ԵՐԵՒԱՆ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան մասնակցեցաւ Պահրէյնի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած՝ «Մանամայի երկխօսութիւն» միջազգային ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցած ասուլիսի մը ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Իր խօսքով՝ Երեւան անկեղծօրէն շահագրգռուած է Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ։ Հայաստան կը հաւատայ, թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը դրական ազդեցութիւն կրնայ գործել նաեւ Ատրպէյճանի հետ հաշտութեան գործընթացին վրայ։
«Բայց նաեւ հաշուի առնելով, որ Հայաստան աւելի կը մօտենայ մեր արեւմտեան գործընկերներուն՝ այստեղ հաւանաբար ես պէտք է հարց ուղղեմ. ո՞ւր Թուրքիան կը տեսնէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը թէ՛ տարածաշրջանէն ներս, թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու առումով։ Ակնյայտ է, որ Հայաստան կը ձգտի մօտենալ Եւրոմիութեան, Հայաստանի ժողովուրդը ունի եւրոպական ձգտումներ։ Սահմաններու բացման պարագային Թուրքիան, որ նաեւ Եւրոմիութեան մաքսային միութեան անդամ է, կրնայ դառնալ կամուրջ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ», ըսաւ փոխ-նախարարը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՕՔԹԱՅ
Միւս կողմէ, Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ֆուաթ Օքթայ շաբաթավերջին անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ «Մենք պատրաստ ենք կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, բայց սա կ՚ընենք Ատրպէյճանի հետ միասին», ըսաւ ան Պաքուի մէջ։ Ֆուաթ Օքթայի խօսքով՝ Զանգեզուրի միջանցքի բացումը խաղաղութեան հաստատման կարեւոր պայման մըն է։ Ան աւելցուց, որ Անգարա կ՚աջակցի եւ կը միանայ Պաքուի պահանջին, որպէսզի Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի։
Ֆուաթ Օքթայ նշեց, որ Զանգեզուրի միջանցքը պիտի ըլլայ խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ զարգացման ճանապարհ տարածաշրջանի երկիրներուն համար՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի տեսակէտէ։ Միեւնոյն ժամանակ, սա կարեւոր է տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան ապահովման տեսակէտէ։ «Կը յուսանք, թէ Հայաստան չ՚անսար երրորդ կողմերու կեղծ լուրերուն եւ կեանքի կը կոչէ խաղաղութեան եւ զարգացման ծրագիրը», նշեց Ֆուաթ Օքթայ եւ աւելցուց, որ Զանգեզուրի միջանցքի աշխատանքները Ատրպէյճանի կողմէ աւարտած են, Հայաստանի սահմաններուն կը մնան աշխատանքներ, որոնք անհրաժեշտ է աւարտին հասցնել։ «Կը յուսանք, թէ մօտաւոր ապագային կ՚իրականացուի», աւելցուց ան։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան դիւանագէտներ ալ վերջին օրերուն այցելեցին Պաքու։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-պետական քարտուղարի տեղակալ Ճաշուա Հաք եւ Կովկասի բանակցութիւններու գծով պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ ընդունուեցան Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, իրենց շփումներուն ընթացքին շօշափուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ուղղեալ հերթական քայլերը։