ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ՝ ՄԻՆՉԵՒ Ո՞ՒՐ

Ան­գա­րա-Մոս­կուա առ­կայ լարուա­ծու­թիւ­նը ներ­կա­յիս հետզհե­տէ կ՚անդ­րա­դառ­նայ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Մինչ հար­ցա­կան­նե­րը կը բազ­մա­նան, Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան հա­ւա­տա­րիմ կը մնան ի­րենց ընդ­հա­նուր ռազ­մա­վա­րու­թեան։ Ռու­սաս­տան ա­ւե­լի յար­ձա­կո­ղա­կան ըն­թաց­քով մը հան­դէս կու գայ, աշ­խու­ժա­նա­լով նաեւ Ի­րաք-Սու­րիա ա­ռանց­քին վրայ։ Իսկ Թուր­քիա ա­ւե­լի պա­ղա­րիւն ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը որ­դեգ­րած է ու կը ջա­նայ աշ­խար­հին ցոյց տալ Քրեմ­լի­նի բուն նպա­տակ­նե­րը։

Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ խո­ցուած Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­նա­ւի խնդի­րը հա­սած է այն­պի­սի հար­թու­թեան մը, ուր ոչ միայն տա­րած­քաշր­ջա­նի, այլ նաեւ մի­ջազ­գա­յին կլի­ման կ՚են­թար­կէ փո­փո­խու­թեան։ Տե­ղա­կան մա­մու­լէն մեկ­նա­բան­ներ կը մատ­նան­շեն, որ Ռու­սաս­տան օ­դա­նա­ւի ճգնա­ժա­մը պատ­րուակ կը ծա­ռա­յեց­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու հա­մար։ Ար­դա­րեւ, դէպ­քի պա­տա­հած Նո­յեմ­բե­րի 24-էն ի վեր Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բազ­մաբ­նոյթ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կած է՝ ամ­րապն­դե­լու հա­մար իր դիր­քե­րը Թուր­քիոյ շուրջ։ Բա­ցի Սու­րիա­յէն եւ Ի­րա­քէն, այդ քայ­լե­րը կ՚ընդգր­կեն այլ եր­կիր­ներ եւս. ինչ­պէս՝ Ի­րան, Հա­յաս­տան, Հա­րա­ւա­յին Կիպ­րոս ե­ւայլն։ Երբ հար­ցա­կան­նե­րը կ՚ա­ճին թա­փով, քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը կը փոր­ձեն կան­խա­տե­սում­ներ ը­նել նաեւ այն մա­սին, թէ այդ մտա­հո­գիչ թա­փը պի­տի հաս­նի մին­չեւ ո՞ւր ու պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ ե՞րբ։

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան հար­թու­թեան վրայ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ կը շա­րու­նա­կուի բուռն պայ­քա­րը։

Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Վոս­փո­րէն ան­ցած ռու­սա­կան ռազ­մա­նա­ւու վե­րա­բե­րեալ հար­ցը վեր­ջին օ­րե­րու վառ նիւ­թե­րէն մին է։ Ծա­նօթ է, որ այդ նա­ւու տախ­տա­կա­մա­ծին վրայ գտնուած էր շար­ժուն հրթի­ռով ռուս զի­նուոր մը, ինչ որ գրգռու­թիւն նկա­տուած էր Թուր­քիոյ կող­մէ։ Ան­գա­րա­յի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պա­նը հրա­ւի­րուած էր Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն։ Իսկ ե­րէկ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա մեկ­նա­բա­նեց այս դէպ­քը։ Ան ը­սաւ, թէ նա­ւու անվ­տան­գու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը օ­րի­նա­կան ի­րա­ւունք մըն է, եւ ռու­սա­կան նա­ւը չէ խախ­տած ո­րե­ւէ մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ։ «Մեր դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը փոր­ձած էին թրքա­կան կող­մէն պար­զել, թէ յստակ ո՞ւր է խախ­տու­մը։ Ա­նոնց­մէ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու են­թա­թեքս­տի մը եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մա­սին յղում­նե­րէ զատ ո­չինչ լսած ենք», ը­սաւ ռուս բան­բե­րը։

Թուր­քիա ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը շա­րու­նա­կէ պա­ղա­րիւ­նու­թեան կո­չեր ը­նել Ռու­սաս­տա­նին, որ կը սահ­մա­նէ տնտե­սա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը միշտ կը յայտ­նէ, որ ի պա­հան­ջել հար­կին կրնայ փո­խա­դար­ձել՝ եւ ար­դէն ու­նի պատ­րաս­տու­թիւն­ներ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ Սամ­սու­նի նա­ւա­հան­գիս­տին մօտ կը սպաս­ցուին ռու­սա­կան նա­ւե­րը եւ թոյլ­տուու­թիւն չի տրուիր ա­նոնց նա­ւա­հան­գիստ մօ­տե­նա­լուն։ Իսկ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ իր կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբա­կի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա եր­բեք թոյլ չի տար պար­տադ­րանք­նե­րու։ «Ռու­սաս­տան պէտք է հասկ­նայ հե­տե­ւեա­լը. այս­տեղ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան սահ­մանն է։ Սահ­մա­նի միւս կող­մին­ներն ալ մեր եղ­բայր­ներն են եւ ա­նոնց ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թիւնն ալ մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է։ Մեր սահ­մա­նի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է։ Մեր ձեռք ա­ռած ա­մէն տե­սակ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց կը հե­տապն­դէ մեր եր­կի­րը պաշտ­պա­նե­լու նպա­տա­կը, ուղ­ղուած է Սու­րիոյ քա­ղա­քա­յին­նե­րուն օ­ժան­դա­կե­լու։ Մենք պատ­րաստ ենք Ռու­սաս­տա­նի հետ տե­սակ­ցե­լու եւ ա­մէն տե­սակ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում ու­նե­նա­լու։ Սա­կայն եր­բեք չենք թոյ­լատ­րեր, որ մե­զի բան մը պար­տադ­րուի», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու ու շեշ­տեց, թէ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նէն միակ խնդրուածն է էմ­փա­թին։ «Ե­թէ Քիե­ւի կա­ռա­վա­րու­թեան կո­չին ըն­դա­ռաջ ռմբա­կո­ծէինք ու Ուք­րայ­նոյ այն շրջան­նե­րը, ուր Ռու­սաս­տան ու­նի ազ­գա­կան­ներ, ի՞նչ կ՚ը­նէիք», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։

