www.jamanak.com
Այսու կու գանք գոհունակութեամբ տեղեկացնել, որ հայ օրաթերթերու նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ այսօրուան դրութեամբ պաշտօնապէս հաստատած է իր համացանցային կայքէջը։ www.jamanak.com հասցէով մեր օրաթերթը արդէն սկսած է համացանցային աշխարհէ ներս ճանապարհորդութեան՝ իր գոյութեան երկրորդ հարիւրամեակին մէջ։ Այս նոր ոդիսականին մեկնարկը, բնականաբար, կու գայ բնորոշել ճամբաբաժան մը՝ արդի դարուն մէջ նաւարկութեան անհրաժեշտ նախադրեալներու պրիսմակէն։
ԺԱՄԱՆԱԿ ահա՛ կ՚ունենայ online տարբերակը, վերջապէս կը յայտնուի ցանցի վրայ, ինչ որ մերօրեայ ժամանակներուն մէջ կ՚ամրապնդէ իր դիրքը, կը վերահաստատէ իր յամառ երթը։ Թերթիս խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը թէեւ բարձր տրամադրութեամբ կը յայտարարեն մեր կայքէջին բացումը, սակայն միւս կողմէ ալ այդ ուրախութեան կը զուգորդուի «լաւ է ուշ, քան երբեք» մը, անխուսափելիօրէն։ Արդարեւ, սա յապաղած, իսկապէս չափազանց յապաղած նախաձեռնութիւն մը եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին համար։ Թեքնիկ սահմանափակումներէ սկսեալ, մինչեւ անհաւանական թուացեալ ձախորդութիւններ՝ շարք մը գործօններ պատճառ դարձան այս յապաղման։ Սա է հիմնական պատճառը այդ «լաւ է ուշ, քան երբեք»ին, որովհետեւ ի վերջոյ կարելի եղած է յաղթահարել խոչընդոտները եւ ունենալ գոնէ սկզբնական արդիւնք մը։
Այո՛, կանխաւ ըսենք, որ սա սկզբնական արդիւնք մըն է։ Որքան որ ողջունելի, այնքան եւ համեստ արդիւնք մը։ Կատարելութեան յաւակնութիւնով մը չէ բացուած ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կայքէջը։ Կը գիտակցինք, որ այս մեկնարկը անխուսափելիօրէն կ՚ենթադրէ կատարելագործման հանգրուաններ. գործընթաց մը, որ պիտի շարունակուի մշտապէս, համբերատարութեամբ, վստահաբար նաեւ ելեւէջներով։ Հետեւաբար, այսօրուան մեկնարկը, միեւնոյն ժամանակ, կը նշանակէ, որ գոյացած է նուազագոյն համարձակութիւնը՝ այս գործի շարունակութեան ձեռնամուխ ըլլալու համար։ Մաղթենք, որ այդ համարձակութեան զգացումը, այդ ինքնավստահութիւնը միշտ արդարանան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ համացանցի վրայ եւս դառնայ ինքնուրոյն պատուհան մը, ըսէ իր խօսքը՝ ինքնանորոգ եռանդով, վերանորոգ յանձնառութեամբ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կայքէջը ունի բաւական մատչելի կառուցուածք մը։ Ան ձեւաւորուած է հնարաւորինս պարզ։ Անոնք, որոնք կ՚այցելեն կայքը, նախ կը տեսնեն թերթիս այլեւս դասականացած լոկոն, որուն կողքին կը յայտնուի հայոց տառերով աւանդական արեւու ժամացոյց մը։ Այս խորհրդանշանը որպէս ֆոն կը ծառայէ օրուան թուականին համար, որ կ՚արձանագրուի անոր վրայ։ Անմիջապէս կը յաջորդեն տարրական բաժինները, որոնք ըստ էութեան, կ՚ունենան մշտական բովանդակութիւն։ Այս շրջագծով տեղեկութիւններ կը մատուցուին՝ թերթիս խմբագրակազմին, կապի միջոցներուն, նաեւ պատմութեան եւ առաքելութեան հիմնական առանցքներուն կապակցութեամբ։ Մասնաւոր վերաբերմունք ցոյց տրուած է արխիւի բաժնին նկատմամբ։ Կայքէջի արխիւը, պարզ է, որ ժամանակի ընթացքին պիտի զարգանայ ինքնաբերաբար։ Ասոր առընթեր արխիւի պատուհանը ունի ենթաբաժին մը, ուր pdf ձեւաչափով հասանելի պիտի ըլլան ԺԱՄԱՆԱԿ-ները։ Այժմու հաշուարկներով, վերջին շուրջ տասը տարուան ԺԱՄԱՆԱԿ-ները աստիճանաբար պիտի զետեղուին ցանցին վրայ։ Անշուշտ, այս բաժնին լրամշակումը կը կարօտի որոշ ժամանակի մը։ Մեր աշխատանքները թափով յառաջ կը տարուին՝ այդ ժամկէտը տրամաբանական սահմաններու մէջ պահպանելու նպատակով։
Նոյն ծիրէն ներս, մեր կայքէջին վրայ հասանելի է նաեւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որ արտադրուած էր մօտաւոր անցեալին՝ թերթիս դարադարձի յոբելենական շրջանին։ Հարկ է նշել, որ ֆիլմը կայքէջի վրայ է իր բոլոր լեզուական տարբերակներով՝ հայերէն (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն), թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն։
