Բողոքի ձայն մը՝ զուսպ ոճով…
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ VADİP-ի ժողովները ընդհանրապէս եւ սկզբունքօրէն բաց են մամուլին։ Բայց երէկուան ժողովը դռնփակ էր։ Առանց պատճառաբանութեան համայնքային վարիչները համախմբուեցան փակ դռներու ետին։ Դժբախտաբար, ընտրովի մօտեցումով, ժողովներէն մին քմահաճ ձեւով դռնփակ կամ միւսը մամուլին համար բաց կը կազմակերպուի։ Սա VADİP-ի լրջութեան տեսակէտէ լուրջ հարց մըն է։ Անոր հեղինակութեան եւ կարգավիճակին վերաբերեալ վէճերը կը խորանան այս ընթացքով։ Միւս կողմէ, համայնքէն ներս դռնփակ ժողովներու կազմակերպման նախընթացները կը խորանան մտահոգիչ թափով։
Բազմաթիւ համայնքային վարիչներ, որոնք զանազան միջավայրերու մէջ հանդէս կու գան ժողովրդավարութեան առաքեալի դիրքերէն, ներքին առումով կը փորձեն կաշկանդել կամ սահմանափակել համայնքային մամուլին աշխատանքը, ինչ որ արդարացում մը չի կրնար ունենալ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ։ Բնականաբար, ամէն ինչ չի խօսուիր հրապարակաւ, սակայն մեր համայնքի իրականութեան առանձնայատկութիւններն ալ յաւելեալ նրբերանգներ կը վերագրեն այդ իրողութեան։ Արդարեւ, մեր համայնքի ընդհանուր խղճին մօտ երբեք հարիւր տոկոսով չեն արդարանար դռնփակ միջավայրերու մէջ, ոչ-թափանցիկ գործելաոճով առնուած որոշումները՝ ովքեր որ ալ ըլլան անոնց հեղինակները, կամ ինչ մակարդակի կամ աստիճանի յարաբերութիւններու մէջ որ ալ գտնուին։
Մեր համայնքային մամուլը այսօր ներքին առումով համագործակցութեան նուազագոյն մակարդակէն շատ հեռու է։ Ամուլ մրցակցութեան մը փակուղին այն աստիճան խորացած է, որ մամուլը նոյնիսկ իր հասարակաց շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար համախմբուելու ի վիճակի չէ։Ճի՛շդ է, որ սա տկարութիւն մըն է, ճի՛շդ է, որ սա խոցելի վիճակ մը կը ստեղծէ, սակայն այս երեւոյթը պատճառ մը չի կրնար հանդիսանալ, որպէսզի համայնքային վարիչները օգտուելով այդ հանգամանքէն փորձեն սահմանափակել մամուլին աշխատանքի հնարաւորութիւնները, խոչընդոտներ ստեղծեն հանրային կարծիքի լուսաբանման առաքելութեան ճանապարհին վրայ եւ գործեն մշուշի ետին։
Դժբախտաբար այս ահազանգը հնչեցնելու ստիպողութիւն կ՚ունենանք՝ համայնքին տեսակէտէ նուրբ ժողովի մը շարժառիթով։ Հետեւաբար, բողոքի մեր ձայնը զուսպ ոճով կ՚արտայայտենք։ Միայն կ՚ուզենք աւելցնել, թէ երէկուան ժողովին ընթացքին կարգ մը պոռոտախօսներ փորձած են իրենց խելապատիկէն բխած միտքերով առաքելութիւն եւ գործունէութիւն ձեւել մեր մամուլին համար։ Հաւաքական կեանքէ ներս լաւագոյնին հասնելու անհրաժեշտ նախապայմաններէն մին այն է՝ որ մարդիկ գիտնան իրենց չափն ու սահմանը, չսայթաքին զանոնք խախտելով։
Այս համայնքին վարիչները եթէ չունենան մեր մամուլին զօրակցութիւնը, ապա դժուար, թէ կարենան երաշխաւորուած աշխատանք մը տանիլ թաքնուելով ժողովասրահներու փակ դռներու ետին։