Իր կար­գին, Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ ե­րէկ Քրեմ­լի­նի մէջ հրա­պա­րա­կաւ ստանձ­նեց խո­ցուած ռու­սա­կան SU-24 ռազ­մաօ­դա­նա­ւի սեւ արկ­ղը։ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կուի կողմէ այդ մէ­կը յանձ­նուե­ցաւ ի­րեն, իսկ Փու­թին յանձ­նա­րա­րեց այդ մէ­կը ու­սում­նա­սի­րել ան­պայ­ման մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գէտ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ։ Ռուս ղե­կա­վա­րը այս առ­թիւ կրկնեց իր այն պնդում­նե­րը, ըստ ո­րոնց դա­շու­նա­հա­րուած են Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ, զոր կը նկա­տէին բա­րե­կամ ու դաշ­նա­կից ու կը մտա­ծէին, թէ միաս­նա­բար պի­տի պայ­քա­րին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։

Մինչ Ռու­սաս­տան Թուր­քիոյ շրջա­կայ­քին կը կա­տա­րէ զի­նուո­րա­կան կու­տա­կում­ներ, այս ամ­բող­ջին մէջ կա­րե­ւոր տեղ մը զբա­ղեց­նել սկսած է նաեւ Ի­րաք, ուր երկ­րի հիւ­սի­սի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան հրա­ւէ­րով Թուր­քիա զի­նուոր­ներ ու­ղար­կեց շա­բա­թա­վեր­ջին։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րե­լիք տե­ղա­կան զօր­քե­րը մար­զե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ թրքա­կան կող­մը այս զօր­քե­րը ու­ղար­կեց Մու­սու­լի մեր­ձա­կայ­քը։ Այս խնդի­րը տե­ղի տուաւ Պաղ­տա­տի կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան վե­րա­պա­հու­թեան եւ թէ ան­մի­ջա­պէս Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ բե­րուե­ցաւ ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի օ­րա­կար­գին վրայ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ այ­սօր Ան­գա­րա կ՚այ­ցե­լէ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի, որ կը հիւ­րըն­կա­լուի Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ ան ե­րէկ յայտ­նեց, թէ ի­րենց տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով այս նիւ­թին շուրջ նա­խա­պէս պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նէր Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­քի մի­ջեւ։ Ան Ռու­սաս­տա­նին ալ կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի նոր խնդիր­ներ չյա­րու­ցուին։ Ար­դա­րեւ, ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւե­րու թռիչք­նե­րուն պատ­ճա­ռով Պաղ­տա­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հրա­հան­գով դադ­րե­ցուած են թռիչք­նե­րը դէ­պի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան շրջա­նի օ­դա­կա­յան­նե­րը։ Ե­րէկ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ա­նըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րէ թուրք զի­նուո­րա­կան­նե­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը Ի­րա­քի մէջ։ Իսկ Մե­սուտ Պար­զա­նի հա­մո­զուած է, թէ թուրք զի­նուոր­նե­րուն հեր­թի փո­փո­խու­թիւ­նը կը չա­փա­զան­ցուի, իսկ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի հար­ցով Ռու­սաս­տա­նի օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բաղ­ձա­լի մա­կար­դա­կի վրայ չէ։ Ան տե­ղե­կա­ցուց, որ Մոս­կուա­յի եւ Պաղ­տա­տի հետ շփման մէջ են՝ Էր­պի­լի եւ Սիւ­լէյ­մա­նիէի օ­դա­կա­յան­նե­րու վե­րա­գոր­ծարկ­ման հար­ցին շուրջ։

Ան­գա­րա այս ա­ռանց­քին շուրջ եւս կը գոր­ծէ նպա­տա­կաս­լաց։ Պաղ­տա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ կ՚ըն­թա­նան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ ու կը հա­ղոր­դուի, թէ ա­նոնց ըն­թաց­քը կը հա­մա­րուի բա­րե­յա­ջող։ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, որ մտա­դիր է յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Ի­րաք այ­ցե­լել։ Բաց աս­տի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ե­րէկ այս նիւ­թին շուրջ հան­դէս ե­կաւ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Պար­զա­նիի այ­սօ­րուան ժա­ման­ման ըն­դա­ռաջ Ան­գա­րա տե­ղե­կա­ցուց, որ իր զօր­քե­րը թէեւ ետ չի քա­շեր Մու­սու­լէն, սա­կայն ա­ռայժմ դադ­րե­ցուած են նոր կու­տա­կում­նե­րը։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ման­րա­մասն անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Թուր­քիոյ գլխա­ւո­րու­թեամբ յա­ռաջ տա­րուած մարզ­ման գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Առ­կայ խնդիր­նե­րը Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­քի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ալ կը քննար­կուին։

Միւս կող­մէ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիու­սի հետ՝ շօ­շա­փե­լով տա­րած­քաշր­ջա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն ու ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015