ՓԱԿՈՒՂԻԻ ՄԷՋ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

«Վստահ չեմ, թէ կը հասցնենք մինչեւ տարեվերջ ունենալ խաղաղութեան պայմանագրի քիչ թէ շատ վերջնական տարբերակ», յայտարարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ։ Ըստ Արարատ Միրզոյեանի, խաղաղութեան կամ յարաբերութիւններու հաստատման կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները աշխոյժ փուլի մէջ են, կը շարունակուին։ Նոր խմբագրութեամբ փաստաթուղթ մը կը շրջանառուի։ Այժմ հայկական կողմը ստացած է Պաքուի հերթական առաջարկները եւ հանդէս պիտի գայ իր հերթական առաջարկներով։ Դժբախտաբար, կողմերու մօտեցումները բազմաթիւ հարցերու մէջ տակաւին շատ հեռու են իրարմէ, բայց, նաեւ բանակցութիւններն ալ այս իսկ բանին համար են, որպէսզի կարելի ըլլայ հեռու դիրքորոշումներու միջեւ ընդհանուր եզրեր գտնել եւ ունենալ համատեղ արդիւնք։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները առայժմ կը շարունակուին։ Կան իրարու համար անընդունելի հատուածներ, կան հատուածներ, ուր կողմերը կրնան իրարու ընդառաջ քայլեր առնել։ Այս պահուն մինչեւ տարեվերջ հանդիպում մը ծրագրուած չէ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։ Բայց ես կ՚ենթադրեմ, թէ մինչեւ տարեվերջ մենք կ՚ունենանք հանդիպում մը եւս։ Յամենայնդէպս, մենք պատրաստ ենք այդ հանդիպման, մենք աշխոյժ ու շինիչ ենք այս բանակցութիւններուն մէջ։ Վստահ չեմ, թէ կը հասցնենք մինչեւ տարեվերջ ունենալ պայմանագրի քիչ թէ շատ տարբերակ, թէեւ նախապէս այդպէս յայտարարած էինք, բայց սա մտադրութեան յայտարարութիւն է։ Մեր մտադրութիւնը, մեծ հաշուով, ուժի մէջ է։ Մենք կ՚աշխատինք հնարաւորինս շուտ հասնիլ խաղաղութեան եւ այս համապարփակ կարգաւորման։ Եթէ նոյնիսկ մինչեւ տարեվերջ կարելի չըլլայ, բանակցութիւնները պիտի շարունակուին», աւելցուց ան։

Խորհրդարանի ամպիոնէն Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ օրերս Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած հերթական սադրանքին։ Խօսքը կը վերաբերի Լաչինի միջանցքի փակման՝ փաստացի շրջափակման մէջ թողլով Արցախը։ Միրզոյեանի խօսքով՝ մայրուղիի փակումը, Լաչինի միջանցքի փակումը 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում պիտի ըլլար։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան հետ բանակցութիւններու ալ արդիւնքով հարցը արագօրէն հարթուած է։ «Ընդհանրապէս, կը կարծեմ, թէ կողմերը կրնան իրարու նկատմամբ դժգոհութիւններ, առաջարկներ կամ պահանջներ ներկայացնել միայն՝ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շրջանակին մէջ, արձանագրուած եւ ընդունուած բոլոր կողմերէն. անոնք արդէն յայտնի են։ Անշուշտ, պէտք է արձանագրենք, որ իրավիճակը փխրուն է, հարցերը կարգաւորուած չեն եւ ահա նոր պահանջներու ներկայացումը կրնայ ուղղուած ըլլալ միայն իրավիճակի սրման՝ միտումնաւոր կամ ոչ, սա արդէն մեկնաբանութիւններու հարց է», ընդգծեց Արարատ Միրզոյեան։

Այլ երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելով՝ նախարարը շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ներս Հայաստան չունի որեւէ զինեալ կազմաւորում։ Ան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ ունի պաշտպանութեան բանակ, որու առաքելութիւնը Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնն է, որովհետեւ կայ էթնիք զտումներու վտանգ։

Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի վերջին պնդումներուն, ըստ որոնց հրադադարի յայտարարութեան պայմանաւորուածութիւնները ամբողջովին չեն կատարուիր։ Պայրամով մասնաւորապէս պնդած էր տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբացման հարցին վրայ՝ մեղադրելով Հայաստանը, խօսած էր նաեւ Արցախի տարածքէն ներս Հայաստանի զինեալ ուժերու ներկայութեան մասին։ Ի պատասխան այս բոլորին՝ Արարատ Միրզոյեան ըսաւ.

«Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին չունի որեւէ զինեալ կազմաւորում։ Մենք գիտենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղ ունի պաշտպանութեան բանակ։ Եւ այս միաւորման, բանակի անուանումը ինքնին կը յուշէ, որ այս բանակի առաքելութիւնը Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնն է։ Եւ այս առաքելութիւնը աւելի քան երբեւէ պահանջուած է։ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան վրայ կը շարունակեն կրակել, զայն կ՚ենթարկեն տարատեսակ ճնշումներու։ Երբ կը վերանայ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան էթնիք զտումներու վտանգը, այն ժամանակ կը կարծեմ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը կը կարողանայ քննարկել հաւանական տարբեր այլ բեմագրութիւններ»։

Գալով հրադադարի յայտարարութեան՝ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ դժբախտաբար ամբողջութեամբ կեանքի չեն կոչուած պայմանաւորուածութիւնները։ Խօսքը առաջին հերթին հայ ռազմագերիներու եւ ապօրինաբար ի պահ դրուած միւս անձերու ազատ արձակման ձգձգման կը վերաբերի։ Իսկ ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանային տնտեսական կապերու ապաշրջափակման՝ Միրզոյեան յիշեցուց նախօրէին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած՝ փոխ-վարչապետներու գլխաւորած Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի աշխատանքային խումբի հանդիպումը։ «Աշխատանքները, քննարկումները կ՚ընթանան։ Քննարկուող հարցերը բաւական բարդ են։ Բաւական բարդ շերտեր եւ ենթաշերտեր կան, բայց աշխատանքները կ՚ընթանան», աւելցուց Միրզոյեան եւ հաւաստիացուց, թէ բոլոր նիւթերուն շուրջ, բոլոր հանդիպումներուն հայկական կողմը կը դրսեւորէ առաւելագոյն կառուցողականութիւն։

Միւս կողմէ, Միրզոյեան ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ առաքելութիւնը շարունակելու ԵՄ-ի անդամ երկիրներու պատրաստակամութիւնը։

Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ յայտնեց, որ այս պահուն կայ խաղաղութեան պայմանագրի երկու տարբերակ՝ մին Մոսկուայի, իսկ միւսը Պաքուի կողմէ առաջարկուած։

ԹՈՅՎՕ ՔԼԱԱՐԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ  Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջին իրադարձութիւններուն, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման վերաբերեալ հարցեր։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան, խաղաղութեան ու կայունութեան վերաբերեալ խնդիրներու, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման, տարածաշրջանի փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացին շուրջ։ Փաշինեան ընդգծեց Փրակի հանդիպման ձեւաչափին համաձայն ապագայ քննարկումներու կարեւորութիւնը։

Արարատ Միրզոյեանն ալ Թոյվօ Քլաարի հետ կարծիքներ փոխանակեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի մշակման, սահմանազատման գործընթացի, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջին իրադարձութիւններուն եւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ։ Նախարարը նշեց, թէ հայկական կողմը հաւատարիմ է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղեալ իր դիրքորոշման։ Ատրպէյճանի շարունակական սադրիչ գործողութիւններն ու առաւելապաշտ հռետորաբանութիւնը պատճառ կը դառնան անվտանգային փխրուն իրավիճակի սրման։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան Երեւան-Պաքու խաղաղութեան գործընթացի ներկայ իրավիճակին եւ հեռանկարներուն շուրջ։ Պայրամով խօսեցաւ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն, հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման եւ սահմանազատման հարցերուն մասին։ Տոնֆրիտ նշեց, որ ԱՄՆ կը սատարէ տարածաշրջանէն ներս կայունութիւն ապահովելու ուղղեալ ջանքերուն, կը կարեւորէ խաղաղութեան գործընթացի շարունակուիլը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022