Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ
Պերլինի մէջ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Պունտեսթակի մէջ երդուելէ վերջ ընկերվարական Օլաֆ Շլոց ստանձնեց Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնը։ Ան Անկելա Մերքելէն պաշտօնավարութեան հերթը ստանձնեց՝ անոր նուիրելով ծաղկեփունջ մը։ Այսպէսով Մերքելի՝ որպէս վարչապետ պաշտօնավարութեան 16-ամեայ ժամանակաշրջանը հասաւ աւարտին եւ Գերմանիոյ քաղաքական կեանքէն ներս նոր էջ մը բացուեցաւ։ Պունտեսթակէ ներս նոր վարչապետի ընտրութեան քուէարկութեան Անկելա Մերքել հետեւեցաւ՝ որպէս հիւր։
Օլաֆ Շլոց այսօր իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տայ Փարիզ, ուրկէ կ՚ուղեւորուի Պրիւքսել՝ Եւրոմիութեան կեդրոնը։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021