակէտէ։ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պուտափեշտի մէջ մասնակցեցան նոյն փակ ձեւաչափով կլոր սեղանի քննարկման։
«Տնտեսական անվտանգութիւն» նիւթով կազմակերպուած այս հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ Վրաստանի, Էսթոնիայի, Փորթուգալի, Անտորայի, Պոսնա-Հերսեքի, Սերպիոյ եւ Լաթվիայի առաջնորդները։ Բոլոր մասնակիցները հանդէս եկան ելոյթներով։