ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հիմնադրութեան 114-րդ տարին կը թեւակոխէ անդունդի եզրին

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 114-րդ տարին։ Սա կ՚երեւի այս թերթի պատմութեան ամենատխուր տարեդարձն է, որովհետեւ կրնայ ըլլալ արդէն վերջինը։ Ծանր տագնապի պայմանները, փոթորկալի երկարատեւ շրջանը անդունդի եզրին բերած են հայ մամլոյ նահապետը։ Մտահոգ ենք խորապէս։

Տարի մը առաջ ճի՛շդ այսօր, հոկտեմբերի 28-ին, նախորդ տարեդարձի մեր խըմ-բագրականին մէջ ահազանգ հնչեցուցած էինք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։ Վերյիշենք. «Սա պիտի ըլլայ կա՛մ այս թերթի վերածնունդը եւ կամ վախճանը։ Հանելո՞ւկ…»։ Մէջբերումին մէջ նշուած հանելուկը ամբողջ տարի մը զուգորդուեցաւ հակասութիւններով։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դէմ յանդիման մնացած սպառնալիքը պոռթկում յառաջացուց այս թերթի՝ ամբողջ աշխարհի ընթերցողներուն եւ համակիրներուն մօտ։ Բոլորը ո՛չ միայն վերահաստատեցին իրենց կապը այս թերթին հետ, այլեւ շեշտելով շեշտեցին անոր առաքելութեան կարեւորութիւնն ու յարատեւութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ոմանք նոյնիսկ նիւթական զոհողութիւններ յանձն առին՝ այս ինքնուրոյն լրատուամիջոցին զօրակցելու համար։ Այս բոլորը շատ թանկ էր մեզի համար, անգնահատելի արժէքով եւ անփոխարինելի ջերմութիւնով։ Աշխատելու թարմ եռանդ կ՚առթէր մեզի, արտադրելու նոր յամառութեան կը մղէր։ Բայց միւս կողմէ ալ կարելի չէր ըլլալ կասեցնել այս հաստատութեան եկամուտներու անհամեմատ անկումը։ Հանելուկի հարցականները խորացան ու խորացան, թանձր անորոշութիւն մը սկսաւ պատել մեր շուրջը։

ԺԱՄԱՆԱԿ թէեւ վաղուց դարձած է համահայկական հաղորդակցութեան հարթակ մը, սակայն, անոր բնօրրանը առաջին հերթին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի եզակի միջավայրն է, ինչ-ինչ առանձնայատկութիւններով։ Ան պոլսահայութեան հաւաքական ձայնն է, ընդհանրական խօսափողը, հաւաքական պատուհանը, հայելին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութեան եւ կոչման տրամաբանական շարունակութիւնն է այս հանգամանքը, հասկնալիօրէն։ Անցեալ տարուան մեր ահազանգէն ի վեր միակ անտրամաբանականը եւ անհասկնալին եղաւ այս համայնքի վարչայիններու անտարբերութիւնը, լռութիւնը։ Թէեւ առաջին հայեացքով անտրամաբանական ու անհասկնալի, սակայն, խորքին մէջ, զարմանալի կամ անակնկալ չէ այդ անտարբերութիւնը, լռութիւնով հանդերձ։ Սա նոյնիսկ հաւաքական մեծ ցաւի մը դրսեւորումն է։ Սա կու գայ վերահաստատել, թէ որքան մեծ անջրպետ մը յառաջացած է այս համայնքի հոգեւորական թէ աշխարհական վարչայիններուն եւ ինքնութեան պահպանման համար զգայնութիւններով տոգորուած «շարքային» անհատներուն, պարզ ու սովորական, պատուական մարդոց միջեւ։

