ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԴԷՊՔ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կը շարունակեն կրակոցներ հնչել։ Երէկ ուշ երեկոյեան Ատրպէյճանի բանակը հերթական անգամ կրակ բացած է Հայաստանի սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած մարտական դիրքերու վրայ։ Հայաստանի Պաշպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։ Ատրպէյճանի բանակը տարբեր տրամաչափէ զինատեսակներով կրակ բացած է։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղած է ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնը սրելու միտուած սադրիչ գործողութիւններէ։

Երէկ, աւելի շուտ ալ հաղորդուած էր, որ Ատրպէյճանի զօրքերը թիրախաւորած են հայկական բանակի ջրատար մեքենաներէն մին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021