ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած հա­մա­լիր հե­տա­խու­զա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շրջագ­ծով ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ Ար­մա­ւի­րի մար­զի բնա­կիչ Գա­րիկ Խա­չի­կի Մա­րու­քեան (1977)։ Վե­րո­յի­շեալ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­պա­հո­վուած տուեալ­նե­րու լոյ­սին տակ 4 Դեկ­տեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին ձեր­բա­կա­լուած է երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն Գա­րիկ Մա­րու­քեան, որ ե­ղած է պա­հես­տա­զօ­րի գնդա­պետ։ Ան եր­կար տա­րի­ներ զբա­ղե­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան զա­նա­զան զօ­րա­մա­սե­րու հե­տա­խու­զու­թեան պե­տի պաշ­տօն­ներ։ Վե­րո­յի­շեալ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ըն­թաց­քին ստու­գուած է, որ հա­մա­ցան­ցի ըն­կե­րա­յին կայ­քէ­ջե­րուն մի­ջո­ցաւ ան կապ հաս­տա­տած է Ատր­պէյ­ճա­նի յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հետ։ Այդ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը ե­ղած են Ատր­պէյ­ճա­նի յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու Թուր­քիոյ մէջ գոր­ծող լծակ­նե­րը։ Գա­րիկ Մա­րու­քեան վար­ձատ­րու­թեան դի­մաց ա­նոնց փո­խան­ցած է ծա­ռա­յու­թեան բե­րու­մով ի­րեն յայտ­նի դար­ձած տուեալ­ներ, ո­րոնք կը պա­րու­նա­կէին նաեւ պե­տա­կան գաղտ­նիք­ներ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս կա­պակ­ցու­թեամբ յա­րու­ցուած է քրէա­կան գործ՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Քրէա­կան օ­րէնսգր­քի 299-րդ յօ­դուա­ծի ա­ռա­ջին մա­սի յատ­կա­նիշ­նե­րով եւ Գա­րիկ Մա­րու­քեա­նին մե­ղադ­րանք ա­ռա­ջադ­րուած է պե­տա­կան դա­ւա­ճա­նու­թեան հա­մար։ Այժմ կը կա­տա­րուի նա­խաքն­նու­թիւն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015