ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ…

Զատիկ է, դարձեալ… Սուրբ Յարութիւնը քրիստոնէական փիլիսոփայութեան առանցքն է, միանշանակ։ Պարտութեան մատնել մահը, յաղթել անոր ու վեր կանգնիլ, յարութիւն առնել՝ ապրիլ։ Սա կեանքի տօնն է եւ իւրաքանչիւր զատիկ ապրելու տօնախմբութիւն է՝ մանաւանդ յոյսի յաղթանակը յուսալքութեան եւ յուսախաբութեան դէմ։ Չէ՞ որ, վերապրելու յամառութիւնը կը գնահատուի կեանքի հոլովոյթին մէջ։

Քրիստոնէական փրկութեան խորհուրդը հայուն համար ամբողջ արժեհամակարգ մըն է։ Հազարամեակներու մաքառում մըն է հայուն պատմութիւնը՝ միշտ յարատեւելու տագնապով ու գոյատեւելու հեւքով։ Իւրաքանչիւր զատիկ նոր տագնապի մը սկիզբը եղած ըլլար կարծես՝ իր բերած յոյսի թարմութիւնով հանդերձ։

Զատիկը այս տարի տարբե՞ր է միթէ… Ի՞նչ կը տօնախմբէ հայը՝ եթէ ոչ յոյսը։ Ի՞նչ կայ անոր տօնական աւետիսին մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջը ի՞նչ կը պարփակէ։ Եւ ահա՛ զատիկ մը եւս… Յոյս կայ, որ Թորգոմի տունը վերստին կը ծաղկի խաղաղութեամբ։ Յոյս կայ, որ Հայկազեան ազգը դարձեալ թռիչք կ՚առնէ միասնակամութեամբ։ Յոյս կայ, որ Նաիրեան աշխարհին վրայ նորովի կը շողայ արեւը։

Ուրեն, «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», որ թարգմանի՝ «Աջ քո հովանի լիցի ի վերայ ազգիս հայոց»։ Շնորհաւո՜ր հայուն զատիկը…

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2022