Խաղաղութեան ձգտումը փակ շրջա՞ն…
Համայն մարդկութիւնը այսօր կը դիմաւորէ նոր տարի մը։ Ամբողջ աշխարհի մէջ կը տիրէ նոր փուլ մը թեւակոխելու տրամադրութիւնը։ Երկրագունդի վրայ յարատեւ կը փոխուի ամէն ինչ, անփոփոխ միակ բանը խաղաղութեան պակասն է։
Փորձագիտական նորութիւնները տարբեր բովանդակութիւն ու ձեւ կու տան մարդկային կեանքին։ Անջրպետը այլեւս նուազ անծանօթ է մարդ արարածին։ Հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է՝ դէպի այլ մոլորակներ ճամբորդելու հեռանկարը։ Նոյնիսկ այլ մոլորակներու վրայ կեանք յարատեւելու վարկածներու մասին խօսակցութիւններ կը կատարուին։ Բազմադարեայ փորձառութիւնը կու գայ ապացուցանել, որ մարդ արարածը կրնայ կերպարանափոխել իր կեանքը՝ հիմնուելով իր մտքի արգասիքներուն, ստեղծագործական ներուժին վրայ։ Միշտ այսպիսի փիլիսոփայութեան մը պտուղները եղած են՝ մարդկութեան հաւաքական ձեռքբերումները։ Մարդ արարածը ի զօրու է ամէն տեսակ աղէտի կամ պատահարի հետեւանք յաղթահարել ու նոյնիսկ զանոնք ոստումի առիթի մը վերածել՝ զօրակցութեան ոգիով, համերաշխութեամբ, փոխադարձ բարի կամեցողութեամբ, համակեցութեամբ եւ իրերօգնութեամբ։
Այս ճշմարտութիւնն ալ բաւարար չ՚ըլլար, ափսոս, աշխարհի վրայ խաղաղութեան պակասը կանխելու, հաւասարակշռելու համար։ Մեղք, որ ներկայ տարեմուտին եւս մարդկութեան օրակարգին վրայ են պատերազմներ, ցեղասպանութիւններ, ահաբեկչութիւններ, այլատեացութեան դրսեւորումներ, մոլեռանդութիւններու ծանր արդիւնքներ, հիւլէական զէնքերու սպառնալիքներ եւ մասամբ նորին։ Մէկ կողմէ կան այս բոլորը, իսկ միւս կողմէ կայ խաղաղութեան փափաքը։ Գաղափարը որքան որ ալ վեհ ըլլայ՝ խաղաղութեան փափաքը կարծես հասած ըլլայ ինքնանպատակ դառնալու եզրին։
Մաղթենք, որ 2018 թուականին խաղաղութեան ձգտումը դուրս գայ առկայ փակ շրջանէն։