ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Սուրբ Յարութեան անանց աւետիսի հոգեւոր հրճուանքը ահա՛ դարձեալ համակած է մեր էութիւնը։ Քրիստոնեայ աշխարհն համայն վերստին կ՚ամրապնդուի իր հաւատքի ճանապարհին։ Սուրբ գերեզմանէն ճառագած լոյսը կը շողայ երկնակամարին վրայ։
Զատկուան մեծ ուրախութիւնը այս տարի կը զուգորդուի համաճարակի սարսափով։ Համատարած տխրութիւն, մտահոգութիւն կը տիրէ երկրագունդի վրայ։ Յոռետեսութեան, յուսալքութեան եւ ապագայի հանդէպ թերահաւատութեան ճիրաններուն մէջ են մարդիկ ամէնուրեք։ Համավարակը գերեվարած է աշխարհը։
Սուրբ Զատիկը այս իրավիճակին մէջ մեզի կը բերէ տօնական աւետիսը։ Սա սովորական տօն մը չէ։ Ընթացիկ, պարզ կամ մակերեսային տօնակատարութիւն մը չէ։ Այս տարին է, որ բացառիկ է։ Արդարեւ, այս տարի համավարակը կ՚արգելափակէ հաւատացեալներու ներկայութիւնը եկեղեցիներու մէջ։ Մարդիկ զուրկ են արարողութեան մասնակցելու կարելութենէն։ Հաւկթամարտերը՝ գուցէ, նոյն անձի երկու ձեռքերու հաւկիթներով միայն...
Եւ ահա այս միջավայրին մէջ կը բիւրեղանայ ամէն ինչ։ Արդարեւ, այսօր հոգեւոր ուրախութիւն կ՚ապրին, թարմութիւն ու եռանդ կը զգան բոլոր անոնք, որոնք Սուրբ Յարութեան խորհուրդին հաղորդ են եւ այդ խորհուրդը կը տօնեն։ Տօնական ուրախութիւնը զգալու ի վիճակի են այն մարդիկ, որոնց համար հաւատք սնուցանել չի նշանակեր ինքնախաբկանք։ Խայտաբղէտ իրերու ճոխութեան մէջ չէ զատկուան ուրախութիւնը։ Այդ մակերեսայնութենէն անդին խորհուրդ մը կայ տօնելու։ Անոնք, որոնք հաղորդ են այդ խորհուրդին, 2020-ի Սուրբ Յարութեան տօնը հոգեւոր հրճուանքի, բարոյական դիմադրութեան ուժի վերածելու գաղտնիքին կը տիրապետեն։ Սուրբ գերեզմանէն ճառագած լոյսը թող թափանցէ համայն մարդկութեան ներաշխարհին։ Երկար ատենէ ի վեր տօնական բոլոր օրերու անփոփոխ մաղթանքն էր խաղաղութիւնը, որուն վրայ հիմա եկած է աւելնալ առողջութիւնը։ Հոգեւոր հրճուանք զգալու ընդունակութիւնը նաեւ կը մատուցէ տոկուն, հզօր ըլլալու բանալիները՝ դիմադրելու համար ամէն դժուարութեան։ Կրկնենք, ուրեմն, տօնական աւետիսը՝ նոր խաչմերուկներու վրայ եւ նոր լաբիւրինթոսներու մէջ.
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։