Պատմութիւն, կրկնութիւն, խաղաղութիւն եւ 2016 թուականը…

Ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը կա­տա­րեալ կը ցո­լաց­նէ կեան­քի ա­ռար­կա­յա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը. դի­պուկ, պարզ ու խոր­քա­յին։ Ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու մար­զին մէջ, մա­նա­ւանդ, գիտ­նա­կան­նե­րու տե­սու­թիւն­նե­րը որ­քան որ ալ ա­մուր բա­նա­ձեւուած ըլ­լան, պատ­ճա­ռա­հե­տե­ւան­քա­յին կա­պե­րը որ­քան որ ալ բիւ­րե­ղա­ցած ըլ­լան՝ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը կու գայ զա­նոնք լրաց­նել իր փոր­ձա­քա­րով։ Սա չա­փա­նիշ է, միան­շա­նակ...

Յա­ճախ կ­­՚ը­սուի, որ մարդ ա­րա­րա­ծը իր ու­նե­ցա­ծին ար­ժէ­քը կրնայ լա­ւա­գոյնս գնա­հա­տել՝ միայն զայն կորսնց­նե­լէ վերջ։ Իս­կա­պէս ալ կեան­քի ճշմար­տու­թիւ­նը յա­ճախ կ­­՚ար­դա­րաց­նէ այս խօս­քը։ Ա­ռա­ւել չա­փով ա­ռող­ջու­թեան պա­րա­գա­յին կ­­՚օգ­տա­գոր­ծուի, կար­ծես, այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, սա­կայն ե­րե­ւոյ­թը այդ­քան ալ տար­բեր չէ խա­ղա­ղու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Խա­ղա­ղու­թեան մաղ­թան­քը լո­զուն­գի մը նման կը կրկնուի տե­ւա­բար։ Հա­պա ձգտու­մը...

Աշ­խարհ այ­սօր կը դի­մա­ւո­րէ նոր տա­րի մը եւս։ Մարդ­կու­թիւ­նը կը թե­ւա­կո­խէ նոր հան-գրուան մը։ Մո­լո­րա­կը ան­ժա­մա­նակ իր եր­թին շրջագ­ծով հեր­թա­կան ան­գամ կը թար­մաց­նէ օ­րա­ցոյ­ցը։ Եւ ու­րեմն 2016...

Հա­մայն աշ­խարհ 2015 թուա­կա­նին նշեց Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի վեր­ջա­ւո­րու­թեան 70-րդ տա­րե­դար­ձը։ Մարդ­կու­թեան այժ­մու կեան­քը, հա­մաշ­խար­հա­յին ներ­կայ կար­գը բնո­րո­շե­լու ա­ռըն­թեր, այդ ա­հա­ւոր պա­տե­րազ­մը պայ­մա­նա­ւո­րած է նաեւ ա­նոր ար­դի հա­ւա­քա­կան միտ­քը, ար­ժե­հա­մա­կար­գը։ Ան­ցեալ տա­րի եր­կար խօ­սուե­ցաւ Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն քա­ղուե­լիք դա­սե­րուն շուրջ։ ՄԱԿ-ի ամ­պիո­նէն աշ­խար­հի ղե­կա­վար­նե­րը հան­դէս ե­կան լորց­նա­շուր­թն ճա­ռե­րով։ Երկ­րա­գուն­դի խո­շո­րա­գոյն քա­ղաք­նե­րուն մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցան շքեղ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Եւ այդ բո­լո­րէն վերջ, ին՞չ է մարդ­կու­թեան մե­ծա­գոյն մաղ­թանքն ու սպա­սու­մը 2016-ի տա­րե­մու­տին։ Խա­ղա­ղու­թի՜ւն։ Ան­փո­փոխ մաղ­թան­քը, ո­րու շա­րու­նա­կա­կան կրկնու­թիւ­նը կար­ծես սկսած է սպառ­նալ ի­մաս­տազր­կու­թեան վտանգ։

Բ. Աշ­խար­հա­մար­տէն ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, մարդ­կու­թիւ­նը այս­քան մտա­հոգ կը դի­մա­ւո­րէ նոր տա­րի մը։ Ճիշդ է, որ Պաղ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն լա­րուա­ծու­թիւ­նը նուազ չէր, սա­կայն ու­ժա­յին յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն­ներն ու ճամ­բար­նե­րը, դիր­քերն ու խա­ղի կա­նոն­նե­րը գո­նէ ա­ւե­լի յստակ էին։ Այ­սօր աշ­խար­հի վրայ առ­կայ է ան­նա­խըն­թաց բե­ւե­ռա­ցում մը։ Դիր­քե­րը յստակ չեն, իսկ ճամ­բար­նե­րը դար­ձած են լպրծուն, շա­հե­րու պղտոր յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւ­նով հան­դերձ։ Ա­նո­րո­շու­թիւնն ու ան­կան­խա­տե­սե­լիու­թիւ­նը կը բազ­մա­պատ­կեն բո­լոր սպառ­նա­լիք­նե­րը։ Ա­ւե­լի՛ն, շա­հե­րը կը թաք­ցուին մար­դոց նուի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու ե­տին, կը խօ­սուի քա­ղա­քակր­թուիւն­նե­րու պա­տե­րազ­մի մը մա­սին։ Այ­սինքն ե­թէ ցայ­սօր թշնա­մու­թիւն­նե­րուն պատ­ճառն էր մար­դուն ու­նե­ցա­ծը կամ չու­նե­ցա­ծը, ա­պա այ­սօր հա­սած ենք կէ­տի մը, ուր ա­տե­լու­թեան, ոչն­չաց­ման պատ­ճառ կը դառ­նայ մար­դուն ի՛նչ ըլ­լա­լը։

Որ­քան որ ալ ման­րա­մաս­նենք այս տա­րե­մու­տի ֆո­նի հա­մայ­նա­պատ­կե­րը՝ ակն­յայտ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը նոյնն է։ Խա­ղա­ղու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է ա­ւե­լի քան եր­բեք։

Պատ­մու­թիւ­նը լի է դա­սե­րով, իսկ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տին դառն փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ապ­րած սե­րունդ­նե­րէն մար­դիկ տա­կա­ւին կեն­դա­նի են՝ ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րով։ Խա­ղա­ղու­թեան ար­ժէ­քը պէտք է վե­րըմբռ­նել հեր­թա­կան ան­գամ զայն կորսնց­նե­լո՞վ։ Ա­րի՞ւն պէտք է, զո­հե՞ր, թէ ար­տա­սուք։ Ե­թէ ա­մէն ին­չի ար­ժէ­քին գի­տակ­ցե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ա­մէն ան­գամ զայն կորսնց­նել ու վե­րագտ­նել հա­զար ող­բեր­գու­թեամբ, ա­պա ի՛նչ պէտք է հաս-կ­ընալ այն խօս­քէն, թէ պատ­մու­թիւ­նը կրկնու­թիւն է։ Ինք­նաքն­նա­դա­տու­թի՞ւն, թէ անմտու­թիւն։

Շնորհաւոր Ամանոր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015