ԸՍՏ ԱԼԻԵՒԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՀՐԱԺԱՐԻ ԶԻՆՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը հասած է փափաքին, պատերազմ չ՚ուզեր եւ Հայաստան պէտք է վերջ տայ զինուելու։
Լրատուամիջոցները վերջին օրերուն արձագանգ հանդիսացան, որ Պաքու Երեւան փոխանցած է՝ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի նախագծին վերաբերեալ իր հերթական պատասխան-առաջարկները։ Ատրպէյճան, միեւնոյն ժամանակ, գաղտնազերծած է փաստաթուղթի վերաբերեալ բանակցութիւններու կարգ մը մանրամասնութիւններ, որոնց կապակցութեամբ Հայաստան լռութիւն կը պահէ։ Բաց աստի, հայկական լրահոսին մէջ աչքի կը զարնէ, որ Պաքու իր փոխադարձ առաջարկը ներկայացուցած է՝ սպառնախառն ոճով մը։
Այս համայնապատկերին վրայ հնչեցին Ալիեւի երէկուան յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ Հայաստան պէտք է հրաժարի զինման քաղաքականութենէն։ «Այս մասին բազմիցս խօսած եմ։ Անոնք պէտք է այս բանէն հրաժարին՝ քանի տակաւին ուշ չէ։ Անոնք երբեք չեն կրնար մրցիլ մեզի հետ։ Մենք պատերազմ չենք ուզեր։ Մենք հասանք մեր ուզածին, ապահովեցինք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, պետական ինքնիշխանութիւնը։ Կարգ մը արեւմտեան երկիրներ Հայաստանը կը դրդեն նոր պատերազմի, ինչ որ աղէտ կ՚ըլլայ անոր համար։ Ես հայկական կողմին բազմիցս բացատրած եմ, որ պէտք չէ ենթարկուիլ սադրանքներու։ Բայց Հայաստան կը շարունակէ զինուիլ։ Տեսնելով այս բանը՝ մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք որեւէ սադրանքի։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը գտնուին լիարժէք մարտական պատրաստութեան վիճակի մէջ», ըսաւ ան։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ երկրի ռազմական ձեռքբերումները ուղղուած չեն ոեւէ մէկուն դէմ եւ անոնց նպատակն է պաշտպանունակութեան բարձրացումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութեան ժողովէն վերջ, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Վահան Կոստանեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանէն պարբերաբար հնչած մտահոգութիւններուն, որոնք կը վերաբերին սպառազինութիւններու ձեռքբերման։ «Հայաստանի ռազմական ձեռքբերումները կ՚ապահովուին երկրի պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու նպատակով եւ ուղղուած չեն ոեւէ մէկուն դէմ», ըսաւ ան։
Բաց աստի, Վահան Կոստանեան ընդգծեց, որ Պաքուի մէջ յաջորդ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած COP29 կլիմայի փոփոխութեան գագաթաժողովին Երեւանի մասնակցութեան հարցին շուրջ տակաւին վերջնական որոշում մը չէ առնուած։ «Հայաստան այս հարցը կը կապէ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու թափին հետ», ըսաւ ան։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ հայկական կողմը շահագրգռուած է խտացնել շփումները ատրպէյճանական կողմին հետ՝ հնարաւորինս կարճ ժամկէտի մէջ աւարտելու համար խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին համաձայնեցումը։ Կոստանեան բացատրեց, որ ենթադրեալ փաստաթուղթի բոլոր դրոյթներուն վերաբերեալ այս պահուն չկայ վերջնական համաձայնութիւն։ Տակաւին գոյութիւն ունին խնդիրներ, որոնք կը շարունակուին մնալ չհամաձայնեցուած։ Երեւան-Պաքու բանակցութիւնները պիտի շարունակուին։
Փոխ-նախարարին հարց տրուեցաւ, թէ արդեօք կը շարունակէ՞ խնդրայարոյց մնալ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ պահանջը։ Ի պատասխան՝ Վահան Կոստանեան ըսաւ. «Հայաստանի Սահմանադրութեան հարցը խաղաղութեան պայմանագրի մաս չի հանդիսանար»։