«ՍՈՒՐԻԱՆ ՊԱՐՏԱԴՐԱԲԱՐ ԼՔԱԾՆԵՐԸ ԱՅԼԵՒՍ ԿՐՆԱՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ»
Սուրիոյ շաբաթավերջի իրադարձութիւնները առիթ հանդիսացան, որպէսզի միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութիւնը վերստին թեքուի Թուրքիոյ վրայ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր անդրդուելի քաղաքականութիւն մը կը վարէր Դամասկոսի պարագային։ Արդիւնքին, թրքական կողմի պահանջներուն մէջ որեւէ ճկունութիւն չեղաւ եւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ պարտաւորուեցաւ լքելու Դամասկոսը։ Սա բոլորովին նոր իրավիճակ մը ստեղծեց թէ՛ Սուրիոյ ներքին տագնապին եւ թէ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ։ Անգարայի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերն ալ արդէն շաբաթավերջին արձագանգեցին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ միջազգային ընտանիքին ուղղեալ հաւասարակշռուած պատգամներ փոխանցեցին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որու մէջ առաջնահերթօրէն ընդգծեց, որ Սուրիոյ անկեալ ղեկավարութիւնը օդի մէջ թողած է Թուրքիոյ կողմէ երկարուած ձեռքը եւ այդ բանին արժէքը չէ գնահատած։ Էրտողան նշեց, որ այժմ սկսած նոր փուլին Սուրիոյ ժողովուրդը պիտի տնօրինէ սեփական ճակատագիրը։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով զգայնութիւնները եւ վճռականութիւնը կրկնելով՝ նախագահ Էրտողան գրառման մէջ մատնանշեց, որ Սուրիոյ տարածքէն ներս ստեղծուած նոր իրադրութեան մթնոլորտին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը ջանան որոշ արդիւնքներու հասնիլ, սակայն, այդ հաշուարկները ի դերեւ պիտի մնան։ Էրտողան ընդգծեց, որ Սուրիոյ տարածքի բոլոր տարրերը՝ ներառեալ քրիստոնեաները, յառաջիկայ շրջանին պիտի ըլլան երաշխաւորուած։
Միւս կողմէ, տեղական մամուլին մէջ արձագանգ գտած են նաեւ լուրեր, ըստ որոնց՝ Թուրքիոյ կողմէ մարզուած ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները յետայսու արդէն պիտի դառնան Սուրիոյ պաշտօնական, կազմակերպեալ, օրինական բանակը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ յայտարարեց, որ այն միլիոնաւոր սուրիացիները, որոնք պարտաւորուած էին իրենց երկիրը լքելու, այլեւս կրնան վերադառնալ։
Կը հաղորդուի, որ Սուրիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ արդէն կը քանդուին անկեալ նախագահ Պեշար Էսատի հօր՝ նախկին նախագահ Հաֆըզ Էսատի արձանները։ Մինչ այդ, Սուրիոյ Ազգային բանակը կը շարունակէ յառաջխաղացում արձանագրել Սուրիոյ տարածքէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այդ զօրքերը արդէն Մենպիչի 80 տոկոսը վերահսկողութեան տակ առած են։ Սուրիոյ անկեալ իշխանութեան ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները արդէն մուտք գործած են նաեւ Տէր Զօրի կեդրոնը, որ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի բռնագրաւման տակ կը գտնուէր։
Ուաշինկթընն ալ արձագանգեց Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նշեց, որ Էսատի մեկնումը արդարութեան յաղթանակ կը համարուի, սակայն, կան նաեւ ռիսքեր։
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐԸ
Սուրիայէն Էսատի եւ ընտանիքի մեկնելուն զուգահեռ՝ ընդհանրապէս հարթ ու խաղաղ իշխանափոխութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններ կը կատարուին եւ մօտաւոր ապագայի վերաբերեալ ակնկալութիւններն ալ ըստ այդմ կը բանաձեւուին։ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Մարիա Գաբրիէլեանն ալ շաբաթավերջին «Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ընթացքին ըսաւ. «Հայերն ու տեղացիները կը հետեւին իրավիճակին ու կը սպասեն ապագայ հաւանական իրադարձութիւններուն»։ Բաց աստի, Դամասկոսի «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնն ալ երկրի հայերուն յորդորեց մնալ իրենց բնակավայրերուն մէջ։ Կեդրոնի վարչութիւնը տեղւոյն հայութեան կոչ ուղղեց, որպէսզի զգօնութիւն ցուցաբերուի։