ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ…
Եկաւ-հասաւ 2023-ը…
Մարդկային քաղաքակրթութիւնը, խորքին մէջ, մարդկութեան հասարակաց յայտարարն է։ Համամարդկային արժեհամակարգը կը բիւրեղանայ այդ կէտէն սկսեալ։ Իսկ այսօր կ՚ըսուի, որ աշխարհի վրայ առկայ է քաղաքակրթութիւններու պատերազմ։ Չէ՞ որ, անհասկնալի կամ աներեւակայելի լեցուն բան կայ մեր կեանքին մէջ։
Պատմութեան վաղ ժամանակներէն ի վեր տօները եղած են կարեւոր գործօններ, որոնք պայմանաւորած են այդ քաղաքակրթութիւն ըսուածի ձեւաւորումը։ Զանազան հաւաքականութիւններ, զանազան առիթներով ուրոյն ձեւով կազմակերպած են տօնախմբութիւններ, որոնք շերտ առ շերտ եկած են կերտել հասկացութիւն մը։ Տօն…
Արտասովորի եւ բացառիկի տիրոյթին մէջ է տօնը՝ որքան որ ալ ժամանակներու հոլովոյթին մէջ անոր շարունակականութեան ներուժը ընկալուի որպէս կրկնութիւն։ Ընթացիկէն դուրս, առօրեայ միապաղաղութենէն զերծ կ՚ընկալուի տօնական օրը։ Եւ Ամանորը մեծ տօն է բոլոր քաղաքակրթութիւններուն մէջ. այն քաղաքակրթութիւններուն, որոնք ըստ ըսուածին՝ այսօր կը պատերազմին իրարու դէմ։
Մարդը թէ՛ տրամաբանութիւն է եւ թէ զգացում, հաւասարապէս։ Անոնց հաւասարակշռութեան մէջ է նաեւ մարդուն հոգեբանութիւնը։ Տօնական տրամադրութիւն ըսուածը կրնա՞յ ըլլալ այլ բան մը՝ եթէ ոչ երջանկութեան որոնումը։ Ի՜նչ, միթէ չփնտռե՞լ երջանկութիւնը… «Շարունակ մի՛ փնտռեր՝ առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կը փնտռես. ոչինչ կրնաս գտնել», կ՚ըսէ Կէօթէ։
Բարի եւ շնորհաւոր Նոր տարի…