ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԻՒՄՐԻ
1988 թուականին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի տարելիցին առթիւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այց մը տուաւ Հանրապետութեան Շիրակի մարզը եւ ընդհանրապէս Հիւսիսային հատուածը։ Կիւմրիի մէջ ան յարգեց երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը՝ թողլով նաեւ ծաղկեպսակ մը։
Նոյնպէս Կիւմրիի մէջ Կարէն Կարապետեան այցելեց «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը, նաեւ տեսակցեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Իր շրջայցը ընդգրկեց նաեւ Վանաձոր եւ Սպիտակ քաղաքները։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցները անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցան Կարէն Կարապետեանի շփումներուն, որոնց ընթացքին ան պատասխանեց նաեւ անոնց հարցումներուն։