Հասարակաց յայտարար
Վերջին շուրջ ինն տարիներու ընթացքին, երբ թափուր է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, կ՚երեւի՝ թրքահայութիւնը երբեք այսքան յոյսով չէր տոգորուած։ Այդ յոյսը դարձած է հասարակաց յայտարար մը՝ մեր համայնքին համար։ Համախմբող յոյս մըն է այս մէկը, մեր համայնքի անդամները միաւորող։ Այդ յոյսը նաեւ յիշեցում մըն է, որով թրքահայութիւնը պէտք է առաջնորդուի՝ իր իւրաքանչիւր անդամի նո՛յն նաւուն ուղեւորն ըլլալու գիտակցութեամբ։ Այդ յոյսը թարմացուցած է այն անհերքելի իրողութիւնը, թէ այս համայնքի իւրաքանչիւր անդամը ճակատագրակից է։
Յոյսի լոյսը ճառագայթած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Շուրջ ինն տարիէ ի վեր մեր համայնքը զրկուած է հովիւէ մը, որ բազմելով Պոլսոյ նուիրապետական աթոռին վրայ՝ կը տարածէ իր հովանին թրքահայ կեանքին վրայ եւ ամենակարեւորը՝ իր պատգամով կը ներազդէ անոր իւրաքանչիւր անդամի խղճին եւ իր յորդորներով կու տայ ընդհանուր ուղղութիւն մը անոր հաւաքական կեանքին։
Պատմութիւնը, թէեւ, ցոյց կու տայ, որ մեր ժողովուրդը չէ հակուած երբեք հարիւր տոկոսով հնազանդիլ Պատրիարքական Աթոռին, սակայն վերջին ինն տարիները ցոյց տուին, որ անոր տկարացումը ի՛նչ վիճակի կրնայ հասցնել համայնքային կեանքը։ Բեւեռացում, պառակտում, հարազատութեան զգացումի տկարացում եւ մասամբ նորին... Առկայ համայնապատկերի ստորոգելիները, դժբախտաբար, չեն ներշնչեր լաւատեսութիւն։ Կրնա՞յ շարունակուիլ այսպէս։ Ո՛չ, անշուշտ, ո՛չ...
Այդ «ո՛չ»ի հիմնաւորման ականատես կ՚ըլլանք այս օրերուն։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրական հետաքրքրութիւնը բաւարար եղած է՝ որպէսզի յոռետեսութեան մշուշը փարատի։ Իր կոչը եկած է բնորոշել յոյսը։ Նորին Սրբութեան բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի մի եկած են՝ Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբազանները։ Կ՚երեւի, վերջին ինն տարիներու ընթացքին որեւէ նախաձեռնութիւն այսքան միանշանակօրէն օգտակար չէր նկատուած մեր համայնքին կողմէ, այսքան չէր խանդավառած մեր ժողովուրդը։ Թրքահայութիւնը անցումային այս բարդ ժամանակաշրջանին երբեք այսքան յոյսով, լաւատեսութեամբ ու վստահութեամբ չէր տոգորուած։
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան գործընթացի շարունակութեան տեսակէտէ, առ այժմ, իրականութեան մէջ, շատ բան մը յստակացած չէ։ Այսօր, միայն վերահաստատուած է, որ նախադրեալներ կան՝ ընտրութեան գործընթացի առողջ տեւականացման երաշխաւորման տեսակէտէ։ Հիմքեր գոյացած են՝ անցումային չափազանց երկար ժամանակաշրջանի փակուղին յաղթահարելու համար։ Տրամաբանական առանցքի մը շուրջ պիտի վերադառնան այն բոլոր գործօնները, որոնք կը պայմանաւորեն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը՝ պատճառահետեւանքային կապերով հանդերձ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կշիռը բաւարար եղած է՝ որպէսզի գլխաւոր դերակատարները բարոյական ուժ գտնեն իրենց մէջ այդ փակուղիէն դուրս գալու ճանապարհին։ Վեհափառ Հայրապետի հեղինակութիւնը զանոնք առաջնորդած է համարձակութեան։ Նորին Սրբութեան արդար դատողութիւնն ու բարձր հովանին հնարաւորութիւն ստեղծած է՝ որպէսզի մաշած յարաբերութիւնները նորոգուին արժանապատիւ ձեւով։ Սա է հիմնականը։ Առ երեւոյթ լոկ խորհրդանշական միջամտութիւն մը, բարի կամեցողութեամբ օրհնութիւն մը ծնած է բաւարար ուժ մը՝ դրական արդիւնքի հասնելու համար։
Հուսկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն թէկուզ տակաւին այսօր կը սպասուին շօշափելի վերջնական լուրերու, բայց եւ այնպէս, կանխաւ կարելի է յառաջ քշել ակնկալութիւն մը։ Համայնքը պէտք է շարունակէ համախումբ մնալ յոյսի հասարակաց յայտարարին վրայ։ Սա է այսօրուանէն աւելին ապահովելու միակ գրաւականը։