Գալով կայքէջի փոփոխական բաժիններուն, ուր պիտի ցոլանայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի օրական բովանդակութեան հիմնական մասը։ Թերթիս մատուցած գլխաւոր տեղեկութիւնները տեսնել կարելի է՝ «լրահոս» անուանեալ բաժնին մէջ։ Անջատ գլուխներու ձեւով, մասնաւոր անուանակարգերու ձեւաչափով կը ներկայացուին՝ թրքահայ կեանքը, եկեղեցական կեանքը, ընկերամշակութային նորութիւններն ու հոգեմտաւոր նիւթերը։ Կայքէջին վրայ յատուկ բաժիններ վերապահուած են նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրականներուն եւ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի «Օրակարգի նիւթերը» սիւնակին համար։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը վաղուց գերադասած է իր առաքելութիւնը՝ որպէս լրատուամիջոց։ Համոզուած ենք, որ հաղորդակցութեան ներկայ դարուն կայքէջը մեզի յաւելեալ հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ՝ մեր գործունէութեան այս երեսակը յառաջ մղելու իմաստով։ Բաց աստի, մեր կայքէջը կրնայ նոր հորիզոններ բանալ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի լինելութեամբ պայմանաւորուած՝ անոր գործունէութեան յարակից չափումներուն առջեւ։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի առաջին հերթին լեզուական հարցին։ Արդարեւ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կայքէջը համացանցի վրայ նո՛ր պատուհան մըն է՝ արեւմտահայերէնով հաղորդակցութեան համար։ Մեսրոպեան բանակի վաղեմի հաւատարիմներէն, ուխտեալներէն մէկուն կողմէ՝ թարմ շունչով հաստատուած կռուան մը, երբ այժմ արեւմտահայերէնը կը գտնուի հոգեվարքի կացութեան մէջ։ Այս թերթը միշտ դաւանած է այն սկզբունքին, թէ լաւագոյն դիմադրութիւնն է արտադրութիւնը։ Հետեւաբար, ան, հիմա, նոր ասպարէզի մը մէջ եւս պիտի մարմնաւորէ դիմադրութեան եւ աշխատանքի կերպար մը՝ միշտ առաջնորդուելով կարգապահ ու կայուն արտադրութեան տեսլականով։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի կայքէջի հաստատման ծրագիրը կեանքի կոչել կարելի եղած է՝ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժնին աջակցութեամբ։ Ի նշանաւորումն այս անփոխարինելի զօրակցութեան՝ կայքէջի մուտքին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի լոկոյին առընթեր զետեղուած է նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին զինանշանը։ Այս առթիւ, պարտք կը զգանք մեր խորին երախտագիտութիւնը յայտնել հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժնին, բարեյիշատակ ու անմոռանալի ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի արժանաւոր շառաւիղին՝ Տիար Մարթին Եսայեանի անձին մէջ։ Նոյն շրջագծով կ՚ուզենք մեր անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնել՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանին, որու ներդրումը կենսական, ճակատագրական արժէք կը ներկայացնէ այս կայքէջի հաստատման ուղղութեամբ։ Իր անձին մէջ մենք ողջունեցինք իսկապէս հեռատես սփիւռքեան գործիչ մը, որ լաւ կ՚ըմբռնէ հայութեան առկայ հրատապ առաջնահերթութիւնները եւ անոր այժմու մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ճանապարհին խորաթափանց կը պատկերացնէ հայ մամլոյ գործունէութեան երաշխաւորման նշանակութիւնը։
Կայքէջի թեքնիկ պատրաստութիւններուն, ենթագետնի ստեղծման առումով ալ շնորհապարտ ենք թերթիս համակիր երեք հեղինակաւոր անուններու, որոնք իրենց մասնագիտական պաշարն ու ստեղծագործական տաղանդը չզլացան ԺԱՄԱՆԱԿ-էն՝ ի սպաս դնելով իրենց մտային կարողութիւնները, անսակարկօրէն։ Այդ անուններն են՝ հայր ու որդի Յովհաննէս եւ Արտաշէս Կիզողեանները (Երեւան) եւ մեր համայնքէն Գարէն Պիւյիւքաշըքօղլու, որոնց նուիրումը վեր է ամէն գնահատանքէ։
Եւ այսպէս, տեսնենք ինչ արդիւնքներ կ՚ունենանք յառաջիկային։ Ուրեմն, բարի գալուստ www.jamanak.com։