ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԻՄՔ
Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ նոր իրաւական շրջանակային փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններու սկիզբին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, նախընթաց օր Պրիւքսէլի մէջ այդ բանակցութիւններու մեկնարկը պաշտօնապէս ազդարարուեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Եւրոմիութեան միասնական արտաքին քաղաքականութեան ու պաշտպանութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի։ Պրիւքսէլի մէջ Նալպանտեանին ունեցած ելոյթը ցոլացուց այս պահու դրութեամբ Երեւանի ղեկավարութեան ունեցած պատկերացումները՝ Պրիւքսէլի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու, յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Եդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը։
Ուրախ եմ գտնուելով Պրիւքսէլի մէջ՝ միասին ազդարարելու Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ բանակցութիւններու մեկնարկը։
Հայկական կողմը վաղուց իր պատրաստակամութիւնը արտայայտած է Եւրոպական միութեան հետ շրջանակային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ, ինչ որ ըստ արժանւոյն պիտի ցոլացնէ մեր համագործակցութեան խորութիւնն ու էութիւնը։ Մենք ուրախ ենք, որ մեր յարաբերութիւններու իրաւական նոր հիմքին շուրջ բանակցութիւններ ստեղծելու Եւրոպական միութեան խորհուրդի որոշումը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ յառաջ երթալու այս ճանապարհով։
Հայաստան սերտ կապեր ունի Եւրոպական միութեան հետ եւ մտադիր է աւելի զարգացնել եւ ամրապնդել համապարփակ համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ նկատի ունենալով մեր պարտաւորութիւնները այլ համարկման ձեւաչափերուն մէջ։ Այս նպատակաուղղուածութիւնը ունի խոր արմատներ։ Հայաստանի նախագահի բնորոշումով «Հայ ժողովուրդը եւրոպական քաղաքակրթութեան անբաժանելի մասն է իր անցեալով, մշակոյթով, ներկայ նպատակներով եւ իղձերով»։
Իսկապէս, որքան որ հին է եւրոպական քաղաքակրթութիւնը, այնքան եւ հին են իր հետ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կապերը։ Անոնք կու գան դարերու խորքէն՝ այն ժամանակներէն, երբ մեր ժողովուրդի լուսաւորեալ զաւակները իրենց ներդրումը կը բերէին ձեւաւորման այն արժէքային համակարգին, որ այսօր կը կոչուի եւրոպական արժէքներ։
Յենլով այդ ընդհանուր արժէքներուն վրայ՝ մենք յանձնառու ենք մարդու իրաւանց եւ օրէնքի գերակայութեան շարունակական խթանման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ դատական համակարգի բարելաւման, արդիւնաւէտ կառավարման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման։ Այս առումով մենք շնորհակալ ենք Եւրոպական միութեան իր արժէքաւոր աջակցութեան համար։
Հայաստանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումները, որոնք Եւրոպայի խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովին կողմէ արժանացած էին ամենաբարձր գնահատականի ու բնորոշուած էին միջազգային չափանիշներուն համահունչ, եւս մէկ կարեւոր քայլ է՝ ուղղուած այս նպատակներէն շատերուն իրագործման։ Այդ բարեփոխումները հաստատուած են երէկ տեղի ունեցած հանրաքուէի սկզբնական արդիւնքներով։
Առեւտուրի ու ներդրումներու ընդլայնման համար միջավայրի հետագայ կատարելագործումը եւ ոլորտային համագործակցութեան ընդլայնումը մեր ընդհանուր օրակարգի առաջնահերթութիւններու շարքին են։
Մեր յարաբերութիւններու իրաւական հիմքի քննարկումներուն հետ մէկտեղ՝ հայկական կողմը Եւրոպական յանձնաժողովի համապատասխան մարմիններուն հետ ներգրաւուած է ԵՄ-ի զանազան նախաձեռնութիւններուն մէջ մեր մասնակցութեան վերաբերեալ բանակցութիւններուն։
Մենք մեծապէս կը կարեւորենք մարդկային շփումները եւ մեր քաղաքացիներու ազատ շարժունակութիւնը կը դիտարկենք որպէս կարեւոր նախադրեալ՝ մեր հասարակութիւնները իրարու աւելի մօտ դարձնելու համար։ Արդէն երկու տարիէ ի վեր կը գործեն ԵՄ-Հայաստան մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման եւ յետընդունման համաձայնագրերը։ Մենք համոզուած ենք, որ հասունցած է պահը՝ յառաջ երթալու եւ սկսելու մուտքի արտօնագրային դրութեան ազատականացման շուրջ երկխօսութեան։
Ելնելով նախորդ ամիս տեղի ունեցած բարեյաջող բանակցութիւններէն՝ մենք կ՚ակնկալենք մօտակայ օրերուն համաձայնագրեր ստորագրել ԵՄ-ի շարք մը նախաձեռնութիւններուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան վերաբերեալ. օրինակ՝ «Հորիզոն 2020»ը եւ Փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու մրցունակութեան ծրագիրը (COSME)։ Փոխադրութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի կառավարութիւնը յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը Եւրոպական միութեան հետ ստորագրելու «Ընդհանուր օդագնացութեան տարածք»ի համաձայնագիրը, որ ուղղուած է «Բաց երկնքի» քաղաքականութեան միջոցաւ օդագնացութեան շուկայի ազատականացման։
Հայաստան քաջ կը գիտակցի զանազան ձեւաչափերու մէջ ընդգրկուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Մենք վաղուց աւելի հեռատես մօտեցում որդեգրելու կողմնակից եղած ենք՝ օգտուելու այն լայն հնարաւորութիւններէն, որոնք ընձեռուած են համարկման շրջանակներուն կողմէ եւ օգտագործելու անոնց ընձեռած առաւելութիւնները՝ համահունչ համագործակցութեան ու գործընկերութեան ոգիին։
Ես հաւատացած եմ, որ մենք այսօր նոր խոստմնալից էջ մը կը բանանք Հայաստան-Եւրոպական միութիւն փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւններուն մէջ։ Շատեր, որոնք երկու կողմէն պէտք է ներգրաւուին բանակցային գործընթացին, նորեկներ չեն եւ հարուստ փորձառութիւն կուտակած են անցեալին։ Ես հաւատացած եմ, որ անոնց գիտելիքները եւ նպատակաուղղուածութիւնը լաւագոյնս պիտի ծառայէ ընդհանուր գործին։
Յաջողութիւն կը մաղթեմ մեր համատեղ ջանքերուն համար եւ վստահ եմ, որ մենք պիտի շարունակենք յառաջ ընթանալ ճիշդ ուղղութեամբ։ Կը շնորհաւորեմ մեզ բոլորս այս կապակցութեամբ եւ կը մաղթեմ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ։