«ԿԱԶՓՐՈՄ» Կ՚ԱՇԽԱՏԻ ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Ռուսաստանի ուժանիւթի բնագաւառի հսկաներէն «Կազփրոմ» ընկերութիւնը ներկայիս Իրանի հետ աշխատանք կը տանի Հայաստան կազ մատակարարելու փոխանակման գործողութիւններու հարցին շուրջ։ Ծանօթ է, որ «Կազփրոմ» Ռուսաստանի բնական կազի պետական ընկերութիւնն է եւ անոր ղեկավարը՝ Ալեքսէյ Միլլէր Լիւքսեմպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Վրաստանի փոխ-վարչապետ, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Քախա Քալածէի հետ։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներով, Ալեքսէյ Միլլէր նշած է, թէ «Կազփրոմ»ի եւ Վրաստանի միջեւ երէկ շարունակուած են քննարկումները՝ Ռուսաստանի բնական կազը Վրաստանի տարածքով տարանցիկ ճանապարհով փոխադրելու նիւթին շուրջ։
Ալեքսէյ Միլլէր ընդգծեց, որ Լիւքսեմպուրկի մէջ անդրադարձ կատարած են այս նիւթին եւ իրենք ներկայիս իրենց իրանցի գործընկերներուն հետ կը քննարկեն փոխանակման գործողութիւններու հարցը։
Սոյն նիւթը կը շօշափուի ծաւալուն ու մանրամասն ամբողջի մը մէջ։ Արդարեւ, կը նախատեսուի Իրանէն Հայաստան կազամատակարարման միջոցաւ՝ Վրաստանի տարածքը օգտագործել տարանցիկ փոխադրութիւններու համար եւ այս բոլորին առընչութեամբ ներկայիս բանակցութիւնները կը շարունակուին շահագրգիռ կողմերուն միջեւ։