ՔԵՐԻԻ, ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՒ ԷՅՐՈՅԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Համպուրկի մէջ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրօ կոչ ուղղեցին, որպէսզի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերադառնան բանակցութիւններու սեղանին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, միջնորդ երկիրներու նախարարները համոզուած են, որ նախագահները պէտք է ճկունութիւն ցուցաբերեն վերադառնալու համար բանակցութիւններու սեղանին շուրջ ու պատրաստակամութիւն յայտնեցին հիւրընկալելու համար անոնց հաւանական հանդիպումը, երբ որ անոնք ըլլան պատրաստ։
«Մենք համոզուած ենք, որ նախագահները պէտք է բարեխղճօրէն եւ հնարաւորինս շուտ ներգրաւուին բանակցութիւններուն։ Նախագահներու շարունակական եւ ուղիղ երկխօսութիւնը, համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ, կը շարունակէ վստահութեան ամրապնդման եւ խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու առանցքային բաղկացուցիչը մնալ։ Եթէ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չարձանագրուի, նոր բախումներու հաւանականութիւնը պիտի շարունակէ աճիլ եւ կողմերը պիտի կրեն այդ մէկուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը», նշուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ, ուր կոչ ուղղուած է Սարգսեանին եւ Ալիեւին՝ որպէսզի վերսկսին բանակցութիւնները եւ յարգեն նախորդ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներ իրականացնելու մասին։ Նոյն յայտարարութեան մէջ միջնորդները կոչ ուղղեցին Պաքուին եւ Երեւանին՝ յարգել Մայիսի 16-ին Վիեննայի եւ Յունիսի 20-ին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնց մասին համատեղ յայտարարութիւններ հրապարակուած են։ Համպուրկի համատեղ յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ նախարարները ողջունեցին հակամարտ կողմերու արձանագրած յառաջընթացը՝ Կարմիր խաչի հովանաւորութեան ներքեւ անհետ կորսուածներու մասին տեղեկատուութեան փոխանակման հարցին մէջ։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի վերացուին խոչընդոտները ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի ընդլայնման հարցին մէջ եւ յառաջընթաց արձանագրեն ԵԱՀԿ-ի կողմէ հետաքննական դրութեան ստեղծման գծով։ Այդ առաջարկները պէտք է կեանքի կոչուին անմիջապէս, կարգաւորման բանակցութիւններու վերսկսման համար։
Քերի, Լաւրով եւ Էյրօ նաեւ գնահատականներ տուին անցեալ Ապրիլի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն վերաբերեալ. «Ապրիլին շփման գծին վրայ բռնութիւններու ողբերգական սաստկացման համատեսքին մէջ մենք մտահոգուած ենք զինեալ բախումներու շարունակութեամբ, ներառեալ ծանր հրետանիի օգտագործումը եւ խստօրէն կը դատապարտենք ուժի կամ ուժի գործադրութեան սպառնալիքի կիրառումը։ Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի եւ քաղաքացիական անձերու շրջանակներէն ներս զոհերու եւ վիրաւորներու համար չկայ որեւէ արդարացում։ Մենք նաեւ տեղեակ ենք Ապրիլին մարտի դաշտի վրայ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն եւ խստագոյնս կը դատապարտենք զանոնք»։
Համատեղ յայտարարութեան հեղինակները կոչ ուղղեցին հակամարտ կողմերուն, որպէսզի՝ վերահաստատեն հակամարտութիւնը խաղաղ կերպով հանգուցալուծելու իրենց պատրաստակամութիւնը, որպէս տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն իսկական հաշտեցումը ապահովելիք միակ ճանապարհ։ Անոնք յորդորեցին խստօրէն պահպանել 1994-1995 թուականներու հրադադարի պայմանագրերը, որոնք հիմք կը հանդիսանան հակամարտութեան գօտիէն ներս պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման համար։
Քերի, Լաւրով եւ Էյրօ խորապէս համոզուած են, որ Սարգսեան եւ Ալիեւ պէտք է բարի կամքով հնարաւորինս արագ ներգրաւուին բանակցութիւններուն, ինչ որ վստահութեան կառուցման եւ խաղաղ բանակցային գործընթացի մէջ յառաջ ընթանալու հիմնարար տարրն է։ Անոնք մատնանշեցին, որ կարգաւորումը հիմնուած պէտք է ըլլայ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի յայտնի երեք սկզբունքներուն հիման վրայ. տարածքային ամբողջականութիւն, ժողովուրդներու ինքնորոշում եւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառում։ Անոնք յիշեցուցած են նաեւ համանախագահ երկիրներու նախագահներուն կողմէ առաջարկուած յաւելեալ տարրերը, որոնք կը նախատեսեն Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներու վերադարձը Ատրպէյճանին, Լեռնային Ղարաբաղի համար միջանկեալ կարգավիճակ, որ կ՚ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ, Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը միացնող միջանցք, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակը սահմանելիք իրաւականօրէն պարտադիր կամքի արտայայտութիւն, տեղահանեալներու եւ փախստականներու վերադարձ եւ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ, որոնք կը ներառնեն խաղաղապահ գործողութիւն։
Նախարարները մատնանշեցին, որ իրենց երկիրները պիտի շարունակեն սերտօրէն աշխատիլ հակամարտ կողմերուն հետ եւ կոչ ուղղեցին՝ որպէսզի անոնք ամբողջութեամբ օգտուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդական օժանդակութենէն։