ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՏԱՐԲԵ՛Ր ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔ

Եթէ երիտասարդը գիտնար, եթէ տարեցը կարողանար…

Ֆրանսական այս նշանաւոր ժողովրդական խօսքը կը ցոլացնէ ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը, որ կ՚առաջնորդէ կեանքի խորաթափանց ընկալման։ Հաշուեյարդարի, արժեւորման ուրոյն մտածելակերպի մը պտուղն է այս մօտեցումը։ Հակառակ առերեւոյթ ստեղծուած տպաւորութեան, այնտեղ թերագնահատուած չէ երիտասարդութեան դերը եւ, ընդհակառակն, որոշ առումով ալ գերագնահատուած են անոր կարողութիւնները՝ ընդգծեալ վստահութեամբ։

Ամանորը, ընդհանրացած բանաձեւումով, եթէ հաշուեյարդարի պահ է, ապա այդ հաշուարկէն դուրս չի կրնար մնալ երիտասարդութիւնը։ Իսկ մարդկութիւնը ի՞նչ կրնայ ընել՝ խրախուսելու համար երիտասարդութեան կարողութիւնները եւ բիւրեղացնելու համար անոր նկատմամբ, ապագային անոր կերտելիք աշխարհին նկատմամբ վստահութիւնը։

Ըստ էութեան, կայ երկու բան, որու բուն արժէքը հասկնալի կը դառնայ կորսնցնելէ վերջ՝ առողջութիւնն ու խաղաղութիւնը. երկուքն ալ անվերադարձ ու անշրջանցելի հետեւանքներ կ՚ունենան։ Անոնք նախապայման են՝ ամէն տեսակ կարողութիւն եւ ընդունակութիւն արդիւնաւորելու համար։ Եթէ մարդ արարածը ստեղծուած է բնատուր տկարութիւններով, ապա առողջութիւնն ու խաղաղութիւնը զանոնք կառավարելի սահմաններու մէջ պահելու բանալիները կը մատուցեն, որպէսզի հնարաւորինս դիմադրես կիրքերուդ եւ ամուր պահես կամքդ, փորձութիւնները յաղթահարես, հաւատարիմ մնաս՝ նոյնպէս նախախնամութեան շնորհած մարդկային առաքինութիւններուդ։

Եթէ մարդը միտք ու խիղճ է, ապա արդարութեան ճանապարհը հարթելով կ՚ընթանայ դէպի խաղաղութիւն եւ առողջութիւն, այլապէս կը պարտուի բնազդէն ու կը հեռանայ մարդկութենէ։ Միթէ պարտութիւնը յարի՞ր է մարդուն։

2022-ի տարեմուտին մաղթենք, որ մերօրեայ երիտասարդները չպարտաւորուին առողջութեան ու խաղաղութեան արժէքին անդրադառնալ՝ ապագային կորսնցնելէ վերջ միայն։ Այդպէսով թէ՛ կրնան գիտնալ եւ թէ կարողանալ։ Այդպէսով կրնան կերտել աշխարհ մը, ուր նոր տարուան բարեմաղթանքը կրնայ շատ աւելի տարբեր ըլլալ իսկապէս։

Ուրեմն, շնորհաւոր ամանոր…

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021