Շնորհաւոր նոր տարի
Աշխարհի վրայ ամէն ինչ կը կազմէ ամբողջ մը՝ յարակից մասերով կամ ենթաբաժիններով, անշուշտ, իւրաքանչիւրի նշանակութիւնով ու կարեւորութիւնով հանդերձ։ Բոլոր իրեղէնները կը հանդիսանան ամբողջ մը՝ զանազան կտորներով, ածանցեալ մասերով։ Նոյնպէս, ստեղծագործութիւնները՝ ինչ-ինչ գլուխներով, երանգներով։ Բոլոր կենդանի արարածները, նոյնպէս, կը մարմնաւորեն ամբողջ մը՝ անդամներով, գործարաններով ու բջիջներով։ Անշուշտ, օրինակ, ուղեղը կամ եղունգը չունին նոյն նշանակութիւնը, անհրաժեշտ ըլլալով հանդերձ։ Հաստատութիւններն ալ ունին կառուցուածք մը, որու ամբողջին մէջ կ՚ըլլան շարք մը բաժանմունքներ։
Եթէ նիւթը դիտարկենք ժամանակի եւ տարածութեան տեսանկիւնէն, ապա ամբողջ մը կը կազմեն նաեւ մարդկային կեանքն ու մարդկութեան պատմութիւնը։ Րոպէներ, վայրկեաններ, ժամեր, օրեր, շաբաթներ, ամիսներ, տարիներ, տասնամեակներ, դարեր, հազարամեակներ... Սա արդէն տարբեր ամբողջ մըն է, բաւականին բարդ։ Սա մեծ ամբողջ մըն է, անծայրածիր եւ անհուն։ Ընկալումի եւ սահմանումի առումով իսկապէս դժուար... Ժամանակի հոլովոյթը այդ ամբողջին մէջ գլուխներ կը փակէ ու կը բանայ, նոր բաժիններու ծնունդ կու տայ, զանազան մասեր իրարու կ՚ածանցէ։ Տուեալ շրջանի մը կենսականը միջոց մը վերջ կը դարձնէ անկարեւոր։ Պահու մը անհրաժեշտը յաջորդ քայլափոխին կ՚իմաստազրկէ բոլորովին։ Ինչպէս մարդկային կեանքի, այնպէս ալ մարդկութեան պատմութեան ամբողջին մէջ կարծես բնական, բնականոն են այդ ելեւէջները։ Վերիվայրումները այս պարագային ամբողջին բնորոշ են։
Մարդու մը կեանքը եւ մարդկութեան պատմութիւնը կը խաչաձեւուին հետաքրքրական նմանութեան մը կէտին վրայ։ Երկուքի ամբողջին ալ մաս կը կազմեն րոպէներ, վայրկեաններ, ժամեր, օրեր, շաբաթներ, ամիսներ, տարիներ ու տասնամեակներ։ Տարբերութիւնը այն է, որ մին ժամանակաւոր է, ունի վերջ մը, իսկ միւսը՝ անվերջ է... Մարդկութեան պատմութիւնը, ձեւով մը, հանրագումարն է անհատներու կեանքին, նաեւ հաւաքականութիւններու գոյատեւած եւ արարած ժամանակահատուածներուն։ Այդ հանրագումարը, այդ համադրութիւնը ծնունդ կու տան պատմութեան մեծ ամբողջին։ Պատմութիւնը որքան որ ալ ըլլայ անվերջ ու անծայրածիր, մարդ արարածը՝ իրեն տրուած ժամանակաւոր կեանքով մաս կը կազմէ այդ մեծ ամբողջին, իրեն բաժին հասած չափով կ՚ունենայ վկայութիւն մը ու տակաւին դերակատարութիւն մը այդ ամբողջին մէջ։