Վերջին քանի մը տարիներուն մեր համայնքէն ներս արշաւ մը սանձազերծուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դէմ, հրահրուած է արհեստական հոսանք մը, կարգ մը շրջանակներ ակնյայտօրէն թիրախաւորած են այս թերթը։ Աւելորդ է յիշեցնել, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը երկարատեւ տագնապ մը դիմագրաւած է թրքահայութիւնը։ Այժմ միայն մասամբ յաղթահարուած այդ տագնապը պատճառ դարձած է պառակտումներու, ծնունդ տուած է բեւեռացումներու։ Համատարած ձեւով մարդիկ իրարմէ օտարացած եւ իրարու դէմ թշնամացած են։ Սա ուղղորդուած է պիտակաւորումներով, մեղադրանքներով ու զրպարտութիւններով։ Իւրաքանչիւր բեւեռ փափաքած է ծունկի բերել միւսը, իւրաքանչիւր ճամբար ուզած է ոչնչացնել միւսը։ Այս ողբերգական պայմաններուն ներքեւ չեն խնայուած հաւաքական շահերը եւ անտեսուած է միասնականութիւն պահելու հրամայականը։ Երկարատեւ այս շրջանին ԺԱՄԱՆԱԿ այդ բեւեռներէն որեւէ մէկու չէ պատկանած, փորձած է մնալ անկախ ու միշտ ցոյց տուած է համերաշխութեան ու ներդաշնակութեան, հաւաքական պատասխանատուութեան ճանապարհը։ Թէեւ փորձած է հաւասար հեռաւորութիւն պահել բոլոր ճամբարներուն հետ, սակայն, անոնք բոլորով վանած են այս թերթը։

Ու տակաւին այն վարչայինները, որոնք չեն կրցած տագնապին լուծում գտնելու համար կամք դրսեւորել, սկսած են աչքի փուշ համարել ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Անոնք սկսած են անհանգստանալ այս թերթի գոյութենէն, որովհետեւ անոր հայելիէն սկսած է ցոլանալ իրենց անգործութիւնն ու ամլութիւնը։ Ոմանց համար իսկապէս շատ ջղագրգիռ ըլլալ սկսած է՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բարձրացուցած ձայնը, որ ժամանակներու մաղէն անցած ըլլալով կ՚արդարանայ երկարաժամկէտ։ Ընդհանրապէս, մարդիկ որքան որ կը հեռանան ժառանգութենէն, կը կտրուին լեզուէն՝ կարծես այնքան կը թշնամանան հայերէն թերթին։ Այդ կէտէն սկսեալ նոյն շրջանակները չեն վարանած շարժման անցնիլ պատժելու համար այս թերթը՝ տեսնելով ու համոզուելով, թէ պիտի չկարողանան գնել զայն։ Սիսթեմաթիք ձեւով դադրեցուած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տրուած ազդերը, որպէսզի նուազին անոր եկամուտները։ Հակաքարոզչութիւն սկսած է այս թերթին դէմ զանազան հարթութիւններու վրայ եւ ան դատապարտուած է անարդար ու անհաւասար մրցակցութեան։ Թուրքիոյ հնագոյն օրաթերթին, ամբողջ հայաշխարհի երիցագոյն օրաթերթին այս համայնքէն ներս գոյատեւելը հետզհետէ բեռ մը համարուիլ սկսած է, դժբախտաբար։ Այն մարդիկ, որոնք այս համայնքի հաւաքական հարստութիւնը կը տնօրինեն, որոշած են թաղել այս թերթը, որ անկախ ու անաչառ մնալու համար կը յամառի, իրենց վերահսկողութենէն դուրս կը մնայ եւ չի՛ գնուիր ու չի՛ յանձնուիր։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դէմ հաշուեյարդարի սկսաւ. ահա՛ մեր անկախ մնալու ձգտումին, անհրաժարելի սկզբունքին ծանր փոխարժէքը…

Ի՞նչ պիտի ընէին կամ այլապէս ի՞նչ կրնան ընել անոնք, որոնք այս համայնքին միջոցները տնօրինելով հանդերձ՝ չեն յաջողիր անոր խնդիրները լուծել։ Անոնք կը կառավարեն հաստատութիւններ, որոնք շեղած են իրենց բուն առաքելութեան ճանապարհէն, մանաւանդ՝ դպրոցներ, որոնք չեն ծառայեր իրենց լինելութեան նպատակին։ Անոնք կրնա՞ն մարսել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նման թերթ մը, որ իրենց եւ իրենց կառավարած կառոյցներու այլասերումը չ՚արդարացներ ու կը մերկացնէ լոկ իր գոյութեամբ։ Ո՛չ, անշուշտ ո՛չ, ուստի անոնք ահա գործադրութեան դրած են իրենց «յարիր» բեմագրութիւնը, որուն համար անգտանելի շղարշ մը դարձած է նաեւ համաճարակի դժուարութիւններու չքմեղանքը։

