ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԿԱՐ ԵՒ ՄԻ՛ՇՏ ԱԼ ԿԱՅ «ԺԱՄԱՆԱԿ»Ը

Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի երիցագոյն ներկայացուցիչներէն Պոսթոնի «Հայրենիք»ը յատուկ խմբագրականով մը արձագանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ահազանգին։ Հայ իրականութեան այս հեղինակաւոր լրատուամիջոցին կողմէ թերթիս նկատմամբ արտայայտուած աջակցութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր խմբագրութեան ու մանաւանդ իր գլխաւոր խմբագրին՝ մեր սիրելի պաշտօնակից-բարեկամ Զաւէն Թորիկեանին։

Ժամանակին կար ու չկար․․․։

Այսպէս կը սկսին հեքիաթները, որոնք այդ միեւնոյն ոճով ալ կը վերջանան։ Միթէ սկիզբ եւ վերջ գոյութիւն ունի՞ հեքիաթին պարագային։ Շինծու պատմութիւն մըն է հեքիաթը, որուն լրջութիւն մը տալու համար կարելի է առաւելագոյնը նկատի ունենալ իբրեւ առասպել։

Պոլսոյ «Ժամանակ»ը տարբեր է։ Լոկ մելան հոսեցնելու համար չէ որ կը տպուի, կամ բովանդակութիւնը կը տեղադրուի կայքէջի մէջ։

Կարելի չէ սկսիլ «ժամանակին կար ու չկար»ով մը։

Իւրայատուկ թերթ է «Ժամանակ»ը, իր բովանդակութեամբ, լրջութեամբ եւ յարատեւութեամբ։ Այս վերջինը պէտք է շեշտել։ Կարելի չէ հայորդիէն, յատկապէս սփիւռքահայէն զրկել այս թերթը։

«Ժամանակ»ին մէջ պոլսահայ կեանքին կողքին, ներկայ են Հայաստանը, մօտէն եւ ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուած վիրաւոր Արցախը, Սփիւռքը, հայոց պատմութիւնը, արուեստն ու մշակոյթը։

Անուններ նշելու ժամանակը չէ, որովհետեւ «Ժամանակ»ի խմբագիրն ու աշխատակիցները իսկապէս բառին բուն իմաստով գործ կը տանին եւ կ՚արտադրեն։ Մակարդակ կայ հոն։

Երեւակայեցէ՛ք Երեւանի կեանքը ինչպէս որ է, որ շատ աւելի հարազատ եւ իրապաշտ ակնոցով ու ոճով կը ներկայացուի «Ժամանակ»ին մէջ։ Բաղդատական կարելի չէ ընել հայրենի մամուլին հետ։ Միթէ այս վերջինը փորձ մը կատարա՞ծ է նմանօրինակ նիւթեր արծարծելու։

Այսպէս, Գրիգոր Զօհրապի ծննդավայրին դրացի «Ժամանակ»ը իրապաշտօրէն կը ներկայացնէ նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ։ Դժբախտաբար, ինքնին «Լուռ Ցաւեր»ու մէջ է «Ժամանակ»ը, զոր պէտք է անպայման դուրս բերել անդունդէն։ Ցաւը լուռ է եւ լուրջ։ Լուրն ալ յար եւ նման է գոյժի։

Այո՛ ․․․ «Ժամանակ»ը հեքիաթ չէ, այլ իրական եւ իրապաշտ ներկայութիւն մը։ Ահաւոր ոճիր է թերթ փակելը, յատկապէս «Ժամանակ»ի նման կառոյց մը, որ հրատարակչատուն ալ ունեցած է եւ Մեսրոպաշունչ գիրքեր լոյս ընծայած։

Նոյնիսկ խորթ ու անյարիր պիտի ըլլայ, Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»էն դասական «Մի քիչ փող ուղարկեցէ՛ք» խօսքը մէջբերելը։

Չէ՜․․․ «Ժամանակ»ը կարելի չէ այդ ճակատագրին հասցնել։

Հուսկ, պոլսահայ գրականութեան այլ մեծերէն՝ Զահրատ կարճ եւ իմաստուն «Համառօտ Քերականութիւն» բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ․-

Ես վերջակէտն եմ, որմէ վերջ ամէն բառ

Գլխագիրով կը սկսի

Ու ես նորտողն եմ, որմէ վերջ ամէն կեանք

Երջանկութեան կը նայի։

Թող վերջակէտը վերջին կէտը չրլլայ եւ անկաշկանդ ու ազատօրէն արտայայտուելով «Ժամանակ»ը միշտ ալ նոր տողերով եւ գրութիւններով մնայ գործօն եւ տնտեսական հիմերու վրայ՝ հաստատ ու երջանիկ։

Ժամանակն է փրկելու «Ժամանակ»ը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021