Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին աշխարհաբար փոխադրումով կը սկզբնաւորուի Նարեկի թարգմանական պատմութիւնը
Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած աւանդը ունի զանազան երեսակներ։ Այդ ամբողջին մէջ կարեւորագոյնը կը համարուի նոյնինքն այս օրաթերթը, որ 112 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ անխափան։ Քասիմի ժառանգութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ առաջին անգամ իր կողմէ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս կազմակերպուած շնորհանդէսը եկաւ բիւրեղացնել Քասիմի ժառանգութեան այս երեսակի ամբողջ խորութիւնը։
Հոգելոյս փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեան այդ փոխադրումը որակած էր «թարգմանութիւն-մեկնութիւն»։ «20-րդ դարուն աշխարհաբար հայերէն կրող հայ ընթերցողը տակաւին անհաղորդ էր հայ գրականութեան այս մեծագոյն արժէքին։ Գօչունեանի թարգմանութիւնը պատմական արժէք ունի, որովհետեւ այդ պայմաններուն ներքեւ ան նախաձեռնեց աշխարհաբար առաջին ամբողջական փոխադրութեան։ Գօչունեանի ժամանակ չկար Մատեանի քննական բնագիրը եւ այդ ժամանակ առաջին քայլերը կը կատարուէին Նարեկացիի գրական ժառանգութեան գիտական ուսումնասիրութեան առումով», ըսած էր ան՝ շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուած վերահրատարակութենէն անմիջապէս վերջ։
Աշխարհաբար առաջին հրատարակութենէն 117 տարի անց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերահրատարակեց Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։ Ցայսօր միայն Քասիմի փոխադրածն էր, որ չէր վերատպուած որեւէ անգամ։ Ուստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մտայղացաւ եւ իրականացուց այդ վերահրատարակութիւնը։
Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքին արժէքը անդրանցած է ժամանակները։ Այս վերջին տարիներուն Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ Այսպիսի իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանին համընկնած է Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին գրաբար բնագիրէ աշխարհաբարի փոխադրութեան վերահրատարակութիւնը։ Համընկնած իրադարձութիւնները խորհուրդներու միահիւսման գետին պատրաստած ըլլային կարծես։
Հոգելոյս Հրաչիկ Միրզոյեան Քասիմի տարած աշխատանքի պատմական արժէքը շատ բարձր գնահատած էր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին ժամանակ ալ այդ հանգամանքը շատ լաւ բանաձեւումով մը ընդգծեց նաեւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։ Այսպէս, Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին աշխարհաբար փոխադրումով կը սկզբնաւորուի «Նարեկ»ի թարգմանական պատմութիւնը։
Մեր մաղթանքն է, որ Նարեկացի մեծ սուրբի բարեխօսութեամբ միշտ խնկարկուի Քասիմի անթառամ յիշատակը։