27 ՏԱՐԻ ԱՆՑ
(Կը նուիրեմ սիրելի աշակերտներուս՝ Սօսին, Արտեոմին, Ժիրայրին ու Վահրամին, որոնք երկրաշարժի ահաւոր աղէտէն ետք Մելգոնեան բերուեցան ուսում ստանալու)
Այսօր համայն հայաշխարհը կ՚ոգեկոչէ Սպիտակի ու Լենինական (Կիւմրի)ի երկրաշարժի 27-րդ տարելիցը։
Տարերային աղէտ մը արդարեւ, որ Հայ ժողովուրդի վերջին կէսդարեայ պատմութեան մէջ դարձաւ ամենաողբերգականը, որ ցայսօր կը մղկտայ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ, ի մասնաւորի երբ ոտք կը դնէ այդ փլատակ-կիսաւեր-կիսակառոյց տարածքներուն վրայ:
Օդերեւութաբանական գիտական տուեալները ատենին արձանագրած էին, թէ երկրաշարժի ընթացքին աղէտի գօտիի երկրակեղեւի ընդերքէն դուրս ժայթքած էին Հիրոշիմայի վրայ նետուած տաս աթոմական ռումբերու պայթիւնի համարժէք ուժանիւթ, որուն պատճառով երկրաշարժի ալիքը տարածուած էր համարեա աշխարհով մէկ մինչեւ այլ ցամաքամասեր...:
Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, այդ օր երկրաշարժին որպէս հետեւանք արձանագրուեցան 25 հազար զոհուած մարդ, 140 հազար հաշմանդամներ, եւ կէս միլիոն մարդ մնաց անօթեւան։
Այսօր 27 տարի անց, մեր հայեացքները կրկին սեւեռելով աղէտի գօտիներու տարածքին պատահած իրադարձութիւններուն, ու տակաւին կը շարունակենք մատնանշել գոյութիւն ունեցող մարդկային ողբերգութիւնը: Իսկ ամենադառնագոյնը այդ ողբերգական երեւոյթին կը մնայ այն՝ որ ցարդ այդ տարածքներուն վրայ գոյութիւն ունին անօթեւան մնացած քաղաքացիներ, որոնք դեռ կը սպասեն իրենց բնակարաններու կառուցման...:
Այս տարեշրջանի ընթացքին մեծ թիւով հայեր աշխարհի զանազան անկիւններէն ի մի համախմբուեցան Հայաստան ոգեկոչելու համար Եղեռնի 100-ամեակը: Բի՜ւր յարգանք բոլոր անոնց, որոնց այցելութիւնները կը ծառայէին իրենց նպատակին, ազգային ու միջազգային համագումարներու ընթացքին իրենց արհեստագիտական ներդրումը ունենալուն համար: Սակայն բիւրաւոր հայ այցելուներէն քանի՞ն արդեօք գէթ հայու ճիտին պարտքը համարելով իրենց զբօսաշրջիկութեան ծրագրին ընդ-գըրկեցին այց տալ աղէտի գօտի ու զգա՜լ մարդկային տարրական իրաւունքներէն իսկ զրկուածներուն թշուառութիւնը, տկար հոգիներու ստրկական խոնարհութիւնը, կեանքի պարտուածներուն գլխիկոր համակերպութիւնը հանդէպ իրենց հրամցուած սեւ ճակատագրին: Իսկ եթէ իրապէս այցելութիւնը կայացաւ, մի՞թէ կրցան նշմարել այդ թիթեղաշէն հիւղակներու երդիքին տակ ծուարած, բոցեղէն հոգիներով սաւառնելու սահմանուած մարդ էակին մէջ տեսնել՝ ըմբոստութենէ պարտուած հայու հոգիներ, որոնք ոչ միայն անձնատուր եղած են կեանքին հրամցուցած դաժան պայմաններուն, այլեւ իրենց հոգիներուն մէջ հանգած է կեանքի կրակը եւ խռոված է անարդարութեան զգացումով լեցուն հոգին անոնց:
Այսօր 27 տարի անց, իւրաքանչիւր հայու իրաւունքն է տեսնել էապէս վերազարթնած Կիւմրի մը, վերականգնած Սպիտակ մը ու հզօ՛ր Կիրովական մը, նման Երեւանի շքեղ ու նորակառոյց տարածքներուն: Այսօր պահն է մոռնալու գեղեցիկը եւ փնտռել ճշմարտութիւնը: Եւ ճշմարտութիւնը անկեղծութիւնն է ապրելու ներդաշնակ միութեամբը մտածումի, զգացումի, խօսքի, կեանքի եւ գործի:
Որպէս հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած հայեր, այսօր պա՛հն է սիրելու Հայաստանը ոչ միայն Հրաշք Երեւանով, այելեւ իր ամբողջական տարածքներով Սպիտակով, Կիւմրիով, Տաւուշով ու Մեղրիով: Ինչո՞ւ տագնապիլ ամենադոյզն փափաքներուն համար, որոնց բախտակից ենք բոլորս խոնարհութեան ու զրկանքին մէջ: Ի՜նչ հզօր հմայք է մարդկային համակրանքը, որ սրտերու մէջ անծանօթ՝ զգայուն կարեկցութեան եւ եղբայրակցութեան ճամբայ կը բանայ, որպէսզի զգանք կոտտումը վէրքին՝ որ մեր նմանին սրտին վրայ 27 տարի առաջ բացուեցաւ ու դեռ կը կոտտայ իր լուռ ցաւերուն մէջ...:
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