ՆՈԹՐԸ ՏԱՄԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄԸ
Միջազգային հանրային կարծիքի՝ մանաւանդ Եւրոպայի ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Փարիզի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի մայր տաճարի՝ պատմական Նոթրը Տամի պաշտամունքի վերաբացման փառաշուք արարողութիւնը։ Հազարաւոր պաշտօնական հիւրեր ներկայ գտնուեցան՝ շուրջ հինգ տարի առաջ ծագած մեծ հրդեհով հրոյ ճարակ դարձած այս սրբավայրի պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան։ Արդարեւ, շուրջ հինգ տարուան ընթացքին անհաւատալի աշխատանք մը տարուած էր միջնադարեան այս հոյակերտ տաճարը վերականգնելու ուղղութեամբ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Փարիզի Արքեպիսկոպոսը՝ Մոնսենիէօր Լորան Ուլրիշ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոն այս փուլին հիւրընկալեցին աշխարհի բազում պետութիւններու ղեկավարութիւններէն յառաջատար դէմքեր։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ նաեւ Նոթրը Տամի պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան իր կողակցին՝ Աննա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ։ Նոթրը Տամի վերաօծման արարողութենէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան մասնակցեցան նաեւ Էլիզէի պալատին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին, որու հիւրընկալներն էին Էմմանիւէլ-Պրիժիտ Մաքրոնները եւ որուն հրաւիրուած էին արարողութեան մասնակից պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները։ Նիկոլ Փաշինեան այս փուլին առիթն ունեցաւ զրուցելու նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ-նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Թրամփի ընտրութենէն վերջ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր իր հետ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նոյն արարողութիւններուն ընթացքին Նիքոլ Փաշինեան զրուցած է նաեւ յայտնի գործարար Իլոն Մասքի հետ, որ Տանըլտ Թրամփի ապագայ իշխանութեան մէջ դերակատարութիւն պիտի ունենայ։