ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔ

Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մատնուած ծանր կացութիւնը եւ անոր անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչած ահազանգը զօրակցութեան աննախընթաց ալիք մը ստեղծած է։ Հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս շատ լայն արձագանգ կը գտնէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ահազանգը եւ բառին բուն իմաստով շարժում մը ծնունդ առած է անոր առաքելութեան եւ դերակատարութեան յարատեւութեան հրամայական բնոյթը ընդգծելու նպատակով։

Այս շրջանակին մէջ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնն ու «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը տեղ տուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առկայ մարտահրաւէրներու լրջութեան։ Այս երկու լրատուամիջոցները օրկանական կապ ունին իրարու հետ։ Այսպէս, թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթին մէջ եւ այդ մէկը նոյնութեամբ թողարկուեցաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան կողմէ։ Սոյն հարցազրոյցը հրապարակուած է Մարիամ Աւագեանի ստորագրութեամբ։ Զօրակցութեան տրամադրութիւններով կատարուած այս հրապարակումներուն համար կու գանք շնորհակալութիւն յայտնել «Արմէնփրէս»ի ընդհանուր տնօրէն Արամ Անանեանին եւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ի գլխաւոր խմբագիր Արթուր Ղարակէօզեանին։ Հարկ է նշել,  որ ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անցեալ հոկտեմբերի 28-ի խմբագրականը, այնպէս ալ այս հարցազրոյցը զանազան թերթերու կողմէ կ՚արտատպուի այս շրջանին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Արա Գօչունեանի յայտարարութիւնները, որոնք հեղինակին կողմէ մատուցուած են այն շեշտադրումով, որ Թուրքիոյ մէջ տպագրուող ամենահին օրաթերթը հայերէն է։

*

-Պարո՛ն Գօչունեան, իսթանպուլահայ մտաւորականութեան՝ հարուստ պատմութիւն ունեցող ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը այսօր խնդիրներ ունի. ի՞նչ դժուարութիւններու մասին է խօսքը, ուրկէ՞ յառաջացած են անոնք:

-Թերթին խնդիրները հիմնականօրէն նիւթական են: Բոլորս ալ հայ մամուլի իրականութիւնը գիտենք, մեր թերթը երբեք նիւթական խոշոր պաշարներ չէ ունեցած, բայց ունէինք առնուազն նուազագոյն պայմանները: Վերջին 4-5 տարիներուն հաւասարակշռութիւնները խախտուեցան՝ պայմանաւորուած ենթակայական ու առարկայական պատճառներով: Վերջին տարիներուն անորոշութիւն կար Թուրքիոյ հայութեան մէջ. պառակտում նկատուեցաւ: Այդ ամբողջ ժամանակին մենք կը փորձէինք անաչառ ըլլալ՝ բոլոր կողմերուն բացատրելով, որ խնդիրը լուծելու ներուժ խորքին մէջ ոչ մէկ կողմ ունի. խնդրին լուծումը միասնականութեան մէջ է: Մարդիկ մեզ սկսան պիտակաւորել՝ քանի որ ինչ բանէ որ կը զգուշացնէինք, յաջորդ պահուն իրականութիւն կը դառնար: Այդպէս որոշեցին, որ մեր թերթը զրկեն համայնքի նիւթական աջակցութենէն: Թերթին մէջ մանրամասնօրէն կը լուսաբանուին Թուրքիոյ հայութեան իրաւունքներուն, պետութեան հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մասին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր հայրենի Հայաստանին առընչուող յօդուածներ կը տպագրուին: Պարզապէս, մեր առանձնայատկութիւնը այն է, որ կ՚աշխատինք ու կ՚ապրինք թրքահայ իրականութեան մէջ. ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բնօրրանը պոլսահայութիւնն է:

-Դուք նշեցիք, որ բեւեռացումներու հետեւանքով զրկուեցաք համայնքի միջոցներէն օգտուելու հնարաւորութենէն, իսկ մինչ այդ համայնքային ի՞նչ հնարաւորութիւններ կային:

-Համայնքային կառոյցները աւանդաբար պաշտօնական ծանուցումներ կու տան մամուլին: Սակայն ժամանակի ընթացքին այդ մէկը աստիճանաբար կը նուազի: Անոր վրայ նաեւ անմիջական ազդեցութիւն ունեցած են երկրի տնտեսական վիճակը, համավարակի առթած դժուարութիւնները, որոնց հետեւանքով եկամուտի շատ լուրջ կորուստ ունեցանք: Ունինք վարձակալած երկու տարածք՝ խմբագրակազմի ու տպագրական աշխատանքներու համար: Զանոնք պահելը բաւական բարդ դարձաւ մեզի համար, այսինքն՝ հասանք այնպիսի կէտի մը, ուր յաջորդ քայլը ընելը այլեւս կարելի չէ: Այս օրհասական իրավիճակին կը փորձենք ամէն գնով հաղորդ դարձնել համայնքը, որպէսզի գոնէ մեր մէկ տարուան պիւտճէն ապահովենք, կարենանք աշխատիլ: Մենք յստակ կը գիտակցինք, որ ժամանակները կը փոխուին ու հաւանական է, որ մեր թերթը պայմանական տասը տարի ետք դուրս գայ շրջանառութենէ, սակայն կը տեսնենք, որ դեռ տպագիր տարբերակին պահանջարկը կայ:

-Թերթը ի՞նչ տպաքանակով լոյս կը տեսնէ:

-Այս պահուն ունինք 1000 տպաքանակ: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ամենահին հայերէն օրաթերթն է, որ 114 տարի է ի վեր անընդհատ լոյս կը տեսնէ: Մենք կ՚ուզենք ժամանակակից լրատուական միջավայրին համապատասխան քալել, իսկ անոր համար պէտք է պատրաստուիլ, ինչ որ նաեւ նիւթական պաշարներ կը պահանջէ: Ունինք պաշտօնական կայքէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ ներկայութիւն կ՚ապահովենք: Մեր գործունէութեան մաս կը կազմէ նաեւ գիրքերու հրատարակումը: Այսինքն՝ միայն թերթ չէ այս, այլ նաեւ բազմագործառոյթ կառոյց:

-Պարո՛ն Գօչունեան, որքանով հասկնալի է, Դուք ունիք նաեւ Ձեր առանձին տպարանը, ուր բացի թերթէն նաեւ հրատարակչական գործեր ալ կը կատարէք: Կը մանրամասնէ՞ք:

-Մենք հրատարակչական գործունէութիւն կ՚իրականացնենք ոչ անոր համար, որ մեր տպարանը ունինք, քանի որ բաւական համեստ է այդ ու միայն մեր օրաթերթը տպելու հնարաւորութիւն կու տայ: Պէտք է նշեմ, որ Իսթանպուլը՝ ըլլալով մեծ քաղաք, կեդրոնական տեղամասերու մէջ տպագրատուներ չունի, ուստի որեւէ բան տպելու համար քիլօմեթրեր պէտք է անցնիլ: Թերթը չի սպասեր. կազմուելէ ետք պէտք է անմիջապէս տպուի, թէ չէ յետոյ այլեւս պիտանի չ՚ըլլար՝ քանի որ թերթը երեկոյեան կը տարածուի: Զուգահեռաբար կ՚աշխատի նաեւ մեր կայքէջը, որ խթան կը համարուի տպագիր թերթին համար: Մեր ցանկութիւնը հետեւեալն է. աւանդականը վերարտադրելով քալել ժամանակին համընթաց:

-Իսկ թերթը քանի՞ էջ է եւ ի՞նչ ձեւաչափով լոյս կը տեսնէ, հատավաճա՞ռ է, թէ կարելի է նաեւ բաժանորդագրուիլ անոր:

-Թերթը 4 էջ է, (...): Ե՛ւ հատավաճառ է, եւ՛ բաժանորդագրութիւն ընելու հնարաւորութիւն ունի, ելեկտրոնային բաժանորդագրութեան ձեւաչափ ալ ունինք: Սա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ սփիւռքին հասու դարձնելու մեր թերթը:

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Ձեր օրաթերթի խնդիրներուն հանգուցալուծումը:

-Նախ եւ առաջ պէտք է կազմել ճանապարհային քարտէս ու շարժիլ անով: Սկզբնական շրջանին պէտք է մեր յաջորդ տարուան պիւտճէն ապահովենք, որպէսզի կարենանք աշխատցնել թերթը: Այսօր մեր մայր հայրենիքը դժուարին կացութեան մէջ է եւ, իսկապէս, վատ կը զգանք, որ այս օրհասական պահուն նման խնդիր կը բարձրացնենք: Արեւմտահայերէնով հաղորդակցուողներուն համար ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի չըլլալը բարոյալքիչ հանգամանք է, քանի որ իրենց համար այդ ամուր յենարան է մամլոյ դաշտին վրայ:

-Պարո՛ն Գօչունեան, իսկ մեր օրաթերթը ինչո՞վ կրնայ նպաստել Ձեր խնդիրներու լուծման:

-Մենք կը փափաքինք, որ այս ահազանգը համատարած արձագանգ գտնէ. հաւանական է, որ ըլլան որոշ լծակներ, անհատներ, կառոյցներ, որոնք չնայած առկայ հանգամանքներուն՝ կրնան գնահատել պատմութիւն կերտած օրաթերթին բացառիկ նշանակութիւնը եւ օգնել դիմագրաւելու անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Մենք բաց ենք առաջարկներու եւ պատրաստ ենք գործակցութեան համար: Շնորհակալութիւն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021