ԺԱՄԱՆԱԿ փորձած է դիմադրել այս բոլորին դէմ, անշուշտ, արժանապատիւ ձեւով ու առանց խանգարելու այս համայնքին անդորրը։ Բոլորին հետ բաց պահած է երկխօսութեան դուռը, բայց ապարդիւն։ Կարելի չէ եղած դրական տեղաշարժ մը ապահովել, որովհետեւ մարդիկ վաղուց դադրած են՝ սկզբունքի եւ արժէքի հասարակաց յայտարարին վրայ գործելէ։ Եւ այսպէս տագնապը խորանալով շարունակուած է քանի մը տարիէ ի վեր։ Ճակատագրին լքուած այս թերթը մեծ դիմադրութիւն եւ ճկունութիւն ցոյց տուած է՝ շատ սահմանափակ միջոցներով յառաջ երթալու, չնահանջելու առումով։ Այս դաժան պայմաններով իսկ թերթը պահած է իր ձգողականութիւնը՝ Պոլիսէն եւ աշխարհի ամէն կողմէն հեղինակներու՝ մանաւանդ երիտասարդներու պարագային, որոնք ի վիճակի են արեւմտահայերէնով արտադրելու։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կայունութիւնը չխաթարելու համար միջոցներ որոնուած ու մասամբ ալ գտնուած են, առանց խմբագրական անկախութիւնը դոյզն իսկ ստուերի տակ թողելու։ Յամենայնդէպս, վերջին քանի մը ամիսներուն օրհասական այնպիսի պայմաններ ստեղծուած են, որ յաջորդ օրուայ հարցը մետասաներորդ պահուն լուծելու վիճակը հունէ դուրս բերած է թերթի բնականոն գործունէութիւնը։ Հրատապութեան աստիճանը կաթուածահար ըրած է մեր աշխատանքը։ Այս ամբողջը եղած է առանց մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն զգալի դարձնելու, բայց այլեւս դանակը հասած է ոսկորին։ Առկայ վիճակով ո՛չ կարելի է այս որակով օրաթերթ մը պատրաստել, ո՛չ կարելի է համացանցի կամ ընկերային ցանցերու վրայ ներկայութիւն ունենալ, ո՛չ կարելի է անկախ լրատուամիջոց մը ըլլալ եւ ո՛չ ալ կարելի է այս կառոյցի կայունութիւնը երաշխաւորել։ Այլեւս անկարելի դարձած է՝ արտադրելով դիմադրելը։

Հիմնական ափսոսալի կէտը այն է, որ առաքելութիւնը չաւարտած եւ նոր ժամանակներու պայմաններով ապագայ մը կերտելու համար բաւարար ներուժով լրատուամիջոց մը այսքան խոցելի դարձած է թրքահայ իրականութեան մէջ։ Այնքան անպաշտպան դարձած է, որ եսակեդրոն ու եսապաշտ, կարճատես մարդիկ կը յաջողին խափանարարել անոր գործունէութիւնը՝ մսխելով անժամանակ եւ անժամանցելի արժէք մը։ Անոնք կը մերժեն այս հաստատութեան մեծ պաշարը։ Սա է դառն իրականութիւնը, որուն հետ հաշտուիլ թէեւ կարելի չէ, բայց անոր ակամայ ենթարկուելու վտանգը այսօր բաւական ուժով կը թակէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դուռը։ Ուրեմն, հիմա մեզի կը մնայ երկու գլխաւոր հաստատում ընել։

*

Առաջին՝ որքան որ ալ վերջին անգամ ըլլալու հաւանականութիւնը բարձր ըլլայ, մեր պարտքը պէտք է հատուցենք պատմութեան առջեւ։ Տարեդարձի օրուան յուզումով՝ երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը։ Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ամենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ՝ վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար։ Մեր սրտի տրոփին մէջ են՝ Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն։ Կ՚աղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան, Էպէօղլու, Սարաֆեան եւ Երէցեան գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար։ Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիկ պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչային սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին լոյսով, բազուկին ուժով, աչքին լոյսով անխնայօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար։ Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը՝ արդէն 114 տարիէ ի վեր։

*

Երկրորդը՝ մեր պատասխանատուութիւնն է յաչս մեր ընթերցողներուն, միշտ անկեղծութեան ու թափանցիկութեան ոգիով։ Թերթիս վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը՝ այլեւս այստեղ պաշտօնապէս յայտարարուած ձեւով կը գործեն տագնապը մինչեւ վերջին պահը կառավարելի ու վերահսկելի պահելու վճռակամութեամբ։ Մեր որոնումները կը կեդրոնանան թերթիս տեսանելի ապագան կայունացնելու նպատակին վրայ, որպէսզի ապա հերթը գայ աւելի հեռահար նախաձեռնութիւններու։ Մեր ընթերցողներուն եւ համակիրներուն կոչ կ՚ուղղենք, որպէսզի իրենց հնարաւորութիւններով մասնակցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար զօրակցութիւն ապահովելու ուղղեալ շարժման։ Շօշափելի նորութիւններու կամ կարեւոր իրադարձութիւններու պարագային անպայման անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները կը տրուին մեր կողմէ։ Կը սիրենք յուսալ, թէ այս մղձաւանջը կը վերջանայ եւ բախտը կը ժպտի մեր երեսին։

*

Սա ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վերջին խմբագրականը չէ՛ ու ամէն ձեւով, մինչեւ վերջ, առանց վհատելու պիտի պայքարինք, որպէսզի չըլլայ նաեւ նախավերջինը։

Աստուած մեզ պահապան…

*

JAMANAK GAZETESİ KURULUŞUNUN 114. YILINA UÇURUMUN EŞİĞİNDE GİRİYOR

JAMANAK Gazetesi bugün kuruluşunun 114. yaşına basıyor. Bu adeta gazetenin tarihindeki en hüzünlü yıl dönümü çünkü sonuncusu olabilir. Ağır buhranın koşulları, fırtınalı uzun bir dönem, Ermeni basınının atası addedilen bu gazeteyi uçurumun eşiğine getirmiş bulunuyor. Endişeliyiz, hem de çok.

Bir yıl önce tam bugün, yine 28 Ekim'de, bir önceki yıl dönümümüzün başyazısında JAMANAK'ın varlığının tehlikede olduğunu duyurmuştuk. Anımsayalım: Ya bu gazete yeniden doğacak ya da son bulacak. İşte bilmece... Böyle demiştik. Bu alıntıda işaret edilen bilmeceye, geçtiğimiz bir yıl boyunca çelişkiler eşlik etti. JAMANAK'ın karşı karşıya kaldığı tehdit, tüm dünyadaki okurlarımız ve sempatizanlarımız arasında infial yarattı. Herkes bu gazeteyle olan bağını tazeledi. Onun misyonunun önemi ve devamlılığının elzemliği zikredildi. Hatta bazıları maddi özveride bulunarak bu özgün yayına destek oldu. Bunların tümü bizim için çok değerliydi ve paha biçilemez bir sıcaklık ifade ediyordu. Bize çalışmak için yeni bir şevk verdi ve bizim üretme azmimizi kamçıladı. Ama diğer yandan da bu kurumun girdilerinin orantısız düşüşünün önüne geçmek mümkün olmadı. Bilmecenin bilinmeyenleri arttı ve bizi yoğun bir belirsizlik sarmaya başladı.

JAMANAK her ne kadar tüm Ermenilerin haberleşme düzlemi olsa da, öncelikli doğal mecrası Türkiye Ermenilerinin özgün ortamıdır. İstanbul Ermenilerinin ortak penceresi, toplu sesi ve aynasıdır. Bu durum onun misyonunun mantıki bir devamıdır. Geçen yılki açıklamamızdan sonra mantıksız ve anlaşılmaz tek şey, bu toplumun yöneticileri tarafından sergilenen kayıtsızlık ve sessizlik olmuştur. İlk bakışta mantıksız ve anlaşılmaz gözükse de, aslında burada şaşkınlık yaratacak bir durum söz konusu değil. Zira bu toplumsal bir yaranın sonucudur. Bu toplumun ruhani ya da sivil yöneticileriyle, kimliğini koruma hassasiteyi taşıyan sıradan ve onurlu bireyleri arasında oluşan uçurum bir kez daha gözler önüne serilmiştir.

Son yıllarda toplumumuz içerisinde JAMANAK'a karşı bir akın başlatıldı, yapay bir akım körüklendi. Bazı çevreler bu gazeteyi açıkça hedef aldı. Yakın geçmişte Türkiye Ermenilerinin karşı karşıya kaldığı uzun buhranı anımsatmaya gerek var mı? Bugün ancak kısmen aşılmış olan bu buhran bölünmelere ve kutuplaşmalara neden oldu. İnsanlar yaygın şekilde birbirine yabancılaştı ve birbirine düşmanlaştı. Yaftalamalar. suçlamalar ve iftiralar birbirini izledi. Her bir kutup diğerini dize getirmeye çalıştı. Her bir saf diğerini yok etmek istedi. Bu trajik koşullarda toplumsal çıkarlar esirgenmedi ve birliktelik zorunluluğu görmezden gelindi. JAMANAK bu uzun dönemde hiçbir safa ait olmadı, hep bağımsız kalmayı denedi, daima uyumun ve toplumsal sorumlulukların yolunu işaret etti. Her ne kadar herkese karşı eşit mesafede olmayı denediyse de, bütün kutuplar bu gazeteyi dışladı.

Dahası JAMANAK, buhranı aşmak için irade sergileyemeyen yöneticilerin gözüne çapak olmaya başladı. Bu gazetenin aynası işlevsizlik ve kısırlıklarını yansıtmaya başlayınca, onlar JAMANAK'ın varlığından rahatsız olmaya başladı. Bu gazeteden yükselen, zamanın eleğinden geçmiş ses bazıları için sinir bozucu olmaya başladı. Genel olarak bakıldığında, insanlar ortak mirastan uzaklaştıkça, dilden koptukça adeta Ermenice gazeteye düşman kesilmeye başlıyor. JAMANAK'ı satın alamayacaklarını görerek, bu noktadan itibaren aynı çevreler gazeteyi cezalandırmak için harekete geçmekten tereddüt etmedi. Girdilerin azalması için gazetemize verilen ilanlar sistematik bir şekilde kesildi. Gazetemize karşı çeşitli düzlemlerde karşı propaganda başlatılmasının yanı sıra, kurumumuz haksız ve eşitsiz rekabet koşullarına mahkum edildi. Türkiye'nin ve tüm Ermeni dünyasının aralıksız yayımlanan en eski günlük gazetesinin bu cemaatin içerisinde yaşaması ne yazık ki bir yük sayılmaya başlandı. Bu cemaatin ortak varlıklarını yönetenler, bağımsız ve tarafsız kalma ısrarı yüzünden kontrol altına alamadıkları bu gazeteyi gömmeye karar verdi. JAMANAK'a karşı bir hesaplaşma, tasfiye hareketi başladı. İşte vazgeçmediğimiz bağımsız kalma ilkemizin ağır bedeli!

Bu cemaatin kaynaklarını tasarruf etmelerine karşın sorunlarını çözemeyenler, misyonunun yönünden sapmış, özellikle de varlık nedenine hizmet etmeyen okullar yönetenler başkaca ne yapabilirdi? Onlar, kendi yönettikleri kurumların dejenerasyonunu aklamayan, varlığıyla dahi tüm bunları göz önüne seren JAMANAK gibi bir gazetenin varlığını hazmedebilir mi? Tabii ki hayır ve pandeminin yarattığı zorlukları da bulunmaz bir bahaneye dönüştürerek, kendilerine uygun senaryoyu uygulamaya koydular.

JAMANAK kuşkusuz tüm bunlara karşı, onurlu ve toplumsal huzuru bozmayacak şekilde direnmeye çalıştı. Herkesle diyalog kapısını açık tutmasına karşın bir sonuç alamadı. Değerlerin ve ilkelerin ortak paydasından insanların zaten uzaklaşmış olması ilerleme sağlanmasına engel oldu. Bu şekilde derinleşen buhran birkaç yıldan beri süregeliyor. Kaderine terk edilen bu gazete, çok sınırlı kaynaklarla ilerlemek, geri çekilmemek için büyük direnç ve esneklik sergiledi. Acımasız koşullar dahi gazetenin çekim gücünü azaltmaya yeterli olmadı. İstanbul'dan ve dünyanın her yanından Batı Ermenicesi ile üretimde bulunabilecek yazarlar, özellikle de gençler JAMANAK'ın sütunlarında kalem sallamaya devam etti. Editoryal bağımsızlığımızı zerre kadar gölgede bırakmamak kaydıyla, JAMANAK'ın istikrarını koruyabilmek için kaynak arayışına girişildi, kısmen de bulundu. Her halükarda, son ayların koşulları, bizi sadece bir gün sonrasının sorunlarını son anda çözebilme durumuna mahkum etti. Genel gidişat rutin mecrasının dışına çıktı. Krizin seviyesi çalışmamızı paralize etti. Tüm bunları okurlarımıza hissettirmeden göğüslemeye çalıştık ama artık bıçak kemiğe dayandı. Mevcut durumda bu kalitede bir gazete hazırlamak, sosyal medyada var olmak, bağımsız bir yayın kalmak ve de kurumun istikrarını güvence altında tutmak artık mümkün değil. Artık üreterek direnebilmemiz olanak dışı.

Misyonunu tamamlamamış, yeni zamanların koşullarında kendisine bir gelecek kurabilme potansiyeline sahip bir yayın organının Türkiye Ermeni toplumunun ortamında bu denli korumasız kalmış olması buradaki temel infial nedenidir. İleri görüşten yoksun, benmerkezci insanlar, zaman ötesi bir değeri harcayıp, onun faaliyetini sabote edebiliyor. Bu köklü kurumun büyük birikimi reddediliyor. Bugün bu acı gerçek tüm yalınlığıyla karşımızda duruyor. Barışmak mümkün olmazsa da, istem dışı olarak ona maruz kalmanın tehlikesi JAMANAK'ın kapısını şiddetli bir şekilde çalıyor.

Bu aşamada iki temel noktayı önemsediğimizin bilinmesini arzulamaktayız. Birincisi tarih önündeki vefa borçlarımıza her daim sadık kalmaya çalışacağız. İkincisi okurlarımıza karşı olan sorumluluklarımıza hep açık ve şeffaf bir şekilde bağlı kalacağız. Buradan artık resmen açıklandığı gibi, gazetemiz yönetimi bu buhranı denetlenebilir sınırlar içerisinde tutabilmek için son dakikaya kadar kararlılıkla çalışacaktır. Arayışlarımız, sonrasında daha uzun vadeli girişimlere yönelebilmek için, gazetemizin görünür geleceğini istikrara kavuşturma hedefine odaklanacaktır. Okurlarımıza ve tüm sempatizanlarımıza çağrımız, JAMANAK'a destek yaratmak için başlatılabilecek harekete olanakları doğrultusunda katkıda bulunmaktır. Somut yenilikler ya da önemli gelişmeler durumunda kurumumuz tarafından gerekli açıklamalar yapılacaktır. Umarız bu kabus biter ve şans yeniden yüzümüze güler.

Bu JAMANAK'ın son başyazısı değil ve sondan bir önceki olmaması için de her şekilde, sonuna kadar, yılmadan mücadele edeceğiz.

Tanrı bizi korusun...

JAMANAK

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021