Յաւերժական ճանապարհորդութեան մը պատկերաւոր կանգառները կը հանդիսանան տարիները։ Սա միակողմանի գնացք մըն է, ուղղուած միայն դէպի ապագայ։ Իւրաքանչիւր ուղեւոր ունի իրեն սահմանուած տեղ մը եւ ժամանակ մը, սակայն նոյնիսկ ինքը չի գիտեր, թէ որքա՛ն է իրեն սահմանուած ժամանակը եւ ի՛նչ տեղափոխութիւններ նախատեսուած են իրեն համար։ Սա մէկ կողմէ անհանգստացուցիչ անորոշութիւն մըն է, իսկ միւս կողմէ կը պարփակէ խորհրդաւոր հրապոյր մը։ Հակասութիւններն ալ ամբողջ մը կը կազմեն կարծես։ Գնացքի միակողմանի սլացքին ժամանակ, որոշ կայարաններու վրայ կարգ մը ուղեւորներ կը հեռանան, կարգ մը ուղեւորներ ալ նոր կը մասնակցին ճանապարհորդութեան։ Այսպէս է խաղի անփոփոխ կանոնը՝ ուզես կամ ոչ։
Մարդկութեան պատմութեան մէջ այսօր կը բացուի նոր էջ մը։ Աշխարհ կը դիմաւորէ 2020 թուականը։ Սա նաեւ նոր գլուխ մը կը բնորոշէ միլիառաւոր մարդոց կեանքին մէջ։ Բոլորը հերթական անգամ կը թերթեն ներկայ տարուան օրացոյցի վերջին էջը ու կ՚ողջունեն նոր տարին՝ 2020 թուականը։
Որքան որ դժուար է մարդկութեան պատմութեան համար ընդհանուր վերլուծում մը ընել, այնքան եւ աւելի դժուար է գնահատական մը տալ տուեալ ժամանակաշրջանին համար։ Գնացքը կը մօտենայ կայարան մը, ուր կը ցոլանայ բաւական մտահոգիչ եւ տխուր պատկեր մը։ Արդարեւ, աշխարհ հետզհետէ կը դառնայ աւելի նուազ անվտանգ։ Ընկերային անարդարութիւններով եւ անհանդուրժողութիւններով ողողուած կեանքը կը զուգորդեն ահաբեկչութիւնները, պատերազմները եւ արիւնահեղումները։ Միլիոնաւորներ կը դառնան գաղթական. կուլ կը տրուին ծովերու ալիքներուն կողմէ։ Կլիմայի փոփոխութիւնը կը սպառնայ այս երկրագունդը անապատի վերածել։ Յայտնի չէ, որ այսօր ծնածները վաղը միւս օր ինչպէ՛ս պիտի սնուին ու մանաւանդ՝ խմելու ջուր պիտի ունենա՞ն, կամ ոչ։ Իրենց ամուլ եւ միակողմանի մտածելակերպով այս աշխարհի դրախտը կործանած պետութիւնները հիմա արդէն պայքար կը մղեն՝ անջրպետի մէջ տիրելու, ազդեցութիւն ձեռք բերելու համար։ Անշուշտ, շատ լաւ բաներ ալ կ՚անցնին կը դառնան աշխարհի վրայ։ Ո՛վ կրնայ անտեսել փորձագիտական նորութիւններով բացուած նոր հորիզոնները եւ անոնց խոստացած անհամեմատելիօրէն նոր որակը՝ մարդկային կեանքին համար։ Թէեւ բոլորը կ՚ընդունին եւ կը գնահատեն անոնց նշանակութիւնը, սակայն հոգեբանական գոհացումի մակարդակը համահունչ ըլլալէ հեռու է ակնյայտօրէն։ Մարդոց ապահովութեան զգացումը տկարացած է ապագայի նկատմամբ։ Այլ խօսքով՝ գնացքի ուղեւորները կասկածամտութեամբ կը դիտարկեն հորիզոնը։ Մռայլ է իրենց աչքին առջեւ պարզուած տեսարանը։
Մաղթենք, թէ 2020-ի այգաբացին այդ համայնապատկերին վրայ ծագի սիրոյ եւ յոյսի արեւը, որու ճառագայթները կրնան լաւատեսութեան շողեր արձակել մարդկութեան գնացքին վրայ։ Միայն այդպէս կարելի է հասնիլ ինքնանորոգման, որ պիտի իմաստաւորէ նորը, նորութիւնը եւ նորարարութիւնը։ Վստահինք այդ սիրոյն ու կառչինք այդ յոյսին։
Շնորհաւոր Ամանոր։