ՀԱՄՊՈՒՐԿԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Համպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Կազմակերպութեան նախարարաց խորհուրդի 23-րդ ժողովի երկօրեայ աշխատանքին շրջագծով օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Համպուրկեան հարթակը Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ օգտագործուեցաւ հերթական անգամ միջազգային հանրութեան փոխանցելու համար յստակ պատգամներ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Հաւաքի ընթացքին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը որքան որ կը խորացնէ իր ռազմատենչ, ծայրայեղ յայտարարութիւններն ու անզիջող դիրքորոշումը, ապա այնքան կը դառնայ սեփական հռետորաբանութեան գերին։ Ուշագրաւ է, որ ԵԱՀԿ-ի նախարարներու Համպուրկի հաւաքին հետ նոյն օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Ստեփանակերտ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը՝ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ։ Իսկ Համպուրկի մէջ հայկական դիւանագիտութիւնը տարաւ լուրջ աշխատանք։ Եդուարդ Նալպանտեան հաւաքի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու մեծամասնութիւնը յատկացուած էր ղարաբաղեան հիմնախնդրին։ Բաց աստի, ան հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, եռանախագահներուն եւ Նալպանտեանի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ շարք մը հարցերու։ Ըստ Նալպանտեանի, արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր Ատրպէյճան կը մերժէ իրականացնել Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ այսպէսով իսկ խոչընդոտելով բանակցային գործընթացի յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծուիլը։
Հարկ է նշել, որ Համպուրկի մէջ տեղի չունեցաւ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ որեւէ հանդիպում, հակառակ անոր, որ այդ մէկը նախօրօք կը նկատուէր հաւանական։ Նոյնպէս տեղի չունեցաւ 2+3 ձեւաչափով տեսակցութիւն մը, որու մասին խօսած էր Պաքու։
Համպուրկի մէջ երէկ ղարաբաղեան հակամարտութեան անդրադարձան Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Ճոն Քերի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով, հիւրընկալ Գերմանիոյ (ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ) Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր, Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան ու պաշտպանութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ այլ դէմքեր։ Քերի համոզուած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը սպառնայ ամբողջ Եւրոպայի անվտանգութեան։ Արդարեւ, Ուքրայնոյ եւ Վրաստանի խնդիրներուն նման Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձգձգուած հակամարտութիւնն ալ նոյնպէս վտանգ կը ներկայացնէ Եւրոպայի տեսակէտէ։ Սէրկէյ Լաւրովի խօսքերով, նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու նկատմամբ հաւատարմութիւնը բոլոր բարդ հակամարտութիւններու կարգաւորման բանալին է, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը։ Լաւրով մատնանը-շեց, թէ որեւէ հակամարտութիւն անհրաժեշտ է լուծել համաձայնեցուած ձեւաչափերով՝ կողմերու լիարժէք մասնակցութեամբ, անոնց շահերու հաւասարակշռութեան պայմանով։
Ֆետերիքա Մոկերինի Համպուրկի մէջ յայտնեց, որ Պրիւքսել տակաւին յոյս ունի, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի պիտի կոչուին։ Ըստ իրեն, Եւրոմիութիւնը կոչ կ՚ուղղէ հակամարտ կողմերուն՝ որպէսզի բանակցութիւններ վարեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն շուրջ։ Շթայնմայէրն ալ դիտել տուաւ, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը պէտք է ունենայ երկրորդ բախտ մը։ Ան լիակատար աջակցութիւն յայտնեց Մինսքեան խմբակին նկատմամբ եւ աւելցուց, թէ հրադադարի դրութիւնը պէտք է ըլլայ անխախտ եւ քաղաքական կարգաւորման շուրջ պէտք է սկսին իսկական բանակցութիւններ։ Գերմանացի նախարարի խօսքերով, անցեալ Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրուած պատերազմը ապացուցանած է Եւրոպայի խաղաղութեան ճարտարապետութեան խոցելիութիւնը։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ հակամարտութեան գօտիներէն ներս հիանալի աշխատանք կը կատարէ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի պարագան։ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի բանաձեւումով՝ ԵԱՀԿ-ին վիճակած դերակատարութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան լարուածութեան թուլացումն է։ Արդարեւ, բնականաբար ան չի կրնար լուծել հակամարտութիւնները, սակայն կրնայ նուազեցնել ռիսքերը։ Ղարաբաղի պարագային ԵԱՀԿ ներդրած է աւանդ մը ու նպաստած՝ որպէսզի հակամարտութիւնը դառնայ վերահսկելի։ Ներկայիս գլխաւորը վստահութեան վերականգնումն է, ինչ որ երկարատեւ գործընթաց մը կ՚ենթադրէ։
Բաց աստի, ԵԱՀԿ-ի յաջորդ շրջանային նախագահ երկրի՝ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպաստիան Քուրց եւս Համպուրկի մէջ խօսեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ։ Սեպաստիան Քուրց ընթացիկ տարուան տեւողութեան ԵԱՀԿ-ի կողմէ դիմագրաւուած հիմնական մարտահրաւէրներու շարքին թուարկեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերականգնումը։
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց երկրի հարաւ-արեւելեան սահմանագօտին եւ ուղեւորուեցաւ Արցախ։ Իրեն ընկերացան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Մովսէս Յակոբեան, զինուորական հարցերով խորհրդականը՝ Միքայէլ Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ Սերժ Սարգսեան դիմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Պաշպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ։ Երկու նախագահները ներկայ գտնուեցան նոր զօրանոցի մը բացման արարողութեան։
Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութենէն ներս, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ռազմական համագործակցութեան շրջագծով տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ։ Բարձրաստիճան զինուորականներու մասնակցութեամբ քննարկուեցան բանակաշինութեան վերաբերեալ հարցեր։ Լեւոն Մնացականեան անդրադարձաւ վերջին ամիսներուն առաջնագծին վրայ կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագրերուն։ Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ բանակը սպառազինութեամբ եւ նոր փորձագիտութիւններով համալրելու վերաբերեալ հարցեր։
ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Համպուրկի մէջ ունեցած երկկողմանի հանդիպումներուն ծիրէն ներս տեսակցեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ։ Ծանօթ է, որ Գերմանիա ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է եւ վերջին երկու օրերուն ընթացքին հիւրընկալեց կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի գերմանական նախագահական աջակցութիւնը Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։ Կարգաւորման գործընթացի համատեսքին մէջ Նալպանտեան Շթայնմայէրի ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ Ատրպէյճան կը հրաժարի կեանքի կոչել հիմնահարցի հանգուցալուծման գործընթացի յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղեալ՝ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, աւելի՛ն՝ կը շարունակէ սրել իրավիճակը Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ շփման գծին վրայ։
Միւս կողմէ, Շթայնմայէր երէկ պատասխանեց ազէրի լրագրողի մը հարցման, որ կը վերաբերէր բանակցային գործընթացի մատնուած փակուղիին։ «Ես չեմ ուզեր ցոյց տալ մատով, բայց պատասխանատու են անոնք, որոնք այս տարի Ապրիլին սկսան հակամարտութեան, որու հետեւանքով շատ մարդիկ տուժեցին։ Համանախագահները կ՚աշխատին բանակցութիւնները վերսկսելու ուղղութեամբ, բայց սա ընել դիւրին չէ Ապրիլէն յետոյ», ըսաւ